50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (22 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

(ՆՈՅԵՄԲԵՐ 22-Ի ԱՌԹԻՒ)

 

Լիբանան այսօր կը տօնէ իր անկախութեան 18-րդ տարեդարձը: Տասնեւութ երկար տարիներ անցած են այն օրերէն ի վեր, երբ լիբանանցի ժողովուրդը, գլխաւորութեամբ իր ղեկավարութեան, մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեցաւ` ո՛չ պատասխանելու համար հոգատար տէրութեան:

Ու այդ ՈՉ-ը, պատմական այդ մեծ ՈՉ-ը եղաւ սկիզբը անկախութեան անդիմադրելի մղումի մը, որ 1945-ի վերջաւորութեան յանգեցաւ օտար վերջին զինուորի լիբանանեան հողէն հեռացման:

Ներկայ ժամանակներուն, երբ հիւլէական սարսափը հաւասարեցուցած է մեծ ու փոքր ժողովուրդները, որոնք կ՛ապրին նոյն մղձաւանջին ներքեւ, միջազգային կեանքին մէջ տարբեր չափանիշներ արժէք կը ստանան ժողովուրդներու մեծութիւնը գնահատելու համար: Այդ չափանիշները բարոյական են: Ժողովուրդ մը մեծ է այնքան, որքան մեծ է իր իտէալը, որքան որ կրցած է իմաստ տալ այն մեծ գաղափարներուն, որոնք մղիչ ուժը կը հանդիսանան ներկայ մարդկութեան:

Լիբանան մէկն է այն երկիրներէն, որոնք իրենց մեծութիւնը կը քաղեն բարոյական աղբիւրներէ: Ան օրինակ կրնայ ծառայել այն ազգերուն, որոնք ներքին պառակտումներով կը տառապին: Համայնքներու այս խճանկարը, որ լիբանանեան ազգը կը կազմէ, իր ներդաշնակութեամբ այսօր իբրեւ տիպար կը յիշուի, երբ տարբեր ժողովուրդներու կեանքին մէջ կ՛ուզեն խաղաղ աշխատանքի պայմաններ ստեղծել:

Անշուշտ ասիկա որքան արդիւնք է լիբանանցի ժողովուրդի բնածին ուշիմութեան եւ ձեռնհասութեան, նոյնքան նաեւ արդիւնք է անոր ղեկավարութեան առողջ մտածողութեան:

Լիբանան այսօր միայն հող ու ջուր չէ, միայն ծառ ու ծառաստան չէ, այլ ճառագայթում մըն է Մերձաւոր Արեւելքի դռներուն վրայ, հաղորդակցութեան կապ մը` Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ, ուր իրարու կը հանդիպին երկու տարբեր, այլապէս զիրար ամբողջացնող քաղաքակրթութիւններ:

Իմաստուն ղեկավարութեանը ներքեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ֆուատ Շեհապի, այս երկիրը անվհատ կը քալէ իր պատմական առաքելութեան ճամբէն, որ փառքի ու մեծութեան ճամբան է:

Վերանորոգ աշխատանքի ու բեղմնաւոր կեանքի շրջան մը բացուած է այս երկրին համար, որուն զաւակները, իրենց համերաշխ գործակցութեամբ, պիտի կրնան յաջողութեան նոր հորիզոններ բանալ:

Անկախութեան 18-րդ տարեդարձին առիթով լիբանանցի ժողովուրդը լաւագոյն նուէրը ըրած կ՛ըլլայ հայրենիքին` իր համերաշխ գործակցութեամբ, որ հիմն է այս երկրին նախապայմանը կազմող ազգային միութեան:

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Երէկ` չորեքշաբթի, 22 նոյեմբեր 1961, Լիբանանի անկախութեան 18-րդ տարեդարձին առիթով, թեմիս առաջնորդ Խորէն արքեպիսկոպոս, մասնաւոր հրաւէրով, ներկայ գտնուեցաւ զինուորական աւանդական տողանցքին, որ տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամը 9 – 10, Ֆուատ Ա. պողոտային վրայ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Ֆուատ Շեհապի նախագահութեան ներքեւ:

Զօրահանդէսէն ետք, ժամը 12:30-ին, առաջնորդ սրբազանը Մեծ սերայ երթալով, հանրապետութեան նախագահին, վարչապետ Ռաշիտ Քարամէին եւ կառավարութեան բոլոր անդամներուն ներկայացուց Զարեհ Ա. կաթողիկոսին եւ Լիբանանի հայ համայնքին ջերմ շնորհաւորութիւններն ու սրտագին մաղթանքները` Լիբանանի բարգաւաճման ու բարօրութեան համար:

Share this Article
CATEGORIES