ԿՐԹԱԿԱՆ ՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ. ԿԸ ՍԿՍԻ ԾԱՂՐԱԿԱՆ ԱԾԱԿԱՆՆԵՐՈՎ, Կ՛ԱՒԱՐՏԻ ՅՈՒՍԱՀԱՏՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԱՆՁՆԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՄԲ…

Ասթըն Մերիկոլտ եւ Նիքոլա Ռոպըրթց կոչ կ՛ուղղեն լուծում մը գտնելու դպրոցներու մէջ դասընկերներու կողմէ իրարու դէմ ուղղուած հալածանքին:

ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ, ԹԷ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՄԷՋ 10 ՄԱՆՈՒԿԷՆ ՄԷԿԸ ԿԸ ՀԱԼԱԾՈՒԻ ԻՐ ԴԱՍԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱՄ ԱԿԱՆԱՏԵՍ ԵՂԱԾ Է ԱՅԼ ՄԱՆՈՒԿԻ ՄԸ ՀԱԼԱԾԱՆՔԻՆ ԵՒ ՉԱՐԱՇԱՀՈՒԹԵԱՆ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՎԵՐԱԾՈՒՈՂ ԱՅՍ ԱԽՏԸ, ՈՐ ԱՅԺՄ ՀԱՅԵԼԻՆ ԿԸ ՆԿԱՏՈՒԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՅԱՐԳԱԼԻՐ ՎԱՐՔ ՈՒ ԲԱՐՔԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՉԳՈՅՈՒԹԵԱՆ, ՄԻՆՉ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ԱՐԱԳ ԹԱՓՈՎ ԿԸ ՎԱՏԹԱՐԱՑՆԵՆ ԵՐԵՒՈՅԹԸ:

Հարիւր հազարաւոր դպրոցական մանուկներ կը դիմագրաւեն հոգեբանական խոցեր` ենթարկուելով հալածանքի, ինչպէս կը հաստատէ այս ամսուան սկիզբը Անգլիոյ մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութիւն մը: Ինչ որ կը սկսի համեմատաբար անվնաս ծաղրական ածականներով, կրնայ վատթարանալ եւ հասնիլ ֆիզիքական չարաշահութեան` զոհերը մղելով սննդառական խանգարումներու եւ նոյնիսկ անձնասպանութեան:

Ուսումնասիրութիւնը հրապարակուած է նշելու համար Հալածանքի դէմ շաբաթը: Անիկա ի յայտ կը բերէ, թէ 11-16 տարեկան 10 մանուկէն 9-ը թիրախ կը դառնայ սպառնական խօսքերու կամ ականատես կը դառնայ անոնց: Զոհերուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը` շուրջ 79 առ հարիւրը կը տեղեկացնէ, թէ այս հալածանքը տեղի կ՛ունենայ դպրոցին մէջ: Ութ պատանիէն մէկը մտածած է դպրոց չերթալ` խուսափելու համար զինք հալածող բառերէն: Սակայն ասիկա այլեւս լուծում մը չէ կարգ մը զոհերու համար, որոնք կ՛ըսեն, թէ սպառնական խօսքերը զիրենք կը հալածեն մինչեւ տուն` համացանցի ճամբով:

Ուսումնասիրութիւնը կատարուած է «Անթի – պուլիինկ ըլայընս» կազմակերպութեան կողմէ, որ մաս կը կազմէ «Նեշընըլ չիլտրըն՛զ պիւրօ» բարեսիրական կազմակերպութեան: Անիկա ընդգրկած է 11- 16 տարեկան 875 պատանիներ, որոնց 26 առ հարիւրը տեղեկացուցած է, թէ ուղղակի թիրախ դարձած է ծաղրական կամ սպառնական խօսքերու, իսկ 66 առ հարիւրը տեղեկացուցած է, թէ ականատես դարձած է նման դէպքերու:

Թէեւ սպառնական խօսքերով հալածանքը հետզհետէ կը սաստկանայ` համացանցի միջոցով եւ բջիջային հեռաձայնով ուղարկուած երկտողերով տանջելով զոհերը, սակայն «աւանդական» սպառնական խօսքերով հալածանքը ամէնէն աւելի տարածուած կը մնայ դպրոցներու մէջ, ինչպէս կը հաստատեն այս երեւոյթին դէմ պայքարողները: Անիկա մանկական ծաղրական ածականներէ կը զատորոշուի իր հետեւողական կրկնութեամբ եւ զոհը զայրացնելու դիտումնաւոր մտադրութեամբ:

«Անթի – պուլիինկ ըլայընս»-ի գլխաւոր ներկայացուցիչ Ռոս Հենտրի կ՛ըսէ. «Երբեմն հակամէտ ենք բառերով ի գործ դրուած հալածանքը նուազ լուրջ նկատելու, քան` ֆիզիքական հալածանքը: Սակայն անոր զգացական եւ հոգեբանական ազդեցութիւնը կրնայ նոյնքան աւեր գործել եւ խորտակել պատանիի մը ինքնարժեւորումի զգացողութիւնն ու ինքնավստահութիւնը, այն աստիճան, որ ենթական այլեւս չ՛ուզեր դպրոց երթալ»:

Հարտիի համաձայն, աշակերտներու միջեւ ի գործ դրուած այս հալածանքը ինքնին հայելին է ընդհանուր ընկերութեան: «Առանց մտածելու արտասանուած ծաղրական խօսքերը կամ նախատական լեզուի գործածութիւնը, որոնք ընդհանրապէս այնքան շատ սովորական են մեր դպրոցներուն եւ ընկերութեան մէջ, կրնան առաջնորդել խօսքերով հալածանքը ընդունելի երեւոյթ մը նկատելու: Անհրաժեշտ է, որ դպրոցներու շուրջ մէկտեղուած հաւաքականութիւններ միասնաբար աշխատին` կառուցելու եւ պահպանելու համար յարգալիր վարուելակերպի վարքագիծ մը, որպէսզի մանուկներ եւ պատանիներ ապահով մնան ծաղրական, նախատական եւ սպառնական ամէն տեսակի հալածանքներէ»:

«Կըրլզ ըլաուտ» երաժշտական խումբի երգչուհի Նիքոլա Ռոպըրց կոչ կ՛ուղղէ յաւելեալ ճիգ թափելու` արմատախիլ ընելու համար հալածանքը դպրոցներու մէջ: Ան այս պատգամը շեշտած է Բրիտանիոյ կրթութեան նախարարին հետ հանդիպումի մը առիթով: «Ամբողջ հարցը շատ աւելի լուրջ է, քան այն օրերուն, երբ դպրոց կը յաճախէի, եւ պէտք է առաջքը առնել», կ՛ըսէ ան:

«Ուսուցիչներ պէտք է աւելի ուշադիր ըլլան եւ աշակերտներ պէտք է սորվին աւելի լաւ վարուիլ: Անոնք պէտք է սորվին, թէ ուրիշները վախցնելը եւ հալածելը սխալ է: Անոնց պէտք է սորվեցնել, որ մտածեն ուրիշներուն մասին եւ մտածեն, թէ ի՛նչ կը զգան անոնք», կ՛ըսէ երգչուհին, որ թէեւ նման հալածանքի չէ ենթարկուած դպրոցին մէջ, սակայն ականատես դարձած է «այլ պատանիներու, որոնք հալածուած են»:

Ռոպըրց կը նկարագրէ, թէ տարիներ տեւած է, մինչեւ որ յաղթահարած է Ռետիօ 1-ի խօսնակ Քրիս Մոյլըսի նկարագրութիւնը իր մասին` իբրեւ «թթուած դէմքով կովու մը»: «17 տարեկան էի, այս մասին չխօսեցայ մինչեւ 21 տարեկան: Կ՛ամչնայի, կը նախընտրէի անտեսել զայն», կը յիշէ ան:

«Ճէյ. Էլ. Էս.» խումբէն երգիչ Ասթըն Մերիկոլտ տառապած է իր պատանեկութեան: «Նախ կը կատակէն անկապ բաներու մասին: Ապա սկսան ծաղրել մորթիս գոյնը, եւ շատ կը ջղայնանայի», կը յիշէ ան: Մերիկոլտ նման հալածանքի ենթարկուող պատանիներուն կ՛առաջարկէ այցելել cybermentors.org.uk կայքը:

Լոնտոնէն 15 տարեկան պատանի մը` Շարլոթ Պրուըր հալածանքի սկսած է ենթարկուիլ նախակրթարանի մէջ: «Շուրջ երկու ամիս ամէն օր կը դիմագրաւէի այս վիճակը: Ծաղրական ածականներով կը կանչէին զիս, եւ ինքզինքս յիմար կը զգայի, կ՛ըսէ ան:- Միայն դպրոցին մէջ կը պատահէր ասիկա եւ չէր շարունակուեր արձակուելէ ետք, որովհետեւ մայրս կու գար զիս տուն տանելու: Ոչ ոքի պատմած էի այս մասին, սակայն մայրս նկատեց, թէ վարուելակերպս փոխուած էր տան մէջ եւ կռահեց: Տեղեկացուց դպրոցի պատասխանատուներուն եւ հանդիպում մը ունեցաւ զիս հալածող աշակերտին մօրը հետ: Սակայն ուսուցիչները իրականութեան մէջ ոչինչ ըրին, բացի` մեզ բաժնելէ իրարմէ: Հարցը լուծուեցաւ միայն, երբ փոքր քոյրս սկսաւ պաշտպանել զիս»:

Ծաղրական բառերով հալածանքը ախտանշան մըն է նաեւ աւելի լայն հարցի մը, ինչպէս կ՛ըսէ Պիթպուլիինկ բարեսիրական կազմակերպութեան մէկ բանբերը: «Բրիտանիոյ տարածքին պատանիներ դասարանին, խաղավայրին եւ փողոցներուն մէջ ենթակայ են դասընկերներու կողմէ սպառնական հալածանքի, չարաշահութեան եւ բրտութեան: Ասիկա հասած է համաճարակի մը մակարդակին եւ մեղմանալու նշաններ չեն երեւիր,- կ՛ըսէ ան:- Պատանիներու քով անձնասպանութեան համեմատութեան 44 առ հարիւրը կ՛առնչուի հալածանքի ծայրայեղ պարագաներու: Այս ձեւի հալածանքը սկսած է վտանգ սպառնալ կեանքերու»:

Չելթնըմի մէջ 55 տարեկան պետական պաշտօնեայի մը` Ռոճըր Քրաուչի զաւակը` Տոինիք, 15 տարեկան էր, երբ 2010-ին վերջ դրած էր իր կեանքին` դասընկերներուն կողմէ հալածուելէ եւ տառապելէ ետք: «Տղաս հալածանքի կ՛ենթարուէր իրեն մասին շրջող տարաձայնութիւններով, գրութիւններով եւ նկարներով, զորս կը տարածէին իր դասընկերները: Ան նաեւ ենթակայ էր ծաղրական ածականներու եւ ապա` սպառնական բառերու,- կը պատմէ Քրաուչ: – Միշտ կ՛ըսէր, թէ որեւէ հալածանքի ենթակայ չէր: Այս մասին անդրադարձանք միայն անոր մահէն ետք»:

«Ծնողներ պէտք է ուշադիր հետեւին ախտանշաններու: Օրինակ, երբ մանուկներ կը սկսին ներամփոփ դառնալ կամ երբ անոնց աշխատանքը կը սկսի տուժել դպրոցին մէջ», կ՛աւելցնէ Քրաուչ: Սննդառական խանգարումներու դէմ պայքարող «Պիթ» բարեսիրական կազմակերպութեան կողմէ աւելի քան 600 հոգիի վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ անոնց 65 առ հարիւրին պարագային դասընկերներու կողմէ հալածանքը դեր ունեցած է անոնց սննդառական խանգարումին մէջ:

Ստորեւ օրինակը` Լեսըրի 14 տարեկան բնակիչ Լուքաս Հէյվուտի.

Լուքաս կը տառապի ռունգերու արտաքին արտառոց կառուցուածքէ, որ հետեւանք է դէմքը այլանդակող հիւանդութեան մը, եւ ան դարձած է դպրոցին մէջ այլ աշակերտներու ծաղրանքի առարկան:

«Երբեմն հասկացողութեան պակաս կայ: Երբեմն մարդիկ պարզապէս ստոր են: Երբ 5 տարեկան էի, զիս կը կոչէին «փիղէ մարդը»: Չէի հասկնար նշանակութիւնը, եւ չեմ կարծեր, թէ ոեւէ 5 տարեկան մանուկ պիտի հասկնար: Եթէ այսպէս կը կոչէին զիս, ապա հաւանաբար անոնց ծնողները զիրենք այսպէս կը կոչէին», կ՛ըսէ ան:

«Նախակրթարանի ամբողջ տարիներուս հալածուած եմ: Առաջին օրէն, գրեթէ մինչեւ վերջին օրը: Թիրախ դարձած եմ ամէն տեսակ հալածանքի. ստացած եմ բռունցքի հարուածներ, կիցեր, թքած են վրաս, ձեռք առած են զիս` եւ ծաղրական ածականներով կանչած»:

«Այս մասին պատմած եմ ծնողներուս եւ ուսուցիչներուս: Ծնողներս իրապէ՛ս զայրացած էին եւ ուսուցիչներս փորձեցին օգնել, սակայն` ոչ անպայման յաջող արդիւնքով»:

«Բոլոր այն մանուկներուն, որոնք ենթակայ են նման հալածանքի, կը յանձնարարեմ ժպտիլ: Դրական կեցուածք պահելը վստահաբար կ՛օգնէ, որ կարենանք շարունակել մեր կեանքը»:

Լուքասի օգնութիւն ցուցաբերած է այլանդակ դիմագիծով անձերու պաշտպան` «Չէյնճինկ ֆէյսըզ» բարեսիրական կազմակերպութիւնը, որուն համար պայքար մղող ամէնէն փոքր տարիքով անձերէն է ան:

 

ԳԵՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ԱՆՊԷՏ

ԻՆՏԻԱՆԱ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՁԵՌՔՈՎ ԳՐԵԼՈՒ ՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆԸ ՋՆՋԵԼՈՒ ԱՅԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՕՐԻՆԱԿԻՆ: ՓՈԽԱՐԷՆԸ  ԿԸ ՊԱՀԱՆՋՈՒԻ ՇԵՇՏԸ ԴՆԵԼ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉԻՆ ՍՏԵՂՆԱՇԱՐԸ ԳՈՐԾԱԾԵԼՈՒ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼՈՒ ՎՐԱՅ: ԱՐԴԵՕՔ ԱՅՍ «ՅԱՌԱՋԴԻՄԱԿԱՆ» ՔԱՅԼԸ ԱՆՀՐԱԺԵ՞ՇՏ Է: ՀՈԳԵԲԱՆՆԵՐ ԵՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐ ՏԱՐԱԿԱՐԾԻՔ ԵՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆԸ:

Կրթական պատասխանատուներ կ՛ըսեն, թէ ձեռքով գրելու վարժութիւնը ջնջելու որոշումը տրամաբանական է համակարգիչներու գործածութեան այս դարուն:

Միացեալ Նահանգներու մէջ Ինտիանա նորագոյնն է, որ այսուհետեւ դպրոցական աշակերտներէ պիտի չպահանջէ սորվիլ իրարու կպած գեղեցիկ տառերով գրել:

Սակայն աշակերտներ պարտաւոր են սորվիլ ստեղնաշարի գործածութիւն, ինչ որ կրթական պատասխանատուներու համաձայն, շատ աւելի պիտանի է այսօրուան գործի ասպարէզներուն մէջ:

Որոշումը մաս կը կազմէ «Քամըն քոր սթէյթ սթենտըրտծ ինիշիըթիւ» ծրագիրին, որուն նպատակն է կրթական հասարակաց հիմնական չափանիշներ հաստատել Միացեալ Նահանգներու տարածքին: Այս ծրագիրին մէջ ներառուած չէ գեղագրութիւնը:

Սակայն քննադատներ կը նշեն, թէ ձեռքով գրելը կենսական կարողութիւն մըն է կեանքի մէջ եւ նկարագիր կը կառուցէ:

Ներկայիս Միացեալ Նահանգներու մէջ դպրոցական աշակերտներ գեղագրութիւն կը սկսին սորվիլ 8 տարեկանէն:

Սակայն վերոնշեալ ծրագիրը, որ հրապարակուեցաւ 2010-ի յունիսին եւ որդեգրուեցաւ գրեթէ բոլոր նահանգներուն կողմէ, չի պահանջեր այս կարողութիւնը զարգացնել:

Այսուհանդերձ, 6-րդ դասարանէն սկսեալ, շուրջ 11 տարեկան աշակերտներէ կ՛ակնկալուի «ցոյց տալ համակարգիչին ստեղնաշարը գործածելու բաւարար կարողութիւն` մէկ նստելով առնուազն 3 էջ տպագրելու համար»:

Բազմաթիւ դպրոցներ կ՛ըսեն, թէ պարզապէս ժամանակը չունին մանուկներուն սորվեցնելու երկուքը:

Ինտիանայի մէջ հոգեբուժ Սքոթ Համիլթընի համաձայն, կարելի է շատ աւելի լաւ ձեւով օգտագործել այն ժամանակը, զոր մանուկներ կը յատկացնեն` տքնելով բան մը գրելու:

«Բնազդային դիտանկիւնէն, ասիկա տրամաբանական կը թուի` նկատի ունենալով հետզհետէ թուայնացնող (տիճիթըլ) աշխարհը, որուն մէջ հասակ կը նետէ մանուկներու այս սերունդը», կ՛աւելցնէ ան:

Ինտիանայի մէջ Լորընս Թաունշիփի կրթական մէկ պատասխանատուն` Տեննա Ռենպարկըր կ՛ըսէ, թէ աշակերտներ շատ աւելի կարեւոր բաներ ունին սորվելիք դպրոցին մէջ:

«Կը կարծեմ, թէ յառաջադէմ քայլ մըն է այս նահանգին համար` նման քայլի մը դիմելը», ըսած է ան «Ինտիանափոլիս Սթար» թերթին:

Ինտիանայի մէջ պատասխանատուներ կը շեշտեն, թէ պահանջուած չափանիշներուն բացարձակ կիրարկումը անհրաժեշտ չէ, եւ թէ` ուսուցիչներ կրնան գեղագրութիւն սորվեցնել, եթէ կը փափաքին:

Սակայն կարգ մը ծնողներ եւ հոգեբաններ զայրոյթով հակազդած են այս քայլին` նշելով, թէ ձեռագիրը շատ աւելին է, քան` արագ գրելու կարողութեան մը զարգացումը:

«Գեղագիր տառերու ոլորուն հոսքը առիթ կու տայ ճշգրիտ ուղղագրութեան, կ՛օգնէ, որ մանուկը աւելի ամուր կապ մը հաստատէ իր կարդացած նիւթին հետ, հասկնայ իր կարդացած պատմութիւնն ու գրականութիւնը», կ՛ըսէ Քալիֆորնիայի մէջ դպրոցի մը տնօրէնը` Փոլ Սալիվըն:

«Կը կարծեմ, թէ աւելի ամուր կապ մը կայ ուղեղի մէջ այս նիւթերը սորվելու առնչուած գործընթացներուն եւ գրելու վարժութեան միջեւ», կ՛ըսէ ան:

Ծնող մը «Ինտիանափոլիս Սթար» թերթին յայտնած է իր մտահոգութիւնը` իր 6-րդ դասարանի աշակերտ զաւկին վրայ նոր ծրագիրին անդրադարձներուն վերաբերեալ:

«Համաձայն չեմ այս ծրագիրին: Մեր զաւակները ինչպէ՞ս պիտի սորվին ստորագրել իրենց անունը», հարց կու տայ ան:

 

ԻՋԵՑՆԵԼ ԴՊՐՈՑԷՆ ՀԵՌԱՆԱԼՈՒ ՏԱՐԻՔԸ

ԱՆԳԼԻՈՅ ՄԷՋ ԿՐԹԱԿԱՆ ՆԱԽԿԻՆ ՔՆՆԻՉ ՄԸ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿԷ 14 ՏԱՐԵԿԱՆԻ ԻՋԵՑՆԵԼ ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԷՆ ԲԱԺՆՈՒԵԼՈՒ ՏԱՐԻՔԸ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ ԱՌԻԹԸ ՈՒՆԵՆԱՆ ԸՆՏՐԵԼՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԱՍՊԱՐԷԶ ՄԸ ԵՒ ԻՐԵՆՑ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼՈՒ ՏՈՒԵԱԼ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ: ՆՄԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ ՄԸ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԵՒ ԱՐԴԱՐ ԿԸ ԹՈՒԻ: ԱՅԼ ՀԱՐՑ, ԹԷ 14 ՏԱՐԵԿԱՆ ՊԱՏԱՆԻ ՄԸ ԱՐԴԵՕՔ ԳԻՏԷ՞, ԹԷ Ի՛ՆՉ Կ՛ՈՒԶԷ ԿԱՄ ՈՐԵՒԷ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՏՐՈՒԻ՞ ԱՆՈՐ: ԱՐԴԵՕՔ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄԱՐԶԸ ՉԻ՞ ԿՐՆԱՐ ԶԱՐԿ ՏԱԼ ԻՐ ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԵԼ ԱՆՏԱՐԲԵՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ՆԵՐԳՐԱՒԵԼՈՒ ՆՈՐ ՄԻՋՈՑՆԵՐ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՎԻՃԵԼԻ ԱՌԱՋԱՐԿԸ:

Սըր Քրիս Վուտհետ «Թայմզ» թերթին ըսած է, թէ դպրոցէն հեռանալու տարիքը 14-ի իջեցնելը ակադեմական նուազ հակումներ ունեցող աշակերտներուն դիմաց կը բանայ արհեստ մը սորվելու առիթները:

Ան «աղէտի» համազօր կը նկատէ պատանիներուն ստիպելը, որ մինչեւ 18 տարեկան սորվին անգլերէն եւ ուսողութիւն:

Վուտհետի համաձայն, սխալ է աշխատանքային մարզի մը մէջ վարժութեան ծառայող կրթութիւնը որակել «կէս ակադեմական», եւ թէ` պետութիւնը «ցնորական աշխարհի մը» համազօր պատկերացում մը ունի դպրոցական կրթութեան չափանիշներու վերաբերեալ:

«Եթէ պատանի մը 14 տարեկանին տիրապետած է գրաճանաչութեան եւ հաշիւի, մեծ ուրախութեամբ պիտի դիմաւորէի դպրոցէն անոր հեռանալը, որպէսզի ան երթար եւ տեղ մը աշխատէր` միաժամանակ զարգացնելով իր կրթութիւնը տուեալ բնագաւառին մէջ, ստանալով արհեստներու մէջ վարժութեան վրայ հիմնուած գործնական կրթութիւն մը, որ պիտի օգնէր իրեն` ասպարէզ մը ընտրելու»:

«Արդեօք ոեւէ մէկը լրջօրէն կը հաւատա՞յ, թէ այն մանուկները, որոնք դպրոցէն խոյս կու տան 13 կամ 14 տարեկանին, պիտի կարենան նպատակաուղղուած եւ իմաստալից ձեւով շարունակել իրենց ուսումը մինչեւ 18 տարեկան», հարց կու տայ ան:

«Ինծի համար ասիկա պարզապէս կը թուի գաղափարաբանական յոյսի մը յաղթանակը` իրականութեան դէմ», կը նշէ ան:

Վուտհետ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ պետական այն ծրագիրներուն, որոնք կը միտին բարելաւել կարդալու մակարդակը նախակրթարաններու մէջ` օգտագործելով նախ տառերու ձայնային հնչեղութեան իւրացումին, ապա` բառերու ծանօթութեան վրայ հիմնուած մօտեցում մը:

Վուտհետ մինչեւ 2000 գլխաւոր քննիչը եղած է Բրիտանիոյ տարածքին կրթական մակարդակներու հսկող «Օֆսթետ» կազմակերպութեան եւ այժմ կը գլխաւորէ հասութաբեր դպրոցներու «Քոկնիթա» ընկերութիւնը: Անոր պատկերացումով, 11 տարեկան մանուկներու քով գրաճանաչութեան համեմատութիւնը 80 առ հարիւրէն պէտք է բարձրանայ 95 առ հարիւրի:

Սակայն ան կը քննադատէ ակադեմական համակարգեր հովանաւորելու վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի կոչը սեփական անկախ վարժարաններուն եւ զայն կ՛որակէ «բարոյապէս սխալ»:

«Գիտական կարելիութիւնները կամ խաղավայրերը որքա՛ն աւելի գործածուին չվճարող մանուկներու կողմէ, անոնք նոյնքան նուազ տրամադրելի կը դառնան այն մանուկներուն, որոնց ծնողները կը վճարեն», կ՛ըսեն ան:

«Եթէ գիտութեան շատ լաւ մասնագէտ մը կէս օր կը դասաւանդէ պետական դպրոցի մը մէջ, ուր կ՛ընդունուին տարբեր մակարդակի աշակերտներ, ատիկա լաւ է նման դպրոցի մը համար, սակայն չեմ կարծեր, թէ նպաստաւոր է այն մանուկներուն համար, որոնք կը յաճախեն սեփական վարժարան մը», կ՛աւելցնէ ան:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES