ԺԻՒՓԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ` ՊԱՏՄԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՃԱՄԲՈՎ «ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐՏՔԸ ՀԱՏՈՒՑԵԼՈՒ»

Ժիւփէ եւ Տաւութօղլու

Թրքական «Անգարա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ  Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիա կ՛ընդունի 1915-ի իրադարձութիւնները ուսումնասիրելու համար միացեալ յանձնախումբ ստեղծելու Ժիւփէի կոչը:

Տաւութօղլու ըսած է, որ հանդիպումին ընթացքին Ժիւփէ կոչ ուղղած է 1915-ի իրադարձութիւններու ուսումնասիրման համար ստեղծել պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբ մը, ինչ որ Թուրքիա կ՛ընդունի:

«Մենք պատրաստ ենք քննարկելու պատմութիւնը: Սակայն կ՛ուզեմ նշել, որ մենք դէմ ենք այնպիսի օրէնքներու գոյութեան, ինչպիսիք են օրինակ, Ֆրանսայի ծերակոյտին մէջ գոյութիւն ունեցող օրինագիծը (Հայոց ցեղասպանութեան փաստի ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ. «Ա.»), որ անկարելի պիտի դարձնէ այդ քննարկումներուն ժամանակ մենք զմեզ պաշտպանելու կարելիութիւնը», ըսած է Տաւութօղլու:

Ժիւփէ յիշեցուցած է, որ Ֆրանսայի խորհրդարանը 1915-ի իրադարձութիւնները ճանչցած է իբրեւ ցեղասպանութիւն, միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով, որ ատիկա բաւական դժուար խնդիր է:

«Մենք չենք ուզեր որեւէ մէկուն դաս տալ: Բոլոր գերպետութիւնները իրենց անցեալին հետ կապուած յիշողութեան պարտք կը հատուցեն: Ֆրանսան ալ ատիկա ըրած է: Ատիկա Թուրքիոյ, թուրքերուն համար շատ ցաւոտ, սակայն միեւնոյն ատեն հայերուն համար ալ շատ ցաւոտ ժամանակաշրջան է: Այդ պատճառով ես կը նշեմ, որ յիշողութեան պարտքը պէտք է հատուցուի պատմաբաններու յանձնախումբի ծիրին մէջ: Հաւանաբար Ֆրանսան կարենայ այդպիսի ժողով մը հիւրընկալել», ըսած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը:

 

Share this Article
CATEGORIES