ՕԹԱՆ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ «ԱՆԻՐԱՊԱՇՏ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐԷ» ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերով օգնական Ճէյմզ Ափաթուրայ տարուան սկիզբէն ի վեր մեծ զարգացումներու ականատես դարձող արաբական աշխարհի շարք մը երկիրներու ժողովուրդներուն մօտ խաղաղութեան հաստատման կամ կարճ ժամանակի մէջ ժողովրդավարութիւն հաստատելու «անիրապաշտ ձգտումներէն» զգուշացուց:

ՕԹԱՆ-ի բարձրաստիճան պաշտօնատարը Քանատայի Հալիֆաքս քաղաքին մէջ շուրջ երեք հարիւր մասնագէտներու մասնակցութեամբ միջազգային ապահովութեան նուիրուած խորհրդաժողովին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ «արաբական աշխարհը բարեփոխումներու դժուար եւ բարդ հոլովոյթի մը ենթակայ է»` աւելցնելով, որ «կարեւոր է, որ այս հոլովոյթի կշռոյթին վերաբերեալ ժողովուրդներուն մօտ անիրապաշտ ձգտումներ չըլլան, եւ պէտք է համբերութիւն ունենանք ու հոն, ուր կրնանք, օժանդակութիւն տրամադրենք»: Ան միեւնոյն ժամանակ շեշտեց, որ ՕԹԱՆ «չի կրնար ինքզինք պարտադրել շրջանի երկիրներուն»:

Ափաթուրայ յայտնեց, որ «ՕԹԱՆ Լիպիոյ մէջ հոկտեմբերի վերջաւորութեան գնդ. Մուամմար Քազզաֆիի սպանութեամբ աւարտած իր առաքելութեան յաջողութենէն ետք Սուրիոյ մէջ որեւէ միջամտութիւն չի ծրագրեր»` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի դերակատարութեան շուրջ որեւէ քննարկում տեղի չ՛ունենար»: Ան ըսաւ, որ քաղաքայիններու պաշտպանութեան պատասխանատուութիւնը անմիջականօրէն ՕԹԱՆ-ի կողմէ զինուորական գործողութիւններու չ՛առնչուիր:

ՕԹԱՆ-ի բարձրաստիճան պաշտօնատարը ընդգծեց, որ «Լիպիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի միջամտութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումին հիմամբ եղաւ» եւ այդ որոշումը ՕԹԱՆ-ը լիազօրեց Լիպիոյ վերեւ օդային թռիչքներու արգիլեալ գօտի ստեղծել եւ քաղաքայինները պաշտպանելու համար միջամտել:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES