ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏԻ ՄԱՄԼՈՅ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ

Ալի Աքպար Ճաւանֆեքր

Իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի մամլոյ քարտուղար Ալի Աքպար Ճաւանֆեքր դատապարտուած է մէկ տարուան բանտարկութեան:

Թեհրանի դատարանը Իրանի նախագահի մամլոյ քարտուղարին, որ նաեւ «Իրան» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրն է, երեք տարի ժամկէտով արգիլած է լրատուական գործունէութեամբ զբաղիլ:

Ճաւանֆեքրի ազատազրկման պատճառ դարձած է «Իրան» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած «Խաթուն» խորագիրով յօդուածը, որուն մէջ զետեղուած են լուսանկարներ, որոնք մասնաւորաբար նուիրուած են կիներուն:

Ըստ դատարանի տուած որոշումին, այդ յօդուածը «կը վիրաւորէ իսլամութեան արժէքներն ու հասարակութիւնը»:

 

Share this Article
CATEGORIES