ՔՐՏԱԿԱՆ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԽՄԲԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐԷՆ. ՊԱՐԱԶԻՆԵՐԸ` ՑԵՂԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԻՆ ԱԶՆՈՒԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴՆԵՐ
Քրտական հին, մեծ եւ բազմաճիւղ ցեղային միութիւն են Պարազիները, որոնք կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են պատմութեան մէջ, իշխանութիւն հաստատած են եւ իրենց զօրութիւնը տարածած են գլխաւորաբար Սուրուճի եւ Ուրֆայի շրջաններուն մէջ:
ՊԱՐԱԶԻՆԵՐՈՒՆ ԾԱԳՈՒՄԸ
ԵՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԸ
Պարազիներուն օրրանը, ցեղային աւանդութեան համաձայն, Իրանի հիւսիս-արեւելեան Խորասան երկրամասն է, եւ Խորասանի ու Հերաթի իշխան Պարազ Պանտէ ցեղախումբին անուանադիր նախահայրն է: Պարազ կամ պիրէզ կը նշանակէ յարգելի, եւ անձնանունէն առաջ գործածուող անուանակոչում մըն էր: Պատմութեան մէջ յիշուած է նաեւ պարսիկ Աքեմենեաններու Արտաքսերքսէս Ա. թագաւորի (Ն. Ք. 465-425) եօթը ծառաներէն մէկը` Պարազին:
Իսլամական արշաւանքներէն մօտաւորապէս դար մը ետք Պարազիները իրենց բնօրրանը ձգեցին եւ դէպի արեւմուտք գաղթելով հասան վերին Միջագետք եւ Հայաստանի սահմանները, եւ մասամբ արաբ ցեղախումբերով բնակուած շրջաններու մէջ կայք հաստատեցին: Աւանդութիւն մը կ՛ըսէ, որ անոնք առաջնակարգ սուսերամարտիկներ էին եւ անոնց ցեղանունը արաբերէն «մուպարազա», այսինքն` սուսերամարտ բառէն սերած է:
ՄԱՐՈՒԱՆԵԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ
ԿԱԶՄԷՆ ՆԵՐՍ
Պաղտատի Աբասեան խալիֆայութեան կազմէն ներս Պարազիներ սկսան իրենց ազդեցութիւնը տարածել եւ աւատական տիրոյթներ ձեռք ձգեցին: Այս ժամանակ քիւրտեր մարուանեան (մարդեր) եւ նամարուանեան (տմարդիներ) անուններով երկու ճակատի բաժնուած էին: Պարազիները մարուանեաններուն միացան: Մարուանիները Պազիի (Պատի) գլխաւորութեամբ իշխանութիւն հաստատեցին: Հայագէտներ Մանուկ Աբեղեանի եւ Կարապետ Մելիք-Օհանջանեանի կարծիքով Պազին «Սասունցի Դաւիթ»ի մէջ յիշուած Կոզ Բադինն է:
Պազի սկիզբը պարզ խաշնարած մըն էր եւ անուանի դարձած էր իր հիւրասիրութեամբ: Իր այցելուները պատուելու համար ոչխարներ կը զենէր եւ կը հիւրասիրէր զանոնք: ԱՆ իր գործունէութեան սկսաւ Խիզանի լեռներուն վրայ, սկիզբը` իբրեւ աւազակ: Հսկայ եւ խիզախ մարդ, ան սարսափ տարածեց շրջանին մէջ: Ժամանակի ընթացքին հոծ բազմութիւններ համախմբուեցան իր շուրջ: Ձեռք ձգուած աւարը ան հաւասարապէս կը բաժնէր իր հետեւորդներուն: Այնուհետեւ ան սկսաւ նուաճողական արշաւանքներու:
Այս ժամանակ հարաւէն քրտական ցեղախումբեր տեղաշարժեցան դէպի հիւսիս: Բագրատունիները բաւական տկարացած էին, արաբ Համտանիները` քայքայուած, իսկ Կայսիկները ոչնչացած էին:
Պազիի գլխաւորութեամբ քիւրտեր նուաճեցին Ապահունեաց գաւառը, Վանայ լիճին հիւսիս-արեւմտեան շրջանները, Խլաթը, Արճէշը, Մանազկերտը, Հիսն Քէյֆը, Ամիդը եւ Մայաֆարղինը (Նփրկերտ. ներկայիս` Սիլվան):
Իր դիրքերը ամրապնդելէ եւ Մայաֆարղինը իրեն կեդրոն դարձնելէ ետք Պազի որոշեց ինքզինք թագաւոր հռչակել եւ պատրաստուեցաւ յարձակելու Պաղտատի վրայ: Բայց Դայլամիները, Պուի ցեղախումբին գլխաւորութեամբ, 984-ին շարժեցան անոր վրայ. Պազի տեղի տուաւ եւ 985-ին հաշտութիւն կնքուեցաւ կողմերուն միջեւ:
Մուսուլի կառավարիչ Սաատի մահէն ետք, 988-ին Պազի որոշեց գրաւել Մուսուլը եւ յարձակեցաւ Պուիներուն վրայ: Նիսիպինի մօտ տեղի ունեցած ճակատամարտին Պազի պարտուեցաւ եւ եղբայրը` Ապուլ Ֆաուարէս զոհուեցաւ:
Մուսուլի մէջ Պուիներուն դէմ բռնկած խռովութենէն օգտուելով Պազի վեց հազար կռուողներու գլուխը անցած 990-ին յարձակեցաւ քաղաքին վրայ. խառնաշփոթութեան ընթացքին Պազի ձիէն ինկաւ. քեռորդին` Ապու Ալի իպն Մարուան չկրցաւ ձի նստեցնել զայն: Պազի սպաննուեցաւ եւ անոր զօրքը նահանջեց դէպի Մայաֆարղին:
Պատերազմի դաշտէն հեռանալէն ետք Ապու Ալի իպն Մարուան մեկնեցաւ Հիսն Քէյֆ, ուր կը գտնուէր Պազիի կինը. անոր պատմեց դժբախտ պատահարը եւ յետոյ ամուսնացաւ անոր հետ: Այնուհետեւ ան մեկնեցաւ Մայաֆարղին եւ իրեն ենթարկեց Պազիի տիրոյթները:
Առիթը յարմար նկատելով արաբ Համտանիները փորձեցին վերահաստատել իրենց իշխանութիւնը Տիարպեքիրի մէջ, բայց պարտուեցան: Այնուհետեւ Ապու Ալի իպն Մարուան Եգիպտոս գնաց եւ Ֆաթիմեաններէն ստացաւ Հալէպի նահանգը եւ այլ վայրեր: 992-993-ին ան դէմ դրաւ բիւզանդացիներու յարձակումներուն եւ հաշտութիւն կնքեց անոնց հետ: Այնուհետեւ ճնշեց Մայաֆարղինի իսլամ բնակչութեան ընդդիմութիւնը եւ վտարեց զանոնք, քաղաքին մէջ ձգելով գլխաւորաբար հայերը եւ ասորիները: Ան դաւադրաբար սպաննուեցաւ 997-ին, Ամիդի մէջ, ուր գացած էր ամուսնանալու Համտանի ցեղախումբէն Սիթ էլ Նասի հետ:
Ապու Ալի իպն Մարուանի յաջորդեց եղբայրը` Ապու Մանսուր Սայիտ իպն Մարուան` Մոհամէտ ալ Տաուլա կոչումով: Ան 998-ին ամուսնացաւ Սիթ էլ Նասի հետ եւ դաւադրաբար սպաննուեցաւ 1010-ին:
Անոր յաջորդեց Ապու Նասր Ահմէտ իպն Մարուան. իր օրով իշխանութիւնը բարգաւաճեցաւ եւ զարգացաւ երկրագործութիւնը: Նորանոր արշաւանքներով ան ընդարձակեց իշխանութեան տարածքը: Իր օրով սկսան սելճուքեան արշաւանքները: Ան մահացաւ 1061-ին: Անոր յաջորդները` Նիզամ ալ Տաուլա (1061-1079) եւ Նասիր ալ Տաուլա Մանսուր (1079-1085) անուանական իշխանութիւն մը պահպանեցին:
ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՐՇԱՒԱՆՔՆԵՐԷՆ ԵՏՔ
Թրքական ցեղախումբերու արշաւանքներէն ետք Պարազի ցեղի տարբեր հատուածներ ցրուեցան եւ ոմանք Վանայ լիճի շրջանը գաղթեցին:
Թուրքմէն թափառաշրջիկ Քարաքոյունլու ցեղախումբերը ԺԳ. դարուն տարածուեցան դէպի Ատրպատական եւ Հայաստան: Անոնց ցեղապետ Քարա Մոհամէտ 1378-ին միաւորեց Ալաշկերտի եւ Կոգովիտի ցեղախումբերը եւ իշխանութիւն հաստատեց: Անոր որդին` Քարա Եուսուֆ իրեն ենթարկեց Հայաստանի եւ Ատրպատականի մեծ մասը: Պարազիները Քարաքոյունլուներուն միացան եւ անոնցմէ հատուածներ տարածուեցան դէպի Բարձր Հայք: Այս ժամանակ սկսան Լենկթիմուրի աւերիչ արշաւանքները Հայաստանի վրայ եւ 1393-ին Քարաքոյունլուները պարտութիւն կրեցին: Համատարած խառնակութեանց եւ աւերածութիւններու այդ տարիներուն, մօտաւորապէս 1400-ին Պարազիներէն ընտանիքներ Երզնկայի մօտակայքը հասնելով հոն կայք հաստատեցին եւ Քամհօ գիւղը հիմնեցին: Քարաքոյունլու Քարա Եուսուֆ 1405-ին վերականգնեց իր իշխանութիւնը եւ 1411-ին գրաւեց Պաղտատը:
Այս ժամանակ Պարազիներէն որոշ հատուածներ կեդրոնացան Ուրֆայի եւ Սուրուճի շրջաններուն մէջ եւ ընդարձակ հողեր ձեռք ձգելով աւատական իշխանութիւն հաստատեցին:
Թուրքմէն Աքքոյունլու թափառաշրջիկ ցեղախումբերը տարածուած էին Ամիդէն մինչեւ Սեբաստիա: Անոնց ցեղապետ Ուզուն Հասան 1467-ին յաղթեց Քարաքոյունլուներուն եւ իշխանութիւն հաստատեց, որմէ ետք Պարազիները Աքքոյունլուներուն ենթարկուեցան: Ուզուն Հասան 1473-ին պարտուեցաւ օսմանցիներէն եւ կորսնցուց իր տիրոյթներուն մէկ մասը:
Թրքական Քայը ցեղախումբին մէկ հատուածը` Քարաքեչելիները, որոնք Ուրֆայի շրջանին մէջ կայք հաստատած էին, Պարազիներուն միացան եւ ժամանակի ընթացքին իրենց ինքնութիւնը կորսնցնելով քրտացան: Պատմական տարեգրութեանց համաձայն Քայը ցեղախումբէն եւ հաւանաբար ալ Քարաքեչելի հատուածէն սերած է Օսմանեան արքայատոհմը:
Թուրք-պարսկական իրերայաջորդ երկարատեւ պատերազմներու, խառնակութիւններու եւ շրջակայ ցեղախումբերու հետ պայքարներու պայմաններուն տակ, ինչպէս նաեւ նոր կենսատարածքներ ձեռք ձգելու նպատակով Պարազիներէն հատուածներ աստիճանաբար տարածուեցան դէպի հիւսիս: Էրզրումի եւ Երզնկայի շրջանները հասնելով, 1730ական տարիներուն անոնք Աքփընար գիւղը իրենց կեդրոն ընտրեցին եւ բաւական հողեր ձեռք ձգեցին:
ՑԵՂԱՅԻՆ ՄԵԾ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԶՕՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ
Քրտական Հին իշխանութիւնները աստիճանաբար նուաճուեցան օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ եւ քայքայուեցան:
Պարազիները, շնորհիւ իրենց լայն տեղաբաշխումին եւ ռազմական ուժին, կազմակերպուեցան իբրեւ ցեղային մեծ միութիւն եւ նորանոր ընդարձակ հողեր գրաւեցին հիւսիսային Ճեզիրէի մէջ, Ուրֆայի հարաւէն մինչեւ Եփրատի ափերը:
Պարազիներու ճիւղ մը ԺԸ. դարուն սկիզբը կեդրոնացաւ Համայի մէջ, ուր անոնք մեծ հողատէրեր դարձան եւ 49 գիւղեր ձեռք ձգեցին: Պարազիներուն հետ, Համայի իշխող արաբ ընտանիքներն էին Քայլանիները, Ազմերը եւ Թայֆուրները:
Քրտական Միլլի ցեղային միութիւնը, Քելէշ Ապտի աղայի ղեկավարութեան տակ, ԺԸ. դարուն զօրացաւ հիւսիսային Ճեզիրէի մէջ եւ յատկապէս անոր յաջորդներուն` Թիմուր պէյի եւ Էյուպ ու Մահմուտ եղբայրներուն օրով գերակշռութիւն հաստատեց Սուրուճի եւ Ուրֆայի Պարազիներուն վրայ: Պարազիները Միլլիներու ցեղային համադաշնակցութեան կազմին մէջ մտան. միացան նաեւ բազմատասնեակ այլ ցեղախումբեր, որոնք բոլորը միասին շուրջ յիսուն հազար ձիաւոր կռուող ունէին: Անոնք տեւական կռուի մէջ էին արաբական Անազա, Շամմար եւ այլ ցեղախումբերու դէմ:
Այս ժամանակաշրջանին, մօտաւորապէս 1830-ին սասունցի հայ մը` Գէորգ, Սուրուճի Պարազիներու շրջանը փոխադրուելով Հալիկորայ գիւղէն ջաղացպան Ակոյի աղջկան հետ ամուսնացաւ եւ ունեցաւ երեք զաւակ` Սարգիս, Պետրոս եւ Կիրակոս: Անոնք մեծ անուն հանեցին աշիրէթական կռիւներուն մէջ: Սուրուճցիներուն մօտ պահպանուած աւանդութեան մը համաձայն անոնք եւ Գէորգ Չաւուշ նոյն գերդաստանէն էին:
Համայի Պարազիները ԺԹ. դարու կէսերուն զօրացան եւ Պաքիր աղա Պարազի ցեղախումբին գլխաւոր ներկայացուցիչը դարձաւ: Նոյն ժամանակ Միլլիներու Մահմուտ աղա Բ. Վերանշեհիրը ցեղային կեդրոնի վերածեց: Իսկ Իպրահիմ փաշա, Թեմօ աղայի տղան, 1890-ին ստանձնեց Միլլիներու ցեղային միութեան ղեկավարութիւնը եւ կիսանկախ իշխանութիւն հաստատեց Սուրուճէն Ուրֆա, Սեւերէկ, Տիարպեքիր եւ մինչեւ Մարտին տարածուող շրջաններուն մէջ: Սուլթան Համիտ, նկատի ունենալով անոր ուժն ու հեղինակութիւնը, աշխատեցաւ սիրաշահիլ զայն եւ բարեկամութիւն հաստատեց անոր հետ:
Պարազիները սերտ գործակցութիւնը պահպանեցին Միլլիներուն հետ եւ Շահին աղա Պարազիի ղեկավարութեան տակ իրենց աշիրէթական զօրութիւնը տարածեցին ցեղային այլ խմբաւորումներու վրայ: Նոյն ժամանակ Համայի ճիւղէն անուանի դարձաւ Մուսթաֆա փաշա Պարազի:
Սուլթան Համիտի կողմէ կազմակերպուած քիւրտ կռուողներէ բաղկացած համիտիէներու զինուորական կազմակերպութենէն ներս Միլլի ցեղախումբերու առանձին բաժանմունք կազմուեցաւ: Քսան զօրագունդերէ բաղկացած եւ Իպրահիմ փաշայի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ գտնուող այդ բաժանմունքին մէջ Պարազիները երեք զօրագունդ կազմեցին, երկուքը` Սուրուճի շրջանին եւ մէկն ալ Ուրֆայի շրջանին մէջ:
Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, 1908-ին, Իպրահիմ փաշա հեղինակազրկուեցաւ եւ բանակին կողմէ հալածական` անձնասպան եղաւ:
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ
ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ
Առաջին համաշխարհային պատերազմի (1914-1918) ծանր տարիներէն եւ հայութեան բռնագաղթէն ու ցեղասպանութենէն ետք, օսմանեան պարտուած բանակները ցիրուցան քաշուեցան եւ դաշնակից յաղթական անգլիական եւ ֆրանսական եւ անոնց հետ` արաբական զօրքերը հասան մինչեւ հիւսիսային Ճեզիրէ, որմէ ետք, նոր սահմանագծումներով, Պարազիներուն կենսատարածքը բաժնուեցաւ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ:
Ֆրանսական հոգատարութեան տակ մտած սուրիացի ժողովուրդը 1920ին պայքարի դաշտ իջաւ: Դամասկոսէն սկսած շարժումը տարածուեցաւ դէպի Ճեպէլ Տրուզ, Հաուրան եւ այլ շրջաններ: Նոյն ժամանակ Պարազիները, Շահին աղայի տղոց` Մուսթաֆայի եւ Պոզանի գլխաւորութեամբ Ճեզիրէի Թուրքիոյ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ դիմադրութիւն ցոյց տուին եւ ընդդիմացան իրենց շրջաններուն մէջ Ֆրանսական իշխանութեան հաստատման: Կռիւներուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան Նեճիպ եւ Ահմէտ աղա Պարազիները:
Ճեպէլ Տրուզի կռիւները 1925-ին սաստկացան. նոյն ժամանակ, հոկտեմբերի սկիզբը Համայի բնակիչները, որոնց շարքին կարեւոր դեր ունեցան պետեւի ցեղախումբերը եւ Պարազիները, ապստամբութիւն բարձրացուցին եւ ազատ արձակեցին հարիւրաւոր բանտարկեալներ: Ֆրանսական բանակը հրետանային եւ օդային ռմբակոծումներու տարափին տակ նուաճեց քաղաքը. ինկան հարիւրաւոր զոհեր:
Նոյն տարիներուն, Թուրքիոյ մէջ սկսած քրտական պայքարին եւ քիւրտերու դէմ շղթայազերծուած հալածանքներու պայմաններուն տակ, շատ մը Պարազիներ եւ անոնց աղաները Թուրքիայէն հեռացան եւ Սուրիոյ իրենց ցեղակիցներուն մօտ ապաստանեցան:
Պարազիները սկիզբէն զօրավիգ կանգնեցան Թուրքիոյ դէմ քրտական յեղափոխական պայքարին, կապեր հաստատեցին յեղափոխութեան առաջնորդ կազմակերպութեան` «Հոյպուն»ի ղեկավարութեան հետ եւ գործօն մասնակցութիւն ունեցան անոր կազմակերպման, զօրացման եւ տարածման մէջ: Անոնցմէ Շահին պէկ Պարազի «Հոյպուն»ի ղեկավար անդամ դարձաւ:
Պոզան պէկ Պարազի ընդհանուր ցեղապետութիւնը ստանձնելէն ետք մեծ հեղինակութիւն ձեռք ձգեց թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Սուրիոյ պետական շրջանակներէն ներս եւ Ուրֆայէն թրքական խորհրդարանի երեսփոխան ընտրուեցաւ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ