ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ ԾՐԱԳՐՈՂ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՄԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ Է

Մայքըլ Պլումպըրկ

Նիւ Եորքի քաղաքապետ Մայքըլ Պլումպըրկ յայտարարեց, որ քաղաքի ոստիկանութիւնը կանխարգիլած է Նիւ Եորքի մէջ ծրագրուող ահաբեկչական գործողութիւն մը: Ըստ Պլումպըրկի, կասկածելին` Միացեալ Նահանգներու 27-ամեայ քաղաքացի Խոսէ Փիմենթել, ձերբակալուած է:

Փիմենթել կը պատրաստուէր Միացեալ Նահանգներու մէջ ականահարումներ իրականացնել զինուորական թիրախներու դէմ` Իրաքէն կամ Աֆղանիստանէն վերադարձած զինուորներու դէմ, ինչպէս նաեւ նամակատուներու եւ ոստիկանութեան բաժանմունքներու դէմ:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ձերբակալեալը ահաբեկչական գործողութիւնը կը պատրաստուէր առանձինն իրագործել` օգտագործելով ինքնաշէն պայթուցիկ սարքեր:

Հետաքննութեան տուեալներով` նշեալ տղամարդը երկար ժամանակ տեղեկութիւններ հաւաքած է Քայիտա ահաբեկչական կազմակերպութեան համացանցային աղբիւրներէն:

Իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչները յայտարարած են, որ կասկածելին վերջին երկու տարուան ընթացքին եղած է Միացեալ Նահանգներու գաղտնի սպասարկութիւններու հսկողութեան տակ:

Share this Article
CATEGORIES