«ՅԻՇԵՑԷՔ ԽՕՍՔԵՐՍ` ՌՈՒՍԻԱ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԹԱՆ-Ի ԱՆԴԱՄ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՇԵՒԱՐՏՆԱԾԷ

Էտուարտ Շեւարտնածէ

Ռուսական «Վզ.ռու» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախկին նախագահ, Խորհրդային Միութեան նախկին արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Շեւարտնածէ երէկ յայտարարած է, որ Ռուսիան Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ պիտի դառնայ:

«Յիշեցէք խօսքերս` Ռուսիա Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ պիտի դառնայ», ըսած է Շեւարտնածէ` աւելցնելով, որ «Ռուսիոյ` Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու անդամակցութիւնը ամբողջ աշխարհի համար կարեւոր է»:

Share this Article
CATEGORIES