ԹՈՒՐՔԵՐ ՓՈԽԱԴՐՈՂ ՓՈԽԱԴՐԱԿԱՌՔ ՄԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ թուրքեր փոխադրող փոխադրակառք մը Սուրիոյ մէջ զինեալ յարձակումի ենթարկուած է եւ, ըստ նախնական տուեալներուն, յարձակումը տեղի ունեցած է Հոմսի մօտ:
Թրքական լրատուամիջոցներ տեղեկացուցին, որ յարձակումին պատճառով երկու թուրք քաղաքացիներ վիրաւորուած են, սակայն յարձակումին մանրամասնութիւններուն շուրջ հակասական տեղեկութիւններ հաղորդեցին: «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» հաղորդեց, որ երեք փոխադրակառքերէ բաղկացած կարաւանը, որ Մեքքէ ուխտագնացութենէ վերադարձող թուրքեր կը փոխադրէր, ըստ երեւոյթին ճամբան կորսնցնելով Հոմս քաղաքին մօտ սխալ ուղիով ընթացած է, ուր սուրիացի զինուորներ կանգնեցուցած են զայն, ապա անոր վրայ կրակ բացած: Վիրաւորներէն մէկը` Ճեմիլ Քարլը, որ Անտիոքի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ կը դարմանուէր, «Անատոլու» լրատու գործակալութեան լրագրողին յայտնած է, որ իրենց փոխադրակառքին վրայ կրակ բացուած է չորս անձեր փոխադրող ինքնաշարժէ մը:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը զգուշացուց, որ «իշխանութեան վրայ անոր օրերը այլեւս համրուած են եւ չի կրնար զինուորական ուժի միջոցով անվերջ իշխանութեան վրայ մնալ»:
Էրտողան Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ժողովի մը ընթացքին իր խօսքը Ասատին ուղղելով ըսաւ, որ «հրասայլերով եւ հրետանիով միայն որոշ ատեն իշխանութեան վրայ կրնաս մնալ, եւ պիտի գայ այն օրը, երբ դո՛ւն եւս պիտի հեռանաս»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Արեւմուտքը ամբաստանեց սուրիական տագնապին մէջ «շանթաժի» ընթացք որդեգրելու յանցանքով: Ան ըսաւ, որ այս հարցով Արեւմուտքի վարուելակերպը «միջազգային մակարդակով քաղաքական շանթաժի կը նմանի»` աւելցնելով, որ «մինչ Արաբական լիկան կոչ կ՛ուղղէր Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու դադրեցման, արեւմտեան մայրաքաղաքներ ընդդիմութեան կը յուշէին Ասատի հետ երկխօսութիւն չկատարել»:
Լաւրով նշեց, որ «Ռուսիա վստահ է, որ սուրիական ընդդիմութեան արտաքին զօրակցութիւնը շրջանին մէջ յաւելեալ լարուածութիւն կը ստեղծէ»` զգուշացնելով, որ «ասիկա անպայման Միջին Արեւելքի մերձակայ երկիրներուն խմբաւորումներուն մօտ փորձութիւններ կը ստեղծէ` փորձելով այս կացութիւնը շահագործել»:
Միւս կողմէ, դիւանագիտական աղբիւրներ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները յառաջիկայ շաբաթ օր իրենց արտակարգ ժողովին ընթացքին Սուրիոյ` կազմակերպութեան ժողովներուն մասնակցութիւնը սառեցնելու հարցը պիտի քննարկեն: Աղբիւրները նշեցին, որ իսլամական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները նախագահ Ասատին կոչ պիտի ուղղեն` սպանութիւնը եւ փողոցներու մէջ զինեալ երեւոյթները դադրեցնելու, ինչպէս նաեւ Արաբական լիկայի որոշումներուն զօրակցելու:

