ԵՐԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ՏԱՐՕՆ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ԵՐԴՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Երեւանի նորընտիր քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան երէկ քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած երդման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին երդուեց պահպանել Հայաստանի սահմանադրութիւնն ու օրէնքները եւ աշխատիլ ի նպաստ երեւանցիներու բարօրութեան:
«Տարօ՛ն, դուն մեզ եւ բոլոր համաքաղաքացիներդ յուսախաբ ընելու իրաւունք չունիս», Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այս կոչով դիմեց Տարօն Մարգարեանին` անոր երդման արարողութեան ժամանակ:
Մինչեւ Տարօն Մարգարեանը շնորհաւորելը, նախագահ Սերժ Սարգսեան յիշեց նախորդ քաղաքապետ Կարէն Կարապետեանը` շնորհակալութիւն յայտնելով անոր պաշտօնավարման կարճ ժամանակաշրջանին ընթացքին կատարած աշխատանքին համար:
Անդրադառնալով նորընտիր քաղաքապետին` նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Տարօն Մարգարեան նոր մարդ մը չէ տեղական ինքնակառավարման մարզին մէջ: Ըստ նախագահին, Մարգարեան ինքզինք դրսեւորած էր իբրեւ համայնքի հմուտ եւ հոգատար ղեկավար, որ գործով վաստկեցաւ բնակչութեան յարգանքը եւ սէրը:
Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ այսօրուընէ սկսեալ Տարօն Մարգարեան լրջագոյն պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ քաղաքին եւ Մարգարեան մականունին նկատմամբ` ընդգծելով, որ բոլորը կանգնած են անոր կողքին եւ պատրաստ են մշտապէս աջակցելու:
Ըստ նախագահին, իւրաքանչիւր մարդ, իւրաքանչիւր պետական պաշտօնեայ ինք պէտք է կրէ իր ճակատագիրը, ինք պէտք է լաւ աշխատի: Նախագահը աւելցուց, որ անհրաժեշտ է ձեւաւորել համախոհներու մեծ խումբ մը եւ շարունակել լուծել Երեւանի առջեւ դրուած բոլոր ժամանակներու համար ամէնէն կարեւոր խնդիրը` թեթեւցնել երեւանցիներուն հոգերը եւ Երեւանը դարձնել աւելի յարմարաւէտ երեւանցիներուն եւ հայերու հնագոյն մայրաքաղաքի հիւրերուն համար:
Նախագահը նաեւ շեշտեց, որ միասնութիւն պէտք է կառուցել արժեհամակարգի, արժէքներու եւ օրէնքներու շուրջ: «Այս արժեհամակարգին պատկանող իւրաքանչիւր անհատ մեր համախոհն է, մեր բնական դաշնակիցը», ըսաւ Հայաստանի նախագահը:

