ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՄԷՋ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ` ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ

Բախումներէն պահ մը

Պահրէյնի մէջ երկրորդ օրն ըլլալով ցուցարարներու եւ ապահովական ուժերու միջեւ բախումներ տեղի ունեցան: Շաբաթ օր բախումները ընթացք առին, երբ ոստիկանութեան պատկանող ինքնաշարժ մը ժաաֆար շրջանին մէջ ցոյց մը ցրուելու ընթացքին բախեցաւ 16-ամեայ պատանի մը:

Բռնարարքները տեղի ունեցան փետրուարէն ի վեր աւելի քան երեսուն զոհ պատճառած տագնապին շուրջ միջազգային յանձնախումբի մը կողմէ զեկուցումի մը հրապարակումէն հազիւ օրեր առաջ:

Պահրէյնի կեդրոնական նահանգի ոստիկանապետը յայտարարեց, որ երկու անձեր վիրաւորուած են եւ չորս ինքնաշարժներ վնասուած, երբ շուրջ 25 անձեր Իսա քաղաքի շրջանին մէջ անոնց վրայ բիրեր եւ քարեր նետած են:

Ոստիկանապետը նշեց, որ այդ 25 անձերէն ոմանք փորձած են նշեալ շրջանի Ամման փողոցը փակել, սակայն քաղաքացիները փորձած են արգելք հանդիսանալ, այդ պատճառով ալ այդ անձերը քաղաքացիներուն վրայ քարեր եւ երկաթեայ ցողեր նետած են:

Ոստիկանապետը յայտնեց, որ ապահովական ուժերը դէպքին շուրջ հետաքննութեան ձեռնարկած են եւ կասկածելիները կը հետապնդեն:

Share this Article
CATEGORIES