ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ վարչապետը համոզուած է, թէ ժամանակը արդէն հասած է Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման առումով վերջնական որոշում տալու:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի պատկերասփռուած ճառով մը յառաջիկայ 27 նոյեմբերին հանդէս պիտի գայ Թրիփոլիի Ռաշիտ Քարամէի անուան համալիրին մէջ տեղի ունենալիք քաղաքական փառատօնին, որ պիտի կազմակերպուի Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի նիստին մասին իրենց ներկայացուելիք թղթածրարին հիման վրայ է, որ պիտի տան այդ երկխօսութեան մասնակցելու որոշումը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ եթէ ինք վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի գտնուած կացութեան մէջ ըլլար, կը նախընտրէր Արաբական լիկային մէջ ձեռնպահ մնալ, արաբական մեծամասնութեան դէմ կեցուածք ճշդելու փոխարէն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ ընդգծեց, որ Հըզպալլա տեւաբար կը զօրակցի Լիբանանի ազգային երկխօսութեան, սակայն ան կը մերժէ երկխօսութեան վերաբերող նախապայմանները:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ դատական ատեանի բանբեր Մարթըն Եուսեֆ շեշտեց, որ Միջազգային դատական ատեանը իր երրորդ տարուան գործունէութեան համար պիւտճէ կրցած է ապահովել հինգ ցամաքամասերէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ժողովրդականութիւնը բաւական նուազած է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Սայեղ յայտնեց, որ Միջազգային դատական ատեանը պէտք է շարունակէ իր առաքելութիւնը` աւելցնելով, որ ինք լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն չի վստահիր:

ՇԷՅԽ Պիլալ Տըքմաք խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ իշխանութեան դէմ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն ընթացքին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի լուսանկարներուն հրկիզումը:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ցուցմունքներով է, որ Լիբանան Արաբական լիկային մէջ Սուրիոյ անդամակցութեան սառեցման բանաձեւին դէմ քուէարկած է:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել մաղթեց, որ լիբանանցիները Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին լուծեն իրենց հարցերը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կը զօրակցի Նեժիպ Միքաթիի կողմէ վարչապետի պաշտօնի պահպանումին, սակայն ան մտահոգ է Սուրիոյ իրադարձութիւններով:

ԸՍՏ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին, Միջազգային ընտանիքը մտահոգ է Լիբանանի կայունութեամբ:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, աշխատավարձերու յաւելման վերջնական որոշումը պիտի տրուի այս ամսուան աւարտին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նետիմ Ժեմայէլ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն վերածուած է Սուրիոյ պաշտօնական բանբերին:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Եուսեֆ Ալի Օսէյմին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել` պահպանելու համար լիբանանցիներուն շահերը:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ իր ստանձնած նախարարութիւնը ճիգ չի խնայեր արտերկրի լիբանանցիներուն զօրակցելու եւ լիբանանեան միասնականութիւնը ամրապնդելու նպատակով:

ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ եւ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ կառավարութիւնը կը ջանայ երկրին մէջ բարեկարգումի ծրագիրները շարունակել եւ ներդրումի մթնոլորտը բարելաւել: Ան նկատել տուաւ, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը կ՛ապահովէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն մասնակցութիւնը` աւելցնելով, որ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իր կարգին պէտք է համաձայն գտնուի այդ օրէնքին որդեգրման:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մարուան Խայրէտտին նշեց, որ սուրիական վարչակարգին տապալումը կը նշանակէ շրջանին մէջ իսրայէլեան գոյացութեան պահպանումը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ իր համոզումով, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երբեք չէ փոխուած, հակառակ անոր որ ան միացած է խորհրդարանական մեծամասնութեան: Սուրիոյ տագնապին մասին խօսելով` Ասուատ հաստատեց, որ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը պիտի չտապալի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Խրէյս ընդգծեց, որ պէտք չէ արտօնել արտաքին ուժերուն կամ պետութիւններուն, որպէսզի իրենք որոշեն լիբանանցիներուն ճակատագիրը:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, Սուրի մէջ արձանագրուած երկու պայթումներուն շուրջ բացուած հետաքննութեան արդիւնքները եղած են հետաքրքրական: Միւս կողմէ, «Նահար» օրաթերթին համաձայն, արդէն իսկ յստակացած է, որ այդ պայթումները գործուած են Ռաշիտիէ գաղթակայանին մէջ գտնուող սալաֆական խմբաւորումի մը կողմէ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին հետ` խստիւ դատապարտելով առաջնորդարանին դէմ գործուած գողութիւնը: Ան շեշտեց, որ հոգեւոր հեղինակութիւններուն դէմ գործուած նման արարքները կը սպառնան երկրին կայունութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին ուղղուած կոչերը` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ճամբով, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի խնդրանքով է, որ ուղղուած են: Ան նշեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ենթակայ են սուրիական վարչակարգին, որ կը ճշդէ Լիբանանի արտաքին քաղաքականութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կեանքը կարճ է` աւելցնելով, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ օր մը օրանց չէ շեղած Մայրիներու յեղափոխութեան սկզբունքներէն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ նախարարներ Ղազի Արիտիի եւ Մոհամետ Սաֆատիի միջեւ արձանագրուած բանավէճը քաղաքական խորք չունի:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի մինչեւ ընթացիկ ամսուան աւարտը հրաժարի իր պաշտօնէն:

ՆԱԽ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Թամմամ Սալամ նշեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի սերմեր չկան:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր յայտնեց, որ Լոնտոն շահագրգռուած է Լիբանանի հետ առեւտրական յարաբերութիւններուն ամրապնդումով:

 

Share this Article
CATEGORIES