ՆՈՒՀԱՏ ԺԱՊԸՐ` ԻՐԱՒԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՍԵՆՏԻՔԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀ
Իրաւաբաններու Պէյրութի սենտիքային մէջ երէկ տեղի ունեցան սենտիքայի նախագահի ընտրութիւնները, որոնց ծիրին մէջ սուր մրցակցութիւն արձանագրուեցաւ Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու թեկնածուներուն միջեւ:
Սենտիքայի նախագահի ընտրութիւններուն մասնակցող բոլոր իրաւաբանները վկայեցին, որ այդ ընտրութիւնները ժողովրդավարական էին:
Ընտրութիւններու առաջին հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեցին Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու թեկնածուներ Նուհատ Ժապըրն ու Անթոնիօ Հաշեմը, մինչ` Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու թեկնածու Նեպիլ Թոպիա ձախողեցաւ:
Ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուանին ընթացքին կատարուած քուէարկութեան արդիւնքներուն համաձայն, իրաւաբաններու Պէյրութի սենտիքայի նախագահ ընտրուեցաւ Նուհատ Ժապըր:
Իր խօսքին մէջ Ժապըր յայտնեց, որ ինք պիտի նուիրուի սենտիքային, բոլոր իրաւաբաններուն եւ Լիբանանին: «Իրաւաբաններու սենտիքան ազգային համախմբող բերդ մըն է, որուն հիմնական մտահոգութիւնը երկրին գերիշխանութեան պահպանումն է», ըսաւ ան:
Ժապըր ողջունեց սենտիքան` ընտրական ժողովրդավարական եւ ազատ մթնոլորտը պահպանելուն համար:

