ՊՐԱԶԻԼԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԸ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԸ ԺԱՄԱՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ
Պրազիլի փոխնախագահ, ծագումով լիբանանցի Միշել Թամեր շաբաթավերջին պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Թամերը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Սլէյմանի եւ Թամերի միջեւ տեղի ունեցած դռնփակ հանդիպումէն ետք, անոնց միացան լիբանանեան եւ պրազիլեան պատուիրակութիւնները, որոնք գումարեցին ընդարձակ նիստ մը:
Հանդիպումին ընթացքին Թամեր յայտնեց, որ Պրազիլ պատրաստ է իր մասնակցութիւնը բերելու հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն, յատկապէս ՖԻՆԻՒԼ-ի ծովուժին:
Այս ծիրին մէջ կը նախատեսուի, որ այս շաբթուան ընթացքին պրազիլեան ծովուժը միանայ ՖԻՆԻՒԼ-ի ծովուժին եւ ստանձնէ անոր հրամանատարութիւնը:
Ապահովական մարզին մէջ կատարուած այս քննարկումներէն բացի, տեղի ունեցան նաեւ քննարկումներ, որոնք կը վերաբերէին տնտեսական եւ մշակութային մարզերուն, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումներուն:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման եւ Թամեր փոխանակեցին նաեւ յուշանուէրներ, ինչպէս նաեւ Պաապտայի պալատին շրջափակին մէջ տնկուեցաւ լիբանանեան-պրազիլեան բարեկամութիւնը խորհրդանշող ծառ մը:
Ապա սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ խոհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթին եւ մեծ թիւով քաղաքական ու դիւանագիտական անձնաւորութիւններ, զինուորականներ, հոգեւորականներ եւ լրագրողներ:
Ճաշկերոյթին ընթացքին նախագահ Սլէյման բարձր գնահատեց մնայուն կերպով Լիբանանի եւ անոր անկախութեան ու գերիշխանութեան զօրակցող պրազիլեան պաշտօնական կեցուածքները: Ան ողջունեց Պրազիլը նաեւ այն իրականութեան համար, որ ամբողջ աշխարհի տարածքին միջազգային խաղաղապահ ուժերուն իր մասնակցութիւնը բերելու կողքին, Պրազիլ նաեւ պիտի մասնակցի հարաւային Լիբանանի մէջ ծառայող ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն` նպաստելու համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան:
Իր կարգին, Թամեր ողջունեց Լիբանանը եւ լիբանանցի ժողովուրդը, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ իր երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու, այդ ձեւով նաեւ ճիգ կը թափէ պահպանելու շրջանային անվտանգութիւնը:
Թամեր բարձր գնահատեց Լիբանանի ժողովրդավարութիւնը եւ շրջանը հարուածող փոթորիկներուն դիմաց անոր պայքարի ոգին:
Նշենք, որ Թամեր այցելեց Կեդրոնական Պէյրութ եւ ծաղկեպսակ մը զետեղեց Նահատակաց յուշարձանին:


