Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ
Անցնող շաբաթավերջին տօնական մթնոլորտ կը տիրէր Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, թաղականութիւն, տիկնանց յանձնախումբ, դպրաց դաս, քահանայ հայրեր բոլորն ալ լծուած էին ժրաջան աշխատանքի, որովհետեւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը պիտի նշուէր:
Շաբաթ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, ապա երեկոյեան ժամը 7:00-ին կատարուեցաւ հսկումի արարողութիւն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ մատաղի պատրաստութիւնը` մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը:
Կիրակի, 20 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ժամանեց եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն եւ դիմաւորում` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ: Այնուհետեւ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, կատարուեցաւ մատաղօրհնէք եւ հոգեհանգստեան պաշտօն` եկեղեցւոյ բարերարներուն, քահանայ հայրերուն եւ ծառայողներուն յիշատակին:
Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ շեշտը դրաւ աղօթելու գաղափարին վրայ եւ բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս պէտք է աղօթել: Ան նկատել տուաւ, որ աղօթքը Աստուծոյ հետ խօսակցութիւն է` աւելցնելով, որ անիկա ճիշդ ձեւով պէտք է ըլլայ, որպէսզի արդիւնք ունենայ:
Սրբազանը անդրադառնալով եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին յայտնեց, որ այս տօնը Ս. Աստուածածնի 3 տարեկան հասակին տաճար ընծայման տօնն է: Ան նկատել տուաւ, որ Աստուածածինի ծնողները ուխտած էին զինք յանձնել տաճարին եւ ըստ այնմ կատարեցին իրենց ուխտը: «Ուխտի հասկացողութեան մէջ կայ մեր ստացածին դիմաց մեր պարտականութիւնը կատարել», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը:
Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Թաղականութեան ատենապետ Յակոբ Տօնիկեան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք յայտնեց, որ օրուան մատաղը եւ սիրոյ սեղանը կը նուիրեն սրբազան հօր քահանայական ձեռնադրութեան 30-ամեակին` աւելցնելով, որ սրբազանին հոգեւոր ծառայութեան սկիզբը եղած է Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Ան սրբազանին մաղթեց քաջառողջութիւն, յարատեւ վերելք, նպատակներու եւ ծրագիրներու իրագործում:
Այնուհետեւ Ազգային Աբգարեան վարժարանի 80-ամեակի հանդիսութիւններու բացման առիթով, վարժարանի տնօրէն Գեղանի Էթիեմեզեան եւ հոգաբարձութեան ատենապետ Սեդա Պէօյիւքեան վարժարանի 80-ամեակի յուշանուէրը յանձնեցին սրբազան հօր: Սեդա Պէօյիւքեան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազանին, որ միշտ նեցուկ կը կանգնի վարժարանի վերելքին:
Իր կարգին, Գեղանի Էթիեմեզեան խօսք առնելով գոհունակութիւն յայտնեց, որ առաջնորդ սրբազանը իր յիշատակները կը գտնէ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ` մաղթելով, որ այդ յիշատակները վառ մնան: Ան նաեւ գնահատեց թաղականութեան, տիկնանց յանձնախումբին, դպրաց դասին կամաւոր աշխատանքը: Գ. Էթիեմեզեան պաշտօնապէս յայտարարեց վարժարանի 80-ամեակի ձեռնարկներուն սկիզբը:
Սրբազան հայրը խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց առիթին համար` աւելցնելով, որ 30-ամեակը նշումի առիթ մըն է, որովհետեւ ծառայութեան ամեակ մըն է, որ կամաւոր կերպով կատարուած է եւ անսակարկ է: Ան շեշտեց հաւաքական աշխատանքի կարեւորութիւնը հայ իրականութեան մէջ: Ան յայտնեց, որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ ճշմարտութիւնը եւ արժէքները, որոնց միջոցով կը համադրուի հաւաքական այն գործը, զոր ստիպուած ենք ընելու: «Մեր կատարածը ծառայական աշխատանք մըն է, որուն դիմաց գնահատանք չկայ, որովհետեւ ծառայողը չի սպասեր գնահատանքի, այլ սուրբ նպատակի համար կը ծառայէ», եզրափակեց Գեղամ արք. Խաչերեան:

