7-21 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ, 2011. ԹԱՐՄ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

ԳԻՒՂԱՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ, ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ
ՊՈՂՈՏԱՅ, ԳՈՒՍԱՆ ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ ԵՒ ԱՆՁՐԵՒԻ ՏԱԿ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԳԵՐ, «ԱՆՈՒՇ» ՕՓԵՐԱ

Առաւօտեան կանուխ հանդիպում էր գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեանի հետ. ներկայ էին սփիւռքահայ գիւղատնտեսները` Իրանէն եւ Լիբանանէն: Ներկայ էին նաեւ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները եւ Ջաւախքէն ներկայացուցիչներ: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց համաժողովին մասնակցող ներկայացուցիչներուն եւ ամփոփ զեկուցում մը տուաւ նախարարութեան իրագործած եւ իրագործելիք ծրագիրներուն մասին: Իրենց կարգին սփիւռքահայ գիւղատնտեսները շնորհակալութիւն յայտնեցին համաժողովին հրաւիրուելնուն համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին օգտակար ըլլալու յառաջիկայ աշխատանքներուն:

Հանդիպումէն ետք բոլորը այցելեցին Հիւսիսային պողոտայ, ուր գիւղատնտեսական տօնակատարութիւն էր, բերքի տօն` մասնակցութեամբ բոլոր մարզերուն:

Տօնական մթնոլորտ էր, երեւանցիները առիթ ունեցան մարզերու տարբեր արտադրութիւնները համտեսելու, ինչպէս` քոնեաք, գինի, պանիր, մեղր… Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, գիւղատնտեսութեան նախարար Տիգրանի ընկերակցութեամբ, այցելեց տօնավաճառ: Հիւսիսային պողոտան քանի մը ժամ խճողուած մնաց` հայկական տօնական մթնոլորտի մէջ:

Կէսօրէ ետք գիւղագնացութիւն էր` Գուսան Հայկազունի հրաւէրով: Այնճարէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Հայաստանէն խումբ մը հայրենակիցներ առիթ ունեցան աշնանային թեթեւ տեղացող անձրեւին տակ վայելելու հայկական խորովածը, կենաց խմելու, ազգային երգեր երգելու եւ մաղթելու, որ յաւերժ ապրի հայ ժողովուրդը եւ ամուր մնայ մեր բանակը: Անակնկալ կարկուտը ի վերջոյ պարտադրեց Երեւան վերադառնալ:

Երեկոյեան Երեւանի օփերային մէջ առիթ ունեցանք տեսնելու «Անուշ»-ը, վայելելու Արմէն Տիգրանեանի հրաշալի երաժշտութիւնը:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ ԱՅՆՃԱՐՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Այսօր երկուշաբթի է, 17 հոկտեմբեր 2011: Ժողովները աւարտած են, առաւօտը հրաշալի է: Աշնանային առաւօտ` ոսկի տերեւներով: Քալելով կ՛իջնեմ Կոմիտասէն վար: Կը հանդիպիմ Անի Թաշճեանին, որ արդէն 14 տարիներէ ի վեր հաստատուած է Երեւան: Կ՛ապրի փոքր, բայց կոկիկ, դասաւորուած, լուսաւոր տան մէջ, որ պատերը այնճարային են: Հանգիստ է, համարկուած` երեւանեան կարգ ու սարքին, գոհ է, որեւէ դժուարութիւն չունի, միայն կը կարօտնայ Այնճարը:

Կը զրուցենք այլազան թեմաներով: Ապա կ՛իջնեմ քաղաք, կը հանդիպիմ իմ երբեմնի երաժշտութեան ուսուցիչ Սարգիս Փանոսեանին, որ 1966-էն ետք իր երկրորդ այցելութիւնը կու տայ հայրենիք: Օփերային կողքին նստած` երկար կը զրուցենք հինէն ու նորէն, դպրոցէն, «Ճպուռ»-էն:

Միասնաբար կ՛երթանք այցելելու տէր եւ տիկին Գաբրիէլ եւ Աստղիկ Փանոսեաններուն, որոնք աւելի քան 15 տարիէ ի վեր հաստատուած են հայրենիք: Գաբրիէլ Փանոսեան Երեւանի մէջ Այնճարի անպաշտօն դեսպան է, որովհետեւ կը զբաղի բոլորին հարցերով: Դժգոհ չէ իր կեանքով, թէեւ սխալները չի կրնար հանդուրժել: Արմատ նետած է Հայաստանի մէջ` վերջնականապէս իր կայքը գտնելով, Միացեալ Նահանգներէն Հայաստան վերադառնալով:

Երեկոյեան առիթ կ՛ունենամ հանդիպելու սփիւռքի նախարարին` շնորհակալութիւն յայտնելու համար: Հակառակ անոր որ օրը մթնած էր, սակայն նախարարը տակաւին հանդիպումներու մէջ էր…

Գիշերը այնճարցիներու հաւաք է: Աւելի քան քսան այնճարցիներ համախմբուած ենք` կէսէն աւելին մնայուն բնակիչներ հայրենիքի մէջ. խրախճանք է, ազգային, յեղափոխական երգեր, պատմութիւններ` մինչեւ ուշ գիշեր: Այնճարական տօնախմբութիւն Երեւանի մէջ. որո՞ւ միտքէն կ՛անցնէր, որ այնճարցիները պիտի տեսնէին ազատ Հայաստանը, մանաւանդ որ միշտ կ՛երգէինք «հայրենիքի ազատութիւն տեսնել ու մեռնիլ»…

Հ1, ԱՇՈՏ ՆԵՐՍԻՍԵԱՆ, ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ, ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐ

Օրը երեքշաբթի է, առաւօտեան Հ1-էն հարցազրոյց պիտի ունենայի: Բարձրացանք Հ1-ի կեդրոն: Առաւօտեան ծրագիրի համար նախատեսուած հարցազրոյցը կ՛արձանագրենք Տաթեւիկ Բաղդասարեանին հետ:

Տեսնելով շէնքը, սթիւտիոն եւ գործիքները` պէտք է խոնարհիլ Հ1-ի աշխատակազմին դիմաց: Արդէն շատ հին այս կառոյցին մէջ համեստ կարելիութիւններով սքանչելի աշխատանք կը տանին: Պաստառէն մեր տեսածը բոլորովին ուրիշ է…

Կ՛իջնեմ Հանրապետութեան հրապարակ` հանդիպելու պատմաբան Աշոտ Ներսիսեանին, որուն հեղինակութեամբ քանի մը շաբաթ առաջ Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ «Մովսէս Տէր Գալուստեան» հատորը` նուիրուած մուսալեռցի ականաւոր ղեկավար, հերոսամարտի զինուորական վերահսկիչ, հերոս, լեգէոնական, Այնճարի հիմնադիր, երկար տարիներու երեսփոխան եւ ազգային-կուսակցական գերագոյն մարմիններու անդամ, ազգային հերոս Մովսէս Տէր Գալուստեանին: Հետաքրքրական զրոյց էր պատմաբանին հետ. հիացած էր հերոսի կեանքով, անոր քաջարի կեցուածքներով, որոնք կրնան օրինակ ծառայել այսօրուան ղեկավարներուն…

Կէսօրէ ետք մեկնեցանք Սարդարապատ, շրջեցանք համալիրը, թանգարանը եւ դիտեցինք Արամ Մանուկեանին նուիրուած ժապաւէնը: Գոնէ հոս ի պատուի է հայ պետականութեան վերականգնումի հիմնադիրին յիշատակը: Արժէ անշուշտ անոր յիշատակը յաւերժացնել Հանրապետութեան հրապարակին վրայ:

Երեկոյեան հարազատներու փնտռտուք է: Կը յաջողիմ տեսնել մօրաքրոջս զաւակները` Նորքի զանգուածի Ջրվէժ թաղամասին մէջ: Հին յիշատակներ արթնցան, քիչ մը ուրախութիւն, քիչ մը յուզում, յիշատակի նկարներ…

ՍԵՐԳԷՅ ՔԵՉԵԿ, ՀԱՅԿ ԴԵՄՈՅԵԱՆ, ՀԱՆՐԻ ՍԱՊԻ
ԵՒ ՍԱՐԳԻՍ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 19 հոկտեմբեր 2011: Առտու կ՛այցելեմ Կոմիտասի անուան երաժշտանոց` հանդիպելու համար բազմավաստակ կրթական մշակ եւ դաշնակի հանրածանօթ մասնագէտ Սերգէյ Քեչեկին, զոր տեսած էի տարիներ առաջ: Կ՛ողջագուրուինք, նոյն աշխուժ մանկավարժն է դաշնակի պահուն. հետեւողական, լուրջ եւ աշխատասէր Սերգէյ Քեչեկի «ձեռքին տակէն» սերունդներ անցած են, ոմանք արդէն` նշանաւոր դաշնակահարներ:

Կը բարձրանամ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան` հանդիպելու համար թանգարանի տնօրէն, երիտասարդ եւ աշխուժ պատմաբան Հայկ Դեմոյեանին: Գործի վրայ է, ուրախ. աճուրդով կրցած է ձեռք ձգել արժէքաւոր իրեր` թանգարանին համար: Ինծի ցոյց կու տայ բնօրինակ լուսանկար մը` մուսալեռցիները ֆրանսական մարտանաւուն վրայ. մուսալեռցի կիներ փռած են իրենց լուացած լաթերը…

Հանդիպումը ջերմ էր, գործնական: Կը խորհրդակցինք Այնճարի մէջ կառուցուելիք թանգարանին մասին, որուն թիկունք է Ցեղասպանութեան հիմնարկը իր բոլոր կարելիութիւններով: «Մեր բոլոր մասնագիտական կարելիութիւնները ձեր տրամադրութեան տակ են եւ` առանց որեւէ ակնկալութեան», կ՛ըսէ Հայկ Դեմոյեան: Կը պայմանաւորուինք յառաջիկայ աշխատանքներուն գծով: Կը մեկնիմ Երեւանի Թոխմախ կէօլ գերեզմանատուն, ուր տեղի պիտի ունենայ ֆրանսական խորհրդարանի երբեմնի երեսփոխան, ընկերվարական գործիչ, մեծ հայասէր եւ Հայ դատի համար պայքարած Հանրի Սապիի աճիւններու թաղումը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչներուն, դաշնակցական ընկերներու: Յաւուր պատշաճի խօսքեր կ՛արտասանեն Արտաշէս Շահբազեան եւ Արմէն Ռուստամեան, ինչպէս նաեւ` Հանրի Սապիի երկար տարիներու գործակից, ֆրանսահայ Վարուժան Գրիգորեան: Համաձայն Հանրի Սապիի կտակին, իր աճիւններէն մաս մը Հայաստան, մաս մըն ալ Ղարաբաղ պիտի թաղուէին: «Վէրքերով լի» երգով Հանրի Սապիի աճիւնները միախառնուեցան Հայաստանի հողին:

Կէսօրէ ետք մեկնեցանք Մալաթիա` հանդիպելու իմ ազգակիցներէս Սարգիս Յովհաննէսեանին (նախապէս Հաւաթեան եղած են, մականուննին փոխած են ներգաղթէն ետք): Ջերմ հանդիպում էր: Սարգիսը յաջողած էր մեր գերդաստանին հայաստանեան ճիւղին ծառը յստակացնել, որպէսզի միացնելով սփիւռքի բաժինին`  փորձէինք կազմել մեր տոհմածառը:

Երեկոյեան պատկերասփիւռէն կը հետեւինք քաղաքական լուրերուն, Հայաստանի անցուդարձերուն` բոլորովին կտրուած ըլլալով մեր Արեւելքի մթնոլորտէն: Աշնանային անձրեւները եկող ձմրան ցուրտը կը յիշեցնեն:

ՇՈՒԿԱՆԵՐ, ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀ,
ԳՐԱԽԱՆՈՒԹ, ՀՅԴ ԹԱՆԳԱՐԱՆ, ԽՆՃՈՅՔ

Այսօր հինգշաբթի է, 20 հոկտեմբեր 2011: Առտու առիթ ունեցայ այցելելու Կոմիտասի եւ Կումի շուկաները` գաղափար կազմելու շուկայական գիներուն մասին: Ուտեստեղէնը բաւական թանկ է, կարգ մը բաներ` նոյնիսկ Լիբանանէն աւելի սուղ: Բաւական դժուար է քաղաքի բնակչութեան համար հոգալ անհրաժեշտ ուտեստեղէնը: Քալելով կ՛անցնիմ փողոցներէն: Կարճ աղօթք մը կ՛ընեմ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ:

Կ՛այցելեմ ժամանակակից արուեստի պատկերասրահ: Հենրիկ Իգիթեանին հիմնած արուեստի այս ցուցասրահը մեծ տպաւորութիւն ձգած էր վրաս 1987-ին: Այժմ փոխուած է, սրահը չունի նախկին փայլքը: Հակառակ ատոր, սակայն, հոն տակաւին կան հրաշալի գործեր, որոնց համար միայն արժէ այցելել Հայաստան: Հրաշալի էին Մինասի եւ Ռուտոլֆ Խաչատրեանի գործերը, որոնք յաւերժ են:

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան միացեալ քարտէսի փնտռտուքը զիս տարաւ գրախանութ, ուր վերջապէս կրցայ գտնել հայկական զոյգ հանրապետութիւններուն միացեալ եւ մեծ քարտէսը: Դժբախտաբար չկրցայ գտնել փնտռած գիրքերս` Տրապիզոնի ինքնապաշտպանութեան եւ երրորդ ուժի բացառութեան (Ռ. Իշխանեան) նուիրուած:

Կարճատեւ հանդիպում մը կ՛ունենամ Տաւուշի առաջնորդ Թորգոմ վրդ. Տօնիկեանի հետ` մուսալեռցիներու հայրենակցական հարցերը քննելու համար:

Կէսօրէ ետք առիթ կ՛ունենամ այցելելու ՀՅԴ թանգարան եւ տեսնելու հայ ազատագրական պայքարի ու հայոց պետականութեան վերականգնման հետ առնչուող մասունքներ: Կը խոնարհիմ յիշատակին դիմաց այս մարդոց, որոնք փոխեցին հայոց պատմութեան ընթացքը: Կ՛ողջունեմ «Վէմ»-ի հրատարակիչ, պատմաբան Գէորգ Խուտինեանը, ինչպէս նաեւ «Դրօշակ»-ի խմբագիր Կարէն Խանլարեանը:

Օրը աւարտին հասած է արդէն, սակայն գիշերը այնճարցիներու խնճոյք է, երգ ու պար, խրախճանք: Քանի մը ժամուան ջերմ մթնոլորտի մէջ կը փորձենք մոռնալ ամէն բան եւ ոգեւորուիլ երգով ու պարով մինչեւ ուշ գիշեր:

ԱՐԹԻՒՐ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ, ՆԱՄԱԿ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ, ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Օրը ուրբաթ է: Գիշերը պէտք է վերադառնամ Լիբանան: Առտու հրաշալի կ՛երեւի Արարատը` ճերմկած, խաղաղ ու գերիշխող: Հսկան իր հսկողութեան տակ կը պահէ Երեւանը:

Ջերմ հանդիպում մը կ՛ունենամ Արթիւր Տումանեանի հետ, որ սփիւռքի նախարարութեան Միջին Արեւելքի պատասխանատու է: Հարազատ եւ անկեղծ խօսակցութիւնը կ՛ընդգրկէ սփիւռքի կապուած այլազան թեմաներ: Սփիւռքի նախարարութեան միջոցով նամակ մը կը յղեմ Հանրապետութեան նախագահին, գիւղատնտեսութեան մէջ նկատած երեւոյթներու մասին` ներկայացնելով նաեւ առաջարկներ այս կալուածին զարգացման համար:

Խիղճս հանգիստ է. կատարած եմ ինծի վստահուած պարտականութիւնը:

Գիշերը (միշտ ուշացումով) կը թռչինք դէպի Պէյրութ:

Քանի մը օր ետք արդէն երկու շաբթուան երազ է: Անուշ երազ հայրենիքէն, թէկուզ որոշ նեղացուցիչ երեւոյթներով:

(Շար. 4 եւ վերջ)

Share this Article
CATEGORIES