ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՐՑԱԽ – ՍՓԻՒՌՔ ԵՌԱՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՑԱԽԻ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԻՄՔԵՐԷՆ ՄԷԿՆ Է» Կ՛ԸՆԴԳԾԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 17 նոյեմբերին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու  Արեւելեան ափի ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Գասպարեանի եւ կուսակցութեան խումբ մը անդամներուն հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի ընկերային-տնտեսական իրավիճակին, Արցախի միջազգային ճանաչման, ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման եւ Արցախ-սփիւռք կապերու հետագայ զարգացման վերաբերող հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ նաեւ վերաբնակեցման հոլովոյթին:

Նախագահ Բակօ Սահակեան ընդգծեց, որ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը ղարաբաղեան պետականութեան կարեւոր հիմքերէն մէկն է եւ անոր շարունակական ամրապնդումը կը հանդիսանայ համայն հայութեան մեծագոյն խնդիրներէն մէկը:

Նոյն օրը Արցախի նախագահին ի պատիւ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու շրջանային մարմինին կողմէ կազմակերպուած ճաշկերոյթը, որուն հրաւիրուած էին հայ համայնքի ներկայացուցիչները:

Նախագահ Սահակեան ներկաներուն ծանօթացուց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական իրավիճակին, ներկայ խնդիրներուն եւ զարգացման հեռանկարներուն: Երկրին ղեկավարը ընդգծեց, որ Արցախի ժողովուրդը հաստատակամ է իր անկախ պետութեան զարգացման գործին մէջ` այս տեսանկիւնէն բոլոր յաջողութիւններու գրաւականը նկատելով Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը: Նախագահ Բակօ Սահակեան կարեւոր նկատեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին դերը Արցախի զարգացման գործին մէջ` ատիկա որակելով իբրեւ ներհայկական միասնականութեան գործնական ամրապնդման ամէնէն կարեւոր օղակներէն մէկը:

Հանդիսաւոր արարողութեան կը մասնակցէին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Կարէն Նազարեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան, Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES