ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ

Ցուցարարներ կը քարկոծեն ապահովական ուժերը

Երէկ երեկոյեան Եգիպտոսի կառավարութիւնը տուաւ իր հրաժարականը: Աւելի կանուխ Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատարներու եւ Գահիրէի Թահրիր հրապարակին վրայ հաւաքուած ցուցարարներէն պատուիրակութեան մը միջեւ «զինադադարը» իր գոյացումէն հազիւ քանի մը վայրկեան ետք փուլ եկաւ եւ ապահովական ուժերու ու ցուցարարներու միջեւ բախումները վերսկսան:

Հրապարակին մօտ գտնուող շէնքի մը մէջ մեծ հրդեհ մը ծագեցաւ, երբ ոստիկանութեան կողմէ արձակուած արցունքաբեր ռումբեր յարկաբաժինի մը մէջ ինկան: Դէպի Թահրիր հրապարակ առաջնորդող Մոհամետ Մահմուտ փողոցը ապահովական ուժերու եւ հազարաւոր ցուցարարներու միջեւ «պատերազմի գօտիի» վերածուեցաւ:

Բախումները ընդլայնուելով ներառեցին եգիպտական այլ քաղաքներ, ինչպէս` Աղեքսանդրիա եւ Հիւսիսային Սուեզ:

Տիրող կացութեան լոյսին տակ, եգիպտական կառավարութիւնը երէկ արտակարգ ժողով մը գումարեց` քննարկելու համար ստեղծուած իրավիճակը, իսկ Եգիպտոսի մշակոյթի նախարարը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ ցուցարարներուն նկատմամբ ցուցաբերուած վարուելակերպին պատճառով կը հրաժարի իր պաշտօնէն:

Մինչ այդ, զոհերուն թիւը բարձրացաւ 33-ի, իսկ վիրաւորներուն թիւը շրջանցեց 425-ը:

 

Share this Article
CATEGORIES