ՆԸԺՄԷԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ` ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՆԻՍՏ

Խորհրդարանի նախագահը նիստին մասնակցած մանուկի մը յուշանուէր կը յանձնէ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց մանուկներու յատուկ խորհրդարանական նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի զանազան շրջանները ներկայացնող 128 մանուկներ, որոնք իրենց դիմագրաւած հարցերուն եւ մտահոգութիւններուն մասին հարցումներ ուղղեցին Պըրրիի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի, ինչպէս նաեւ ներկայ նախարարներուն եւ երեսփոխաններուն:

Խորհրդարանի նախագահը կոչ ուղղեց մանուկներուն` պայքարելու համայնքային դրութեան դէմ:

Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ  հաստատեց, որ հարկ է պահպանել Լիբանանի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը եւ երբեք ենթակայ չըլլալ այլ պետութիւններու:

Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյման պահանջեց Լիբանանի մանուկներուն իրաւունքները պաշտպանել` ընդգծելով մանուկներուն ապահովութեան երաշխաւորման անհրաժեշտութիւնը:

Նշենք, որ խորհրդարանի երէկուան նիստը գումարուեցաւ Մանուկներու միջազգային օրուան առիթով:

Նիստին ընթացքին յուզիչ էր Սալահ անունով 10-ամեայ պատանիի մը պարագան, երբ ան յայտնեց, թէ ինք քաղցկեղէ կը տառապի` նշելով, որ եթէ քաղցկեղով տառապող մանուկներու կեդրոնը չըլլար, իր ընտանիքը անկարող պիտի ըլլար հոգալու իր բուժման ծախսերը:

 

Share this Article
CATEGORIES