ՍԷՅՖՈՒԼ ԻՍԼԱՄ ՔԱԶԶԱՖԻ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵԼԷ ԵՏՔ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑ ԻՐ ԹԱՓ ՏՈՒԱԾ ՄԱՏԸ

Շաբաթ օր Հարաւային Լիպիոյ Օպարի շրջանին մէջ եւ օրեր շարունակ հսկողութեան տակ գտնուելէ ետք Սէյֆուլ Իսլամ Քազզաֆի եւ Ապտալլա Սանուսիի որդին ձերբակալուեցան: Ան իր հօր` Մոամմար Քազզաֆիի սպանութենէն մէկ ամիս ետք յայտնաբերուեցաւ լքուած տան մը մէջ:

Լիպիոյ ըմբոստներէն մէկը «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ իր զինակիցները կտրած են Սէյֆուլ Իսլամի ձեռքէն երեք մատ, իբրեւ պատիժ լիպիական տագնապի առաջին օրերուն իր պատկերասփռուած առաջին ճառին ընթացքին մատ թափահարելուն: Սէյֆուլ Իսլամ շաբաթ օր ձերբակալուելէ ետք «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած էր, որ ինք առողջութեամբ լաւ է, սակայն մէկ ամիս առաջ ՕԹԱՆ-ի մէկ օդային հարուածին պատճառով ձեռքի մատները կորսնցուցած է:

«Զենթան» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Քազզաֆիի որդին զինք ձերբակալած ջոկատի հրամանատարին երկու միլիառ տոլարի կաշառք առաջարկած է փոխան իր ազատ արձակման փոխարէն: «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Լիպիոյ Ազգային խորհուրդը որոշած է Սէյֆուլ Իսլամը Միջազգային քրէական դատարանին չյանձնել:

Բրիտանական «Տէյլի Սթար Սանտէյ» օրաթերթը հաղորդեց, որ բրիտանական «Էմ.Այ.6» գաղտնի սպասարկութեան լրտեսները 25 միլիոն սթերլինկ արժած գործողութեան մը ծիրին մէջ օժանդակած են Քազզաֆիի որդիին ձերբակալման:

 

Share this Article
CATEGORIES