7-21 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ, 2011. ԹԱՐՄ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ
ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ, ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ ԴԱՇՏ, ԳԻՒՂԱՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆ
Օդը հրաշալի է: Առաւօտեան Կոմիտասի շրջանէն կ՛իջնեմ ակադեմիա, ուր գիտաժողով պիտի կայանայ Մխիթարեան միաբանութեան 200-ամեակին առիթով: Քանի մը օրերու վրայ երկարած զեկուցական եւ քննարկումի նիստեր են, մասնագիտական դասախօսութիւններ` պատմաբաններու, արուեստագէտներու, հոգեւորականներու կողմէ: Խանդավառութիւն է. կը հանդիպիմ Վիեննայի աբբահայր Պօղոս Գուճանեանին: Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան յատուկ զեկուցումով հանդէս կու գայ: Սփիւռքի նախարարութիւնը դերակատար է այս բոլորին մէջ: Արժանի յարգանք կը մատուցուի Մխիթարեան հայրերուն մեծ վաստակին:
Հարկադրաբար ակադեմիայէն կը մեկնիմ դէպի Մատենադարան` տեսնելու նորակառոյց շէնքը (ճարտարապետ Արթուր Մեսչեան): Հրաշալի կառոյց է, հայկական ճարտարապետական գեղեցիկ լուծումներով: Այս իրագործումին համար պէտք է շնորհաւորել թէ՛ ճարտարապետ Մեսչեանը եւ թէ՛ հայրենի իշխանութիւնները: Դժբախտաբար առիթ չունեցայ տեսնելու գրապահոցները, որոնցմով կրնայ հպարտանալ որեւէ ժողովուրդ:
Կ՛աճապարեմ մեկնիլ Արարատեան դաշտի գիւղատնտեսական շրջանները` գետնի վրայ տեսնելու մեր գիւղացիները, լսելու զիրենք, ականատես դառնալու իրենց իրավիճակին, հոգերուն եւ դժուարութիւններուն` նախքան համաժողովին գումարումը:
Ճամբուն վրայ առիթ ունեցայ հանդիպելու քանի մը խանութներ, որոնք գիւղատնտեսական մթերք կը ծախեն գիւղացիներուն: Սարսափեցայ, ահռելի սուղ էր ամէն բան: Խոտի հունտին քիլոն 16 տոլար (Լիբանան` 6 տոլար), լուծուող քիմիականը` 25 քիլոնոց տոպրակը 130 տոլար (Լիբանան` 48), ռուսական պարարտացուցիչ` 21,5 ազոթով, 24 տոլար (Լիբանան` 18)…: Կը կարծէի, թէ անհրաժեշտ դեղերու եւ սերմերու պակաս կար Հայաստանի մէջ, սակայն իրականութիւնը այն էր, որ գրեթէ ամէն բան կար, սակայն` ցնցիչ գիներով: Հիմա է, որ յստակացաւ, թէ Հայաստանի մէջ ինչո՛ւ սուղ էին բանջարեղէններն ու պտուղները:
Արարատեան դաշտը, որ հսկայական դաշտ է, մեծ մասով լքուած էր: Արտերը չեն ցանուած, իսկ գիւղացիներուն վիճակը աւելի քան խղճալի է: Այս դաշտը, որ կրնայ կերակրել ամբողջ Կովկասը` ամբողջութեամբ օգտագործելու պարագային, այսօր մեծ մասով անօգտագործելի վիճակի մէջ է:
Հանդիպեցանք պաղըլենց Նշանին (Պագգալեան), որ մուսալեռցի է եւ ջերմոց ունի. վարունգ կ՛աճեցնէ: Նախնական միջոցներով յաջողած է որակաւոր վարունգ աճեցնել…
Կը վերադառնանք Երեւան` գրեթէ յուսահատ: Նեղութենէս կը խեղդուիմ. ինչո՞ւ հայ գիւղացին անկախ Հայաստանի մէջ այսքան թշուառ պիտի ըլլայ…
ԴՐՈՇՄԱԹՈՒՂԹԵՐ, ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՊՈՂՈՏԱՅ,
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾԻՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
ԵՒ ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Առաւօտեան Մատենադարանին մօտիկ նամականիշի խանութէն կը վերցնեմ վերջին երկու տարիներու հայաստանեան դրոշմաթուղթերը` Լեւոն Շէմմէսեանին համար, որ հսկայ հաւաքածոյ ունի: Կ՛անցնիմ Պատմութեան թանգարան, ուր այցելած էի 1987-ին: Հոյակապ դասաւորումով ներկայացուած էր մեր ժողովուրդին պատմութեան անցեալը` շատ հին ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը: Շատ արագ կը շրջիմ թանգարանին մէջ (բծախնդրութեամբ շրջիլը քանի մը ժամուան կը կարօտի): Տակաւին կան անշուշտ խորհրդային շրջանէն մնացած «բացատրութիւններ»: Ցեղասպանութեան ոճրագործները ահաբեկելու համար «հայրենասիրական ուժեր»ը կը կազմակերպեն «Նեմեսիս» գործողութիւնը: Լաւ կ՛ըլլար, որ ճշգրտօրէն յիշուէր, որ այդ մէկը ՀՅԴ-ի 9-րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումով գործադրուած է (1919, Երեւան): Աղքատ էր նաեւ Մուսա Լերան հերոսամարտի բաժինը, ուր կային Եսայի Եաղուպեանի եւ Պետրոս Տմլագեանի (չէթէեական խումբերու խմբապետներ) լուսանկարները եւ Եաղուպեանին ատրճանակը: Չկային բուն ղեկավարները` պատուելի Տիգրան Անդրէասեան, Մովսէս Տէր Գալուստեան…
Կ՛անցնիմ Պետական պատկերասրահ: Արագ ակնարկով մը կը շրջիմ հինգ յարկերը, սակայն չկար Յակոբ Յակոբեանի «Դերձակը»: Արժէր նոյնիսկ Հայաստան երթալ այդ նկարը տեսնելու համար միայն…
Երեկոյեան հետաքրքրական հանդիպում էր դոկտ. Լեւոն Եպիսկոպոսեանի հետ, որ հայկական ծինաբանութեան մասնագէտ է եւ լայնածիր աշխատանք կը տանի յստակացնելու համար հայկական տարբեր գաւառներու ծինային առանձնայատկութիւնները:
Այս հանդիպումէն ետք Սոնիա Թաշճեանի (բանաստեղծուհի եւ խոհարարագէտ) ընկերակցութեամբ կը մեկնիմ տէր Մովսէս Ղազարեանի բնակարանը` հանդիպելու համար Հայաստանի Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան վարչութեան հետ` քննարկելու համար յառաջիկայ հինգ տարիներու մեր ծրագիրները: Ջերմ հանդիպում էր ծանօթ մուսալեռցիներու հետ, խանդավառ: Մնայուն գործակցութեան եւ իրերօգնութեան խոստումներով ուշ գիշերին կ՛աւարտի մեր հանդիպումը` օրհնութեամբ տէր հօր, որ կենդանի վկան է այս միութեան` հիմնադրութեան օրերէն մինչեւ այսօր:
«ԵՐԿԻՐ ՄԵԴԻԱ», «ԵՐԿԻՐ» ՕՐԱԹԵՐԹ,
«168 ԺԱՄ», ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ
Այսօր 13 հոկտեմբեր է: Կ՛անձրեւէ առաւօտուն: Աշունը եկած է, տերեւներուն գոյները սկսած են փոխուիլ:
Առաջին այցելութիւնը «Երկիր Մեդիա»-ինն է: Կ՛ողջունենք տնօրէն Դաւիթ Յակոբեանը, կը ծանօթանանք տարուած աշխատանքին: Փոքր շէնքի մը մէջ (արցախեան օրերուն` ՀՅԴ շտապ) կոկիկ կերպով դասաւորած են բոլոր բաժինները` լուրերու, հանդիպումներու, մշակութային, արխիւներ, սփռում… Քիչ կարելիութիւններով մեծ աշխատանք` բարձր գնահատանքի արժանի:
Կ՛այցելենք «Երկիր» օրաթերթի խմբագրութիւն. ամէն մարդ գործի վրայ է, յաջորդ օրուան թիւը կը պատրաստեն:
Հիմա Հանրապետութեան հրապարակին մօտիկ տեղ մը կը հանդիպինք լրագրող Մարինէ Մարտիրոսեանին, որ կարճ հարցազրոյց մը կ՛ունենայ մեզի հետ` Հայաստանի գիւղատնտեսութեան մասին:
Յաջորդ հանդիպումը մուսալեռցի ծանօթ բանասէր, բարբառագէտ եւ լեզուագիտութեան դասախօս Գաղթուհի (ծնած` 1939-ին, գաղթի ճամբուն վրայ) Հաննէսեանին հետ է: Կը խօսինք ապագայի ծրագիրներուն մասին: Մեզի կը ներկայացնէ իր նոր աշխատասիրութիւնը, որ գրեթէ աւարտած է եւ Մուսա Լերան Խտըրպէկ գիւղի բարբառին վերաբերող բառարան է` շուրջ 6 հազար բառերով: Գիտական արժէք ներկայացնող եւ բծախնդիր աշխատանք մը, որ կը փրկէ օրըստօրէ մեռնող մուսալեռցիներու բարբառը:
Երեկոյ է արդէն: Գաբրիէլ Փանոսեանին բնակարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ երիտասարդ մուսալեռցիներու համախմբումի վարչութեան հետ հանդիպում: Խանդավառ երիտասարդներ, որոնք կ՛ուզեն վառ պահել Մուսա Լերան հերոսամարտի յիշատակը: Մնացեալը ջերմ զրոյց է` կապը ամրացնելու Այնճարի հայութեան հետ: Ուշ է արդէն. կը կանգնեցնեմ ինքնաշարժ մը` Կոմիտաս բարձրանալու: Առաջին վարորդն է, որ չի բողոքեր իր վիճակէն, մնաց լուռ` քիչ մը զիս ալ զարմացնելով…
ՀԱՅԱԿՐՈՖՈՐՈՒՄ ԵՒ ՎԱՀԱՆ ԶԱՆՈՅԵԱՆ
Օրը ուրբաթ է, 14 հոկտեմբեր 2011: Կը մեկնիմ Մարզահամերգային համալիր, ուր տեղի պիտի ունենայ Հայ գիւղատնտեսական առաջին համագումարը` կազմակերպութեամբ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան եւ սփիւռքի նախարարութիւններուն: Ներկայ են շուրջ հազար ժողովականներ Հայաստանի մարզերէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն (32 հոգի): Բնականաբար ներկայ են այս ծիրին մէջ գործող պետական կառոյցներու բոլոր ներկայացուցիչները:
Համագումարին բացումը կատարեց Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Ս. Կարապետեանը, որմէ ետք կարդացուեցաւ Հայաստանի նախագահին ուղերձը, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ.ի օրհնութեան գիրը: Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան` Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, տնտեսութեան նախարար Տ. Դաւթեան եւ շարք մը այլ պետական ու միջազգային կազմակերպութիւններու (Համաշխարհային դրամատուն, ՄԱԿ-ի մնայուն ներկայացուցիչ) ներկայացուցիչներ:
Սփիւռքի նախարարը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Այնճարի կարեւորութեան, մուսալեռցիներու յարատեւ աշխատանքի օրինակին (ճահիճները վերածած են ծաղկաստանի) եւ կոչ ուղղեց` օգտուելու Այնճարի փորձառութենէն:
Ողջոյնի խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ մետալներու եւ պատուոյ գիրերու տուչութեան արարողութիւն:
Կէսօրուան ճաշի դադարէն ետք համագումարը անցաւ իր աշխատանքներուն, որոնց ընթացքին ներկայացուեցան շուրջ տասը զեկուցումներ` բոլորն ալ առնչուած Հայաստանի գիւղատնտեսութեան հետ: Աւելորդ է ըսել, որ զեկուցումներուն մեծ մասը վարդագոյն գոյներով ներկայացուցին Հայաստանի գիւղատնտեսական վիճակը, թէեւ յիշատակումներ եղան նաեւ դժուարութիւններու եւ բացթողումներու մասին:
Իբրեւ սփիւռքահայ գիւղատնտեսի` ինծի ալ առիթ տրուած էր կարճ խօսքով մը (15 վայրկեան) հանդէս գալու:
Նախորդ շաբաթուան ընթացքին հասցուցած էի ականատես ըլլալ Հայաստանի գիւղացիութեան թշուառ վիճակին եւ երկրին մէջ վաճառուող շատ սուղ գիւղատնտեսական նիւթերուն: Որպէս մեկնակէտ` ունեցայ արտադրութեան ծախսի նուազումը եւ որակի ու քանակի բարձրացումը: Առարկայական տուեալով ներկայացուցի ահազանգային վիճակի մէջ գտնուող Հայաստանի գիւղացիութիւնը եւ կոչ ուղղեցի գործադիր իշխանութեան` կտրուկ եւ արագ քայլերու դիմելու, քանի դեռ ուշ չէ: Ներկաները ձայնակցեցան այս պահանջին` բացայայտելով դառն իրականութիւնը:
Խօսքէս ետք բաւական մեծ թիւով ներկաներ մօտեցան յայտնելու իրենց զօրակցութիւնը այս գաղափարին: Յայտնապէս բոլորին սրտէն խօսած էի…
Երկար չտեւեց, շուրջ մէկ ժամ ետք ժողովը աւարտեցաւ. կարդացուեցաւ ժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը, որ նախապէս պատրաստուած էր: Դժբախտաբար քննարկման նիստեր տեղի չունեցան:
Ի՛նչ ալ ըլլայ արդիւնքը (այսպիսի ժողովներէ մեծ բան կարելի չէ ակնկալել), գնահատելի էր կազմակերպումը այս համագումարին, որ կրնայ սկիզբ մը ըլլալ դէպի լուծում տանող ճամբուն վրայ:
Ժողովէն ետք առիթ ունեցայ օփերային մօտ հանդիպելու Վահան Զանոյեանին, որ վերջերս հրատարակած էր երկու բանաստեղծական հատորներ եւ հայրենիք հաստատուելու ընթացքի մէջ էր: Ծանօթացման հանդիպում էր, ջերմ, հարազատ, հին պատմութիւններով համեմուած: Ներկայ էր նաեւ այնճարցի գիտնական Յակոբ Փանոսեանը, որ առաջին մուսալեռցին է, որուն տրուած է ակադեմիկոսի կոչում` Երեւանի պետական համալսարանին կողմէ: Դարձեալ այնճարցիները համախմբուած էին Երեւանի մէջ:
ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ, ԱՐՏԱՇԱՏԻ 2200-ԱՄԵԱԿ
Շաբաթ, 15 հոկտեմբեր 2011 է: Առաւօտուն գիւղատնտեսական համաժողովին մասնակցող սփիւռքահայ գիւղատնտեսներով, նախարարի տեղակալին առաջնորդութեամբ, կ՛ուղղուինք Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին:
Մէկական ծաղիկ զետեղեցինք անշէջ կրակին շուրջ, մտանք Ցեղասպանութեան թանգարան: Բլուրին վրայ սփռուող Թոմաս Ալպինոնիի երաժշտութիւնը բաւարար էր ողբերգութիւնը ապրելու համար:
Կը մեկնինք Արտաշատ` մասնակցելու քաղաքի հիմնադրութեան 2200-ամեակի տօնակատարութիւններուն: Մեծ աշխուժութիւն է ամէն կողմ, հազարաւոր երիտասարդներ կը մասնակցին տօնախմբութեան: Պարի, թատերական ելոյթներ, Արտաշիսեան շրջանի զինանշաններ, պարիսպ, մեծ ծաւալի արձաններ կը փորձեն ժողովուրդը տեղափոխել 2200 տարի առաջ: Քաղաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ ցուցադրութեան դրուած են շրջանի բոլոր արտադրութիւնները` պտուղներ, քոնեաք, գինի, ընդեղէն… Հազարաւոր հայորդիներ կը շրջին տաղաւարէ տաղաւար, կ՛ողջունեն արտաշատցիները: Երգն ու պարը կը թնդան ամէն անկիւն, իսկական ժողովրդային տօնակատարութիւն է: Կէսօրին Արտաշատ կ՛այցելէ նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան` յաւելեալ փայլք տալով տօնակատարութեան:
Տօնակատարութեան երգ ու պարի ձայնը բաւական հեռու կ՛երթար. ուրախութեան այդ ձայները անպայման կը լսուէին ընդամէնը քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող թրքական սահմանէն անդին: Հայ ժողովուրդը կը տօնէ իր մայրաքաղաք Արտաշատի 2200-ամեակը: Հպարտութեան առիթ է:
(Շար. 3)