ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ

Նկատի ունենալով, որ Կիրակնօրեայ դպրոցները սկսան իրենց բնական աշխատանքին, եւ քաջալերելու համար հայ մանուկներու մասնակցութիւնը Կիրակնօրեայ դպրոցներուն, կիրակի, պատարագէն ետք, վեհափառ հայրապետը վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Կիրակնօրեայ դպրոցներէն խումբ մը մանուկներ, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն:

Վեհափառ հայրապետը մեծապէս գնահատեց նախ ծնողները, որոնք իրենց զաւակները կը յանձնեն Կիրակնօրեայ դպրոցին: Ապա ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Կիրակնօրեայ դպրոցին ջամբած քրիստոնէական դաստիարակութեան:

Յայտնենք, որ հայ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցներուն հիմը դրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ, 81 տարիներ առաջ: Կիրակնօրեայ դպրոցներու լայն ցանց մը կը գործէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերուն մէջ: Կիրակնօրեայ դպրոցներուն վարիչ տնօրէնութեան գրասենակը կը գտնուի կաթողիկոսարանին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES