ՆՇՄԱՐ. ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ, ԳՕՏԵՊՆԴՈՂ ԵՒ ՊԱՐՏԱՒՈՐԵՑՆՈՂ ԵՐԵՒՈՅԹ
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Շաբաթ 19, նոյեմբերի յետմիջօրէի ժամը 2:30-ն է: Տարբեր վարժարաններէ աշակերտներ կը հաւաքուին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահ` մասնակից դառնալու համար «Վէրք Հայաստանի» գիրքի մրցանքին: Ինչպէս որեւէ մրցանքի նախօրէին, այս պարագային եւս աշակերտներուն մօտ կայ վախի բնական զգացողութիւն: Աշակերտները փոքր խումբեր կազմած կը փորձեն վերջին պահուն կարծիքներու եւ տեղեկութեանց փոխանակումով իրենց վերջին վերաքաղը կատարել: Պահը համակող է «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
Հարց կու տամ աշակերտի մը, թէ ինչպէ՞ս պատրաստուած է մրցանքին, կը պատասխանէ, թէ երկու անգամ կարդացած եւ նաեւ ուսուցիչի հսկողութեամբ ամփոփումը կատարած է, որպէսզի հիմնական բովանդակութեան տիրապետէ: Այլ աշակերտ մը կը վկայէ, որ գիրքի բովանդակութիւնը քիչ մը բարդ է, այսուհանդերձ ուսուցիչի օժանդակութեամբ յաջողած է աւարտել եւ պատրաստուիլ մրցանքին: Երրորդ մը կը դիմէ խնդրելով կարգ մը լուսաբանութիւններ: Տարօրինակ զգացում մը կը պատէ զիս` գիրի, գրականութեան եւ ընթերցանութեան նահանջի այս ժամանակաշրջանին մէջ խումբ մը աշակերտներ, ամբողջական լրջութեամբ պատրաստուած են մասնակցելու գիրքի մրցանքի:
Դատական կազմի անդամներէն մէկը ժպտալով կ՛ըսէ, թէ երանի իրենց ժամանակներուն, երբ գիրքերը ընթերցանութեամբ կը յափշտակուէին, այսպիսի մրցանքներու մասնակցութեան առիթ ընձեռուէր: Երկրորդ մը կ՛առաջարկէ, որ այս առաջին փորձէն ետք մտածուի մրցանքին տալու հետեւողական ու շարունակական բնոյթ: Այլ պատասխանատու մը արդարօրէն բաղձանք կը յայտնէ, որ այսպիսի մրցանքներուն տրուի համահայկական տարողութիւն:
Ժամանակը կարճ է, ժամը 3:00-ը կ՛անցնի եւ արդէն մրցանքը պէտք է սկսի: Պահը կրնայ պարզ թուիլ, բայց եթէ փորձենք յանձնառու կերպով մտածել, պիտի տեսնենք, որ իսկապէս մասնակցող աշակերտները, ինչպէս նաեւ այսպիսի նախաձեռնութիւններ նիւթապէս ու բարոյապէս քաջալերողները հաւաքաբար մեզ կը դնեն մեծ պատասխանատուութեան դիմաց, եւ մենք ուրախութեամբ ու գօտեպնդուած` իբրեւ կազմակերպիչներ կը մտածենք ու կը խորհրդակցինք ներկայացուած հարցերուն եւ առաջարկներուն մասին եւ կ՛եզրակացնենք, որ հաւաքական գործով անպայման կարելի կ՛ըլլայ այսպիսի ձեռնարկներ յաջողցնել, մթնոլորտ ստեղծել` ունենալով նաեւ այն իրապաշտ մօտեցումը, որ այդքան ալ դիւրին աշխատանք չէ, բայց անհրաժեշտ ու կենսական է եւ հայ կեանքի առաջնահերթութեանց մաս կը կազմէ: Պէտք է հաւաքաբար մտածենք այս եւ այլ նման առաջնահերթութեանց մասին: Անշուշտ նոյն պահուն, ամէն վայրկեան մեր նայուածքները կ՛ուղղուին աշակերտներուն, որոնք կեդրոնացած կը պատասխանեն հարցարաններուն:

