«ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑՈՂ ՔԻՒՐՏԵՐԸ ԹԻՐԱԽ ՉԵՆ» ՇԵՇՏԵՑ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Աֆքար» շաբաթաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ վերահաստատեց, որ ՀՅԴ-ի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին դէմ կատարուած ամբաստանութիւնները անտեղի են ու անհիմն:

Ան նշեց, որ ինչպէս բոլոր քաղաքապետարանները, նոյնպէս Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը շրջանը կարգաւորելու եւ օրէնք պարտադրելու սովորական քայլերու դիմած է, սակայն այդ քայլերուն տրուեցաւ քաղաքական մեկնաբանութիւն, որ անշուշտ ինքնաբերաբար վերածուեցաւ ամբաստանութեան:

«Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին նպատակն էր արձանագրել շրջանին մէջ վարձու տրուող բոլոր բնակարանները եւ անոնց համար վարձքի օրինական փաստաթուղթեր ունենալ: Հոս կ՛ուզեմ նաեւ աւելցնել, որ այս քայլին դիմելու ծիրին մէջ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը իր մօտ հրաւիրեց այդ բնակարաններուն սեփականատէրերը եւ ոչ թէ վարձուորները, որոնց ոչ իսկ կը ճանչնայ: Հետեւաբար, քաղաքապետարանին կողմէ վարձքերու դրութիւնը օրինականացնելու այս փորձը բացատրուեցաւ այնպէս մը, որ մենք Պուրճ Համուտէն կը վտարենք սուրիական քաղաքացիութիւն ունեցող քիւրտերը, մինչդեռ քաղաքապետարանին ուղղակի կապը բնակարաններուն սեփականատէրերն են, իսկ Պուրճ Համուտի մէջ վարձքով բնակողները միայն քիւրտեր չեն, այլեւ` սուրիացիներ, եգիպտացիներ, սուտանցիներ, եթովպիացիներ, սրիլանքացիներ, հնդիկներ եւ այլն», ըսաւ Յակոբ Բագրատունի:

Այս ծիրին մէջ ան աւելցուց նաեւ, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդը բաղկացած է Պուրճ Համուտի պարփակած քաղաքական բոլոր ուժերէն, ինչպէս` Փաղանգաւոր, Ազգային ազատ հոսանք, Լիբանանեան ուժեր եւ այլ կուսակցութիւններ: «Քաղաքապետական խորհուրդը կը հաշուէ 21 անդամ, որոնք կը ներկայացնեն հայ առաքելական, կաթողիկէ, աւետարանական, շիի, մարոնի, յոյն ուղղափառ, յոյն կաթողիկէ համայնքները եւ փոքրամասնութիւնները», նշեց ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Պուրճ Համուտը իբրեւ զուտ հայկական շրջան նկարագրելը սխալ է` աւելցնելով, որ նման նկարագրում կը ծառայէ ՀՅԴ-ի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին դէմ ամբաստանութիւններ ուղղելու: «Հոս կ՛ուզեմ նաեւ նշել, որ սուրիացի քիւրտերը քաղաքական ամբաստանեալներ չեն, որովհետեւ անոնք Լիբանանի մէջ կը գտնուէին նախքան սուրիական ուժերուն Լիբանանէն հեռանալը: Անոնք ունին իրենց բնակարանները, վաճառատուները եւ կը գործեն նաեւ այն գործարաններուն մէջ, որոնց սեփականատէրերը հայեր են: Ուրեմն օրէնքը բոլորին է եւ կարելի չէ ընդունիլ, որ շրջանին մէջ մէկը միւսին վնաս հասցնէ: Իսկ հայոց կողմէ քիւրտերը վտարելու ամբաստանութիւններուն պէտք է վերջ տալ, որովհետեւ հայերը եւ քիւրտերը միացեալ պատմութիւն ունեցող ժողովուրդ են եւ աղէտի ենթարկուած են նոյն դահիճին կողմէ», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Սուրիոյ հետ լիբանանահայութեան յարաբերութեան` երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ այդ յարաբերութիւնը առաջին օրէն իսկ հիմնուած է փոխադարձ յարգանքի վրայ: Ան նկատել տուաւ, որ լիբանանահայութիւնը օր մը օրանց Սուրիոյ հետեւորդը չէ եղած, ոչ ալ անոր հաշուոյն գործակալութիւն կատարած է, այլ` անոր հետ ունեցած է քաղաքական յարաբերութիւններ:

Սուրիոյ դիմագրաւած ներքին տագնապին ակնարկելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ օրըստօրէ աւելի յստակ կը դառնայ ամերիկեան բացայայտ միջամտութիւնը` Սուրիոյ տագնապին բարդացման իմաստով: Ան ընդգծեց, որ ինչպէս լիբանանցիները կը պահանջէին, որ իրենց ներքին հարցերուն ոչ ոք միջամուխ դառնայ, նոյնն է պարագան նաեւ Սուրիոյ: Լիբանան ոչ մէկ ձեւով պէտք է միջամտէ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն: Ան աւելցուց, որ Լիբանան չի կրնար Սուրիոյ դէմ դաւադրութեան անցք մը կամ անոր կողը խրած դաշոյն մը ըլլալ: «Այն լիբանանցին, որ համոզուած է ու կը հաւատայ, թէ սուրիական վարչակարգին տապալումը իր շահերուն կը ծառայէ, ապա ան չարաչար կը սխալի», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Միջին Արեւելքի մէջ գործադրուող ամերիկեան քաղաքականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ շրջանին մէջ ամերիկեան միջամտութիւններն ու Միացեալ Նահանգներուն վարած քաղաքականութիւնը մերժելի են, որովհետեւ անհրաժեշտ է յարգել իւրաքանչիւր երկրի իրաւունքները եւ ժողովուրդի ազգային ինքնորոշման իրաւունքը:

«Մենք կը մերժենք շրջանին բաժանումը: Եթէ պահ մը պատմութիւնը վերյիշենք, կը տեսնենք, որ Օսմանեան կայսրութեան տապալումն էր շրջանի բաժանումին եւ «Սայքս Փիքօ»-ի համաձայնագիրին հիմնական պատճառներէն մէկը: Իսկ այսօր, երբ կը խօսինք նոր Միջին Արեւելքին մասին, ապա կը տեսնենք, թէ այդ Միջին Արեւելքի ստեղծման հիմնական ազդակներն են փոքր պետութիւնները եւ անոնց միջեւ նախապատրաստուած համայնքային սադրանքները, որոնք կը ծառայեն Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմուտքի շահերուն», շեշտեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը:

2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ինք դէմ է այդ ընտրութիւններուն մասին այսօրուընէ մտածելու գաղափարին:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ երկիրը ունի այնքան հարցեր, որոնք լուծման կը կարօտին եւ որոնք շատ աւելի կարեւոր են, քան 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները: «Եթէ մենք այսօր չմտածենք լիբանանցի քաղաքացիներուն ապրուստը բարելաւելու եւ անոր ցաւերը ամոքելու մասին, ապա մենք իրաւունք չունինք 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն սպասելու: Կը կարծեմ, որ այս պարագային լիբանանցի ժողովուրդը պատասխանատու է հաշուետուութեան կանչելու իր պատասխանատուները», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի կոչ ուղղեց լիբանանեան գարնան մը, որ ինքնաբուխ է, անկեղծ եւ ոչ քաղաքականացած: «Գարուն մը, որ կը բխի ժողովուրդին տառապանքէն, որ ուղղուած է համայնքային դրութիւնը փտածութեան նպատակով օգտագործողներուն դէմ», շեշտեց ան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES