ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԱԹՈՆ` ՌԱՇԱՅԱՅԻ ՄԷՋ ԼԵՒՈՆ ԹԱՇՃԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՌԱՋԻՆ

Լեւոն Թաշճեան

Լիբանանի անկախութեան 68-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի, 20 նոյեմբեր 2011-ին տեղի ունեցաւ 10 քմ վազքի մարաթոն մը` Ռաշայայի մէջ: Մարաթոնը կազմակերպած էր Ռաշայայի մարաթոնի երիտասարդական միութիւնը: Այս մարաթոնը կը հովանաւորէր Ռաշայայի քաղաքապետութիւնը: Սոյն մարաթոնին մասնակցեցան 1500-էն աւելի երկսեռ մարզիկներ:

Անիկա սկսաւ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, քաղաքապետութեան շէնքին դիմացէն, Լիբանանի քայլերգով: Մարզիկները լիբանանեան դրօշակ պարզած խանդավառութեամբ կը վազէին Ռաշայայի փողոցներէն: Ժողովուրդը եւս ունէր դրօշակներ եւ կը քաջալերէր մարզիկները լիբանանեան ազգային երգերով: Մարաթոնը աւարտեցաւ դարձեալ Ռաշայայի քաղաքապետութեան շէնքին դիմաց: ՀՄԸՄ-ական Լեւոն Թաշճեան (Այնճար) հանդիսացաւ առաջին իր տարիքային խմբաւորման մէջ` արձանագրելով 50 վայրկեան արդիւնք մը: Լեւոն Թաշճեան ստացաւ ոսկի մետալը` ձեռամբ բանակի յատուկ զօրամասի հրամանատար զօր. Շամել Ռուքոզէն: Վերջինս խօսեցաւ անկախութեան գաղափարին մասին եւ նշեց Լիբանանի յաւերժութիւնը: Ներկայ էին նաեւ շրջանի քաղաքապետներ եւ հոծ բազմութիւն մը:

Աւարտին Լեւոն Թաշճեան վազելով Լիբանանի դրօշակը տարաւ ու զետեղեց Ռաշայայի Անկախութեան բերդին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES