7-21 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ, 2011. ԹԱՐՄ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

ՆՈՐԱՎԱՆՔԻ ՀՆԱԳՈՅՆ ՔԱՐԱՅՐԻՆ ՄԷՋ

Վերջին շրջանին, Ղարաբաղի` Տիգրանակերտի բացայայտումէն ետք, Նորավանքի մօտիկ քարայրին մէջ գտնուած աշխարհի հնագոյն կօշիկը (5500 տարուան) ցնցեց աշխարհի հնագէտները: Կօշիկը մնացած էր այնպէս, ինչպէս որ էր, գտնուած էին ամաններ, կարասներ եւ առարկաներ` հազարաւոր տարիներու հնութեամբ: Քանի մը շաբաթ առաջ գտնուած էր նաեւ աշխարհի ամէնէն հին հագուստը:

Ինքնաշարժը կամուրջին մօտ կանգնեցնելէ ետք ուզեցինք բարձրանալ քարայր: Երբ դիմացի կողմը կանգնած մարդու մը հարցուցինք, թէ ուրկէ՞ պէտք է բարձրանանք, ան յայտնեց, որ «չի կարելի, արգիլուած է»: Գիտէի, որ ներս մտնելը արգիլուած պէտք է ըլլայ, սակայն մօտենա՞լը…

Յամենայն դէպս փորձեցինք բարձրանալ` աւելի վեր տեսնելով մարդիկ: Ո՛չ միայն մուտքին հասանք, այլ բաց ըլլալով` մտանք ներս, ուր կային բազմաթիւ ուրիշներ: Պեղուած բաժինները թուագրուած էին եւ պարաններով չափագրուած, սակայն կարելի էր տեսնել կարասներ, խեցեղէն…: Աւելի ներս մտնելով` հանդիպեցանք օտարներու (ֆրանսացի), որոնք կը լսէին հնագէտին բացատրութիւնը:

Հրաշալիօրէն պահպանուած էին հին ամաններն ու կարասները: Հնագէտը իր մտահոգութիւնները կ՛արտայայտէր, լուրջ հարցեր կան` գօտին ցանկապատելու, լուսաւորելու, այցելուներուն քալելիք ճամբաները յստակացնելու, պահպանելու…

Լսեցի նաեւ դժգոհութիւն: Այսքան մեծ հնագիտական բացայայտում, բայց տակաւին երկրի նախագահը չէ այցելած քարայր…

Մէկ բան յստակ էր սակայն: Գտնուած է մեծարժէք հնագիտական քարայր, որուն տիրութիւն պէտք է ընեն հայրենիքի իշխանութիւններն ու համայն հայութիւնը` ամէն միջոցներով: Համաշխարհային մեծ արժէք ունի այս քարայրը` եզակի իր գտածոներով:

ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ԵՐԵՒԱՆ

Վերադարձի ճամբուն վրայ կանգ կ՛առնենք ճամբու եզրին իրենց բերքը ծախող գիւղացիներուն մօտ: Կը հետաքրքրուիմ Հայաստանի աշնանային պտուղներով, գիւղացիին վիճակով:

Կայ հակասական բան մը, զոր կը փորձեմ հասկնալ: Գիւղացին թշուառ վիճակի մէջ է, աղքատ, սակայն պտուղները սուղ են` խաղողին քիլոն 1,25 տոլար, խնձորը` 2,25 տոլար, տանձը` 3 տոլար… (բոլորն ալ` միջակ որակի): Անմիջապէս կը բաղդատեմ Այնճարի բերքերուն հետ, ուր խաղողին քիլոն 0,75 տոլար է, տանձը` 1,25 տոլար (միջակէն վեր որակով):

Յետոյ անշուշտ պիտի յստականայ այս հակասութիւնը:

Երեկոյեան արդէն Երեւան ենք` հայ ժողովուրդի քաղաքամայր Երեւանը:

ՎԵՐՆԻՍԱԺ, ՌՈՏԵՆԻ ԱՐՁԱՆԸ ԵՒ ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Կիրակի առաւօտ օրը սկսանք Վերնիսաժէն: Անգամ մը եւս հաստատեցինք մեր ժողովուրդին անսահման երեւեկայութիւնն ու ձեռքի ճարտարութիւնը: Կար յուշանուէրներու մեծ տեսականի մը եւ անհամար նկարչական գործեր` ամէնէն համետներէն մինչեւ արուեստի բարձր որակով իրականացած աշխատանքները: Քանի մը ժամ դեգերելէ ետք անցանք Սարեանի այգի, ուր միայն նկարչական գործեր վաճառքի դրուած էին: Առիթ ունեցանք օփերայի շէնքին դիմացի հրապարակին վրայ քանի մը օր առաջ հաստատուած Ռոտենի արձանը տեսնելու (5-րդը 8 կրկնօրինակներու մէջ), որուն բացումը կատարուած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներուն կողմէ:

Անկարելի էր անշուշտ չբարձրանալ լեռնային աստիճանները (կասկատ): Տասնամեակներ առաջ տեսած էի այդ անկարելի թուացող երազային գործին սկսիլը, հիմա արդէն մեծ մասով իրականացած էր:

Տարօրինակ է հայը: Որո՞ւ միտքն էր այդ համարձակ ծրագիրը, ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար իրականացնել զայն` լեռը վերածել աստիճաններու, գեղեցիկ, տպաւորիչ եւ հայկական:

«Թիւֆենկճեան» թանգարանը այցելելէ ետք տեսանք նաեւ Գրիգոր Խանճեանի հսկայական պաստառները` հայոց այբուբենին, Վարդանանցին եւ հայ գրողներուն նուիրուած: Յաւերժ են Խանճեանի կոթողական աշխատանքները:

Բարձրացանք վեր` տեսնելու Շարլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանը, որուն բացումը կատարուած էր մէկ օր առաջ. սակայն միայն տան բաժինը աւարտած էր, թանգարանը շինութեան մէջ է եւ փակ` այցելուներուն դիմաց:

Աշնանային տաք արեւը զգալի կը դարձնէ ինքզինք, կ՛իջնենք դէպի հրապարակ` Հանրապետութեան շքեղ հրապարակը: Կողքի փողոցին վրայ կ՛ուզեմ դարձեալ տեսնել Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի բնակարանը: Տխուր է պատկերը: Տունը աւելի փլատակ է, քան` քանի մը տարի առաջ: Կանգուն է արձանագրութեան քարը` պատին վրայ ամրացուած: Կարգ մը անցորդներ զարմացան, որ այդ հին տունը կը նկարենք: Անոնք դժբախտաբար տեղեակ չեն, որ իրենք հիմա կան եւ կրնան այդ փողոցէն քալել, որովհետեւ Արամ Մանուկեան մը կար…

Ուզեցի տեսնել նաեւ պատշգամը, ուրկէ Արամ Մանուկեան կատարած է իր նշանաւոր յայտարարութիւնը` 1918 մայիսի ճակատագրական օրերուն: Պատշգամին տակ փոխանակ գրուած ըլլայ` «Երեւանը չենք դատարկի» պատմական խօսքը, «Տաշիր փիցցա» կը կարդամ…

Երեկոյ է արդէն, կը ճաշենք Սոնիա Թաշճեանի մօտ, որ Այնճարէն հայրենիք գալով` հոն հաստատուած է շուրջ 20 տարիներէ ի վեր, եւ քանի որ դաշնակ կայ, քիչ մըն ալ երգեցինք ու նուագեցինք: Քիչ մը խօսեցանք Հայաստանի այսօրուան իրավիճակին մասին: Տարօրինակօրէն նման հանդիպումներ կ՛ունենայինք 25 տարի առաջ Այնճարի մէջ, նոյն նիւթով, նոյն մտահոգութիւններով եւ ակնկալութիւններով…

ԳԻՒՂԱՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ, ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ԱՐՍԷՆ ՃԱՆԵԱՆ,
ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ, «ՄԱՐԻՈԹ» ԵՒ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՊՈՂՈՏԱՅ, ՊԱՆԴՈԿ

Օրը երկուշաբթի է, 10 հոկտեմբեր 2011: Կը մեկնիմ Աւան` հանդիպելու մուսալեռցի բանաստեղծ Արսէն Ճանեանին:

Համեստ բնակարանի մը մէջ կը հանդիպիմ Ճանեան ընտանիքի անդամներուն, որոնք 1978-ին Պոլիսէն ներգաղթած են Հայաստան: Մէկ հատիկ տղան` Կարէնը, արցախեան պայքարի նահատակ է, մտաւորական մարտիկ: Մեր խօսակցութիւնը ջերմ էր, հարազատ մեր բարբառով, որուն ունկնդիր էր Կարէնը` խոհուն դիմանկարով, որ տեղ գտած էր գրադարանի գիրքերուն վրայ: Որդեկորոյս հօր եւ մօր տառապանքը մեծ էր, նոյնիսկ` 17 տարիներ ետք:

Մուսալեռցի բանաստեղծը պատմեց ու պատմեց: Կարօտ էր իր ժողովուրդին, իր անցեալին եւ Վագըֆ ու Այնճար մնացած իր հարազատներուն:

Նախորդ տարի լոյս տեսած էր իր արձակ հատորը` «Ես գալիս եմ իմ պապի գրկից» խորագիրով: Երկար հարցազրոյց մը ունեցայ իրեն հետ (այդ մասին` առանձին): Մեկնումի պահուն փսփսաց. «Համբերութիւն, համբերութիւն, համբերութիւն»: Հաւանաբար իր կեանքի ամբողջ փիլիսոփայութիւնն էր այդ մէկը:

Բանաստեղծին տուած այցելութենէս ետք կը մեկնիմ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւն` անոր կազմակերպած համաժողովին մասին մանրամասնութիւններ իմանալու: Կը հանդիպիմ նախարարի տեղակալ Ռոպերթ Մակարեանին: Երիտասարդ եւ ազնիւ տեղակալը կու տայ մանրամասնութիւններ համաժողովին մասին` յոյս յայտնելով, որ այս ժողովը բարեբեր ըլլալ մեր հայրենիքին համար:

Կը վերադառնամ Հանրապետութեան հրապարակ, ուր Էրեբունի պանդոկի 5-րդ յարկին վրայ իր գործունէութիւնը աշխուժօրէն կը ծաւալէ Սփիւռքի նախարարութիւնը: Առիթ կ՛ունենամ կարճ հանդիպում մը ունենալու նախարար Հրանուշ Յակոբեանին հետ, որ ջերմօրէն կ՛ընդունի եւ իր գնահատանքները կ՛արձանագրէ Այնճարի մարմիններուն եւ համայնքներուն տարած ազգային գործունէութեան համար: Իբրեւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի Կեդրոնական մարմինի նախագահ` շնորհակալութիւն կը յայտնեմ` երիտասարդ երգիչ Ռուբէն Սահակեանը Այնճար ուղարկելուն համար, Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին առիթով: Շատ բազմազբաղ է նախարարը. խորքին մէջ գրեթէ նոյն օրերուն կազմակերպած են Մխիթարեաններու 200-ամեակին նուիրուած խորհրդաժողով, հայազգի, բայց օտար լեզուով գրողներու համագումարը, հայ գիւղատնտեսներուն Ա. համագումարը, հայկական ճարտարագիտութեան տարեկան համագումարը եւ այլն:

Կը յաջողիմ անցնիլ «Մարիոթ» պանդոկ եւ ունկնդրել քանի մը դասախօսութիւն` Հայաստանի ճարտարագիտութեան զարգացման մասին: Շատ մասնագիտական այս դասախօսութիւններէն մէկը կը ներկայացնէ իմ ուսուցիչներէս գիտնական Յակոբ Փանոսեանը («Արփա» կազմակերպութեան հիմնադիր): Հպարտութիւնը կը լեցնէ սիրտս: Այնճարի զաւակը կը դասախօսէ Հայաստանի զարգացման մասին:

Հանդիպումէն դուրս կու գանք ու քալելով կ՛անցնինք Հիւսիսային պողոտայէն դէպի օփերա: Եւ այսպէս «երկու հայեր կը հանդիպին գարեջրատան մը մէջ», յանկարծ այնճարցիները կը համախմբուին մեր չորսդին: Կ՛ողջունեմ իմ ամէնէն հին ուսուցիչներէս Սարգիս Փանոսեանը, որ մեծ վաստակ ունի երաժշտութեան կրթութեան եւ տարածման մէջ` թէ՛ Այնճարի, թէ՛ Պէյրութի եւ թէ՛ Միացեալ Նահանգներու մէջ: «Ճպուռ» եւ «Նանոր» մանկապատանեկան երգչախումբերը իրենց տեսակին մէջ առաջիններն էին լիբանանահայ գաղութին մէջ: Մնացեալը անվերջանալի զրոյց էր հին եւ նոր ժամանակներուն մասին: Համով հոտով պատմութիւններ, ընդմիջումներ, մաղթանքներ, նոր ժամանող այնճարցիներով պահ մը մոռցանք, որ մենք Այնճարի մէջ չենք:

Քալելով կ՛ուղղուիմ յարակից փողոցներէն: Գեղեցիկ, մաքուր եւ մարդաշատ փողոցներ, հրաշալի. սակայն այս բոլորին ի տես` ականջիս մէջ կը հնչէ առտուան վարորդին արտայայտութիւնը. «Աղբե՛ր, սաղ երկիրը 20-30 հոգիի սեփականութիւնն է: Գործ չկայ, վճարումները շատ քիչ են, ի՞նչ անենք, ո՞ից ապրենք, ստիպուած` շատեր արտասահման են մեկնում: Այս շէնքերից շատերը դատարկ են, բնակիչ չունեն: Էստեղ աշխատողը ո՞նց տուն պիտի գնէ: Քաղաքը սաղ քազինօ-քաֆէ եւ պարի վերածուած է` անբարոյութիւնը օրց-օր աճում է: Յետոն ի՞նչ է էս բոլորին…»:

Կը յիշեմ նաեւ ուրիշ մը, որ այսպէս արտայայտուեցաւ. «Աղբե՛ր, մենք ազգային ղեկավարի տագնապ ունենք: Ո՞ւր են մեր այսօրուան ղեկավարները: Մենք Փութին չունինք: Ո՞ւր էր մեր Ամենայն հայոց վեհափառը, ի՞նչ պատգամ ունի, աղանդները օր ըստ օրէ կ՛աճին, ժողովուրդը կ՛արտագաղթէ, վեհափառը պատգամ չունի՞…»:

Միջին տարիքի կին մը, սակայն, աւելի հաւասարակշռուած ձեւով կ՛արտայայտուի. «Այս երկիրը մեր երկիրն է, մենք բոլորս պէտք է զարգացնենք զայն: Պէտք է դրականը տեսնենք եւ մեր շուրջ այդ ոգին տարածենք: Ես Միացեալ Նահանգներէն վերադարձած եմ եւ հիմա կը զգամ, թէ ի՛նչ լաւ ըրած եմ: Ես հայ եմ եւ հո՛ս պիտի ապրիմ, փողը չէ, որ զիս պիտի հարստացնէ, այլ` իմ ոգիս ու հողս…»:

 

(Շար. 2)

Share this Article
CATEGORIES