ԱԿՆԱՐԿ. ՔԱՂԱՔ, ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԵՒ ՄԱՅՐՈՒՂԻ

Վերջին շրջանին իրերայաջորդ որոշ լրատուութիւններ յատկանշուելով  ուշագրաւութեամբ դուրս կու գան սովորական լրահոսէն եւ իրենց վրայ կը կեդրոնացնեն վերլուծական լուսարձակներ:

Քարվաճառը Վարդենիսին կապող մայրուղիի ծրագիրը, ապա Ազրպէյճանահայոց համագումարէն բխած Զանգելանը 30 հազար բնակչութեամբ բնակեցնելու որոշումը եւ վերջապէս Բագարան նոր քաղաքի կառուցման յայտարարութիւնը: Երեք լրատուութիւններն ալ կը վերաբերին ազատագրուած տարածքներուն. թէեւ առաջինի պարագային յստակ է պետական նախաձեռնութիւնը, մինչ միւս երկուքը կապուած են Ազրպէյճանահայերու համագումարին: Առ այդ, ենթադրութեան սահմաններուն մէջ կը մնայ պետական ներշնչումներ ունեցած ըլլալու տեսութիւնը:

Որոշ առումով, առանց արդարացնելու անշուշտ, հասկնալի էր պաշտօնական կողմին լռութիւնը կամ կրաւորականութիւնը ազատագրուած տարածքներու վերաբերեալ ծրագիրներուն նկատմամբ. մերթ ընդ մերթ նաեւ` հնչած ուղղակի անհամաձայնութիւնը: Պաշտօնական կամ հրապարակային յայտարարութիւններու պարագային աւելին ակնկալելը կրնար մեկնաբանուիլ առաւելապաշտութեամբ: Այնքան ատեն, որ պաշտօնական Երեւանը բանակցութեան սեղանին վրայ քննարկելի կը դարձնէր տարածքներու վերադառնալիութիւնը, ապա պետական ծրագիրներ նոյն այդ տարածքները բնակեցնելու առումով կրնային դիտուիլ բանակցութեան մօտեցումներուն հակասող քայլեր: Այս հաստատումը անշուշտ հիմնաւորելու կամ արդարացնելու չի միտիր որդեգրուած կրաւորականութիւնը, այսուհանդերձ կրնայ բացատրել պետութեան կեցուածքի չյայտարարուած տրամաբանութիւնը:

Հիմա սակայն, նման մայրուղիի կառուցումը կը նախանշէ բանակցութիւններուն համար օգտագործելի տարբեր ռազմավարութիւն մը: Ի վերջոյ Քարվաճառ-Վարդենիս մայրուղին ռազմավարական նշանակութիւն ունի ազատագրուած տարածքը հայրենական կարեւոր շրջանին կապելու ուղղութեամբ:

Ճիշդ է նաեւ, որ Ազրպէյճանահայոց համագումարէն բխած յայտարարութիւնները շատ յաւակնոտ ծրագիրներու կը վերաբերին եւ շեփորահարումներով կ՛արծարծուին հրապարակային քննարկումներուն ընթացքին: Եւ բնական է, որ սուր քննադատութիւններ երեւին մամուլին մէջ` նախատեսելու համար, որ նոր ուրուական քաղաքներ կառուցելու ծրագիրներ աղմկարարութիւն կը ստեղծեն պարզապէս:

Հարցը միայն այդ չէ սակայն: Անկախ այս ծրագիրներու իրագործելիութենէն կամ անիրատեսականութենէն (կը խօսուի հինգ տարուան ընթացքին 3.5 միլիառ տոլարով 100 հազար բնակիչով 20 հազար աշխատատեղի ունեցող քաղաք կառուցելու մասին) նոր մօտեցում ցուցաբերելու փաստը կայ այս բոլորին մէջ. նախ` միջազգային օրինաչափութիւններուն ընդառաջ շարժելով ազրպէյճանահայութեան իրաւունքի սահմաններուն մէջ ներկայացնելու խնդիրը, ապա ազրպէյճանահայութեան վերադարձի իրաւունքը անվիճելի նկատելու եւ այդպէս ներկայանալու միջազգային ընտանիքին: Լրատուութիւններուն մէջ չի նշուիր, այսուհանդերձ այստեղ կայ լուռ մօտեցում միջազգային կառոյցներէն գաղթականներու վերադարձին համար նպաստներ ստանալու: Այսինքն այն, ինչ որ Ազրպէյճանը կը կատարէ տարիներ շարունակ` դիմելով միջազգային կառոյցներուն:

Այս հարցի արծարծումը ինքնին բանակցութիւններուն ընթացքին կրնայ օգտագործելի խնդիրի վերածուիլ ազրպէյճանցի գաղթականներու տունդարձի պահանջին դիմաց հայ գաղթականներու վերադարձի իրաւունքի ուշացած արծարծումով:

Զանգելանը կը բնակեցուի՞ 30 հազար ազրպէյճանահայով կամ 100 հազարնոց Բագարանը կը շնչէ՞, թէ՞ ոչ, քննարկելի է: Ենթադրելի է, սակայն, որ ազրպէյճանահայ գաղթականներու վերադարձի իրաւունքը աւելի յաճախ կը դրուի բանակցային սեղանին վրայ:  Իսկ հաստատը` Քարվաճառ-Վարդենիս մայրուղիին կառուցումն է:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES