ՏԵՍԱԿԷՏ. ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՎԱՐՉԱԿԱԶՄԸ ԿԸ ՆԱՀԱՆՋԷ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԻՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔԷՆ
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թրքական «Անգարա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէին հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ժիւփէ առաջարկած է 1915-ի իրադարձութիւնները ուսումնասիրելու համար միացեալ յանձնախումբ մը ստեղծել, իսկ Թուրքիա ընդունած է այդ առաջարկը: Ժիւփէ Թուրքիոյ կոչ ուղղած է այդ յանձնախումբի ծիրին մէջ «յիշողութեան պարտքը հատուցելու» եւ նշած է, թէ Ֆրանսա պատրաստ է այդ ժողովը հիւրընկալելու:
Այսպիսով, Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն սառեցումէն ետք, անոնց ծիրէն դուրս պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբի մը գաղափարը շրջանառութեան մէջ կը դրուի, եւ զարմանալի չէ, որ Թուրքիա զայն կ՛ընդունի, որովհետեւ հայկական կողմէն դրական պատասխանի մը պարագային, Հայաստանի շրջափակումը կ՛ապահովուի, առաւել Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստը հարցականի տակ կ՛առնուի, եւ այս բոլորը` առանց նուազագոյն զիջումի:
Պատմաբաններու յանձնախումբի մը ծիրին մէջ «յիշողութեան պարտքը հատուցելու» Ժիւփէի կոչը եւ այդպիսի ժողով մը հիւրընկալելու Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը անհեթեթ է ու կը հակասէ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի Երեւանի մէջ կատարած յայտարարութիւններուն:
Սարքոզի Ծիծեռնակաբերդի մէջ յայտարարեց, որ «եթէ մինչեւ տարեվերջ Թուրքիա չճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա պիտի դիմենք ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը քրէականացնող օրէնքի ընդունման»: Այս առումով Անգարայի մէջ կատարուած յայտարարութիւնը Ֆրանսայի վարչակազմին երեւանեան կեցուածքէն նահանջ մըն է` ցեղասպանութեան ճանաչումի պահանջէն դէպի այդ պատմական փաստի քննարկման հրաւէր:
Ֆրանսայի նախագահը Երեւանի մէջ «հաւաքական ժխտողականութիւնը շատ աւելի վտանգաւոր» նկատեց եւ շատ աւելի «անընդունելի, քան ժխտողականութիւնը անհատական մակարդակի վրայ», իսկ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը Անգարայի մէջ ջուր կը լեցնէ ժխտողականութեան ջաղացքին մէջ: Ան թէեւ կը նշէ, թէ Ֆրանսա ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն գործնական գետնի վրայ կը հակասէ իր երկրի խորհրդարանի այդ որոշումին: Այստեղ գործն է կարեւորը եւ ոչ թէ խօսքը:
Սարքոզի Հայաստանի մէջ յայտարարեց, որ նախագահ Սարգսեանը քաջալերած է Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւնը շարունակելու, սակայն այս հրաւէրը այդ երկխօսութիւնը կը սահմանափակէ Հայոց ցեղասպանութեան անքննարկելի նիւթով: Սարքոզի Հայաստանի հետ սահմանի փակ մնալը «անընդունելի» նկատեց, սակայն այս հրաւէրը այդ անընդունելի երեւոյթին յարատեւումը եւ ղարաբաղեան նախապայմանի ամրապնդումը կ՛ապահովէ:
Ժիւփէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը յանձնախումբի ծիրին մէջ քննարկելու հարցը «անյաջող գաղափար» չի նկատեր, սակայն եթէ Ֆրանսայի նպատակը, ըստ Սարքոզիի յայտարարութեան, Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն է, ապա ֆրանսական վարչակազմը ասկէ աւելի ձախող գաղափար մը չէր կրնար յղանալ:
Այս գաղափարին անհեթեթութիւնը մտածել կու տայ, թէ այդ երկխօսութիւնը կամ անոր գաղափարը պիտի շահարկուի Սարքոզիի ստանձնած երեւանեան յստակ յանձնառութենէն ձերբազատելու համար: Կը թուի, թէ Սարքոզի այն համոզումը գոյացուցած է, որ Սուրիոյ հարցով Թուրքիոյ հետ գործակցիլը աւելի շահաւէտ է, քան` Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեանց ընթացքին հայերէն ստանալիք թէական քուէները:

