ՊԱՂՏԱՏ ԹՐՔԱԿԱՆ ՕԴԱՆԱՒԵՐՈՒ ԻՐԱՔ ՄՈՒՏՔԸ ԱՐԳԻԼԱԾ Է
Իրաքի իշխանութիւնները արգիլած են, որ թրքական օդանաւային չորս ընկերութիւններու օդանաւեր վայրէջք կատարեն Իրաքի տարածքին մէջ:
Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ըստ Իրաքի իշխանութիւններուն տուած որոշումին, «Թրքիշ Էրլայնզ», «Աթլասճեթ», «Փեկասըս» եւ «ՄՆԿ Քարկօ» ընկերութիւններու օդանաւերը այսուհետեւ իրաւունք չունին մուտք գործել իրաքեան տարածք:
Թրքական օրաթերթը կը նշէ, որ Պաղտատ այսպիսի որոշումով վրէժ լուծած է Անգարայէն: Որոշ ժամանակ առաջ թրքական դատարաններու որոշումով թրքական կողմը պարտքերու պատճառով բռնագրաւած էր Իրաքի պատկանող քանի մը օդանաւեր:
CATEGORIES Միջազգային


