ՓԻԵՌ ԺԵՄԱՅԷԼԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ Ե. ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Հոգեհանգստեան արարողութեան ներկաները

Նախկին նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  սպանութեան Ե. տարելիցին առիթով, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ժտէյտէի Մար Անթոնիոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ, փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ալի Պեզզի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ, նախարար Նիքոլա Նահհաս, նահատակ նախարարին ընտանեկան պարագաները, որոնց շարքին անոր հայրը` Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ, եղբայրը` երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, զարմիկը` երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ, կինն ու զաւակները, Ժեմայէլի հետ սպաննուած անոր թիկնապահին` Սեմիր Շարթունիի ընտանիքը եւ մեծ թիւով նախարարներ ու երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ ներկաներու հոծ բազմութիւն մը:

Հոգեհանգստեան արարողութեան նախագահեց մարոնիներու Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, որ յայտնեց, թէ Լիբանան Միջին Արեւելքի մէջ կը խորհրդանշուի ոչ թէ իբրեւ տկար պետութիւն մը, այլ իբրեւ օրինակելի տիպար մը` երկխօսութեան, ժողովրդավարութեան եւ իշխանափոխութեան:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ խօսեցաւ նահատակութեան իմաստին ըմբռնումին մասին` շեշտելով, որ երբ խորանանք այդ իմաստը ըմբռնելուն մէջ, այդքան աւելի խորացած կ՛ըլլանք մեր երկիրը պահպանելու, ինչպէս նաեւ կառչած մնալու այն սկզբունքներուն, որոնց համար  նահատակուեցաւ Փիեռ Ժեմայէլ:

«Նահատակութեան պտուղը եղաւ ազատագրումը, իսկ աւելի ուշ պիտի ըլլայ նաեւ արդարութիւնը: Լիբանանի գարունը պիտի շարունակուի` Լիբանանը պահելով արժանապատուութեան երկիրը, իսկ մենք միակամ պիտի գործենք Մայրիներու յեղափոխութեան մեր դաշնակիցներուն հետ, երբեք յուսախաբ չդարձնելով մեր նահատակները», ըսաւ Ժեմայէլ:

Նշենք, որ նահատակ նախարարին սպանութեան վայրին մէջ Ժեմայէլ եւ Շարթունի ընտանիքներուն կողմէ կատարուեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում:

 

Share this Article
CATEGORIES