ԹԵԿՆԱԾՈ՜Ւ ԵՄ. ՎՐԱՍ ՊԻՏԻ ԽՆԴԱՔ, ԳԻՏԵՄ, ԲԱՅՑ ՎՆԱՍ ՉՈՒՆԻ՜…

Հակառակ այս շատ բացարձակ ճշմարտութեան` որոշած եմ իմ թեկնածութիւնս դնել Հայստանի մէջ ստեղծուելիք ծերակուտականի թաւշեայ աթոռներէն մէկուն համար: Միակ արժանիքս, պարզապէս, սփիւռքահայ ըլլալս է: Տարիքս ալ գէշ չէ, պայմանը կը լրացնէ: Տասնեակ տարիներով անկախ Հայաստան երազած եմ. ասկէ առաջ գրութիւններէս մէկուն մէջ Սլովենիոյ նախընթացը յիշելով, պահանջած եմ երեսփոխաններուն 10 առ հարիւրը սփիւռքին յատկացնել: Հիմա եթէ պիտի իրականանայ այդպիսի քայլ մը, ինչո՞ւ չէ, ես ալ թեկնածութիւնս կը դնեմ եւ` վե՛րջ:

Անշուշտ թեկնածութիւն դնելը ուրի՜շ, ցանկալի աթոռին վրայ նստիլը` ուրի՛շ բան: Լեռներ ու ձորեր կան այս երկուքին միջեւ: Ի՞նչ վնաս սակայն:

Ապաւինած ընթերցողներուս քուէներուն` այս անկարելի քայլը կ՛առնեմ:

Մեր պետութեան նախագահը շատ առաջ երթալով` այսպիսի յանդուգն քայլ մը առնել խոստացած է, հայրենի օրէնսդրութիւնը երկպալատ կառոյցի մը վստահիլ: Գործադրութիւնը` ծերակոյտը ստեղծել եւ ատոր մէկ որոշ տոկոսը սփիւռքցիներուս յատկացնելը մեծ յանդգնութիւն կ՛ենթադրեն: Բայց խոստումը մէկ բան, իրագործումը` ա՜յլ բան: Սակայն մենք բնաւ վհատելու չենք, ինչպէս որ կ՛ըսէ աննման Ջիւանին:

Հիմա կը մնայ,  որոշ նախագուշակութիւն մը ընել, թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս կրնայ այս կենսական ծրագիրը միս ու ոսկոր ստանալ: Խաչակնքենք ու շարժինք.

Հայրենիքէն հասած առաջին արձագանգներէն մին` շատ բարձր մակարդակի օրէնսդիր պատասխանատուին, այնքան ալ լաւատեսութիւն չի ներշնչեր: Նախագահը գամին կը զարնէ, Ազգային ժողովի նախագահը` պայտին: Այդ կացութեան մէջ ձին կամ էշը բոպիկ կը մնայ, պայտը տեղը չի՜ հաստատուիր: Այսինքն ջուր ծեծելու պէս բան մը կը ստացուի: Բայց վհատելու չէ՜: Եթէ նախագահնիս քիչ մը զօրաւոր խփէ, մեխը (հայրենի՜ բառ գործածենք, որովհետեւ այլապէս թեկնածութիւնս անմիջապէս կրնայ մերժուիլ) կրնայ գամուիլ: Այսինքն նախագահը կրնայ հաստատել իր խոստումը:

Պահ մը ենթադրենք, որ հարկ եղած օրէնսդրութիւնը կը վաւերացուի եւ ահագին լեկենտար քոնեաքի եւ 5000¬ամեայ գինիի օրրանէն (Արենի) միլիոնաւոր շիշեր կը պարպուին այդ խի՜ստ բարեբաստիկ իրագործումին կենացը: Յետ այդու, այլեւս մէն մի հայ, սփիւռքացեալ հայ, կրնայ ինքզինք գէթ ծերակուտակա՜ն տեսնել: Նոյնիսկ կարգ մը հայրենակիցներ կրնան դուրս գալ Հայաստանի նեղ սահմաններէն, նախկին հայաստանցի (սփիւռքցի) ըլլալու` հուսկ ծերակուտական դառնալու սիրոյն: Հայկական ձեռներէցութեան եւ ճարպիկութեան ո՞վ ի՛նչ կրնայ ըսել…

Ցարդ ամէն բան շատ լաւ, շատ բարի ըլլալ համարեցէք դուք: Հիմա բուն հարցը կը ծագի,  երբ պիտի ճշդուի սփիւռքցիներուս քոթան: Այդ ալ անլուծելի չէ. երբ քեզի ողորմութիւն, աւելի ճիշդ` նպաստ կը տրուի, իրաւունք չունի՜ս սակարկելու:  Հաւանաբար աթոռներուն 10¬15 առ հարիւր մեզի տրուի: Ընդունելի է այդ: Նոյնիսկ կրնայ ծերակոյտի փոխնախագահութիւնը մեզի շնորհուիլ: (Լիբանանի մէջ եւս, Թաէֆի համաձայնութեամբ կազմուելիք ծերակոյտին փոխնախագահութիւնը մեզի` հայերուս, պիտի տրուի: Գրեթէ քառորդ դարէ ի վեր կը սպասենք այդ ծերակոյտին): Այդ եւս մեծ խանդավառութեամբ ընդունիլ կը յանձնարարեմ: Դարձեալ լեկենտա՜ր քոնեաքի եւ «Արենի»ի շիշեր… քիչ մըն ալ յաւելեալ շէն մթնոլորտի համար բաւականաչափ շամփանիայի զուա՜րթ պայթիւններ:

Անլուծելի հարցը կը սկսի գլուխ ցցել, երբ այդ աթոռները, թերեւս քանի մը տասնեակ (Ամերիկայէն աւելի հզօր չենք, որ ծերակոյտի անդամներուն թիւը 100¬ը անցնի, թէեւ մենք միշտ ալ ուրի՜շ ըլլալով, կրնանք թիւը քանի մը հարիւրի հասցնել), մեզի բաժին իյնան: Ո՞վ է արժանի այդ քոթայէն բաժին ստանալու: Անշուշտ բոլորս ալ արժանի ենք, այլապէս ինչի՜ս հայն ենք, այն ալ` սփիւռքահա՜յ: Աթոռներու բաշխումին համար պէտք է խաչբառի նման բան մը ստեղծել եւ լուծել զայն: Թէեւ գլուխ կ՛ուզէ այդ մէկը լուծելու համար: Պէտք է հետեւեալ հիմնական կէտերը նկատի առնեն  մեր վերին պատասխանատու ջոջերը, «խաչբառի» լուծմա՜ն ճամբուն վրայ.

– Ճշդել, թէ քանի՞ արեւմտահայ եւ քանի՜ արեւելահայ ծերակուտական բռնելու եւ աթոռին վրայ նստեցնելու է:

– Ռուսահայերուն, պարսկահայերուն եւ արեւելահայերուն որոնք արդէն իսկ ողողած են Եւրոպան եւ Ամերիկան, կացութիւնը, բաժինները,  ի՞նչ համեմատութեամբ պիտի բաշխուին ասոնց միջեւ:

– Կարելի է որոշ գոհունակութեամբ հաստատել, որ մի միայն աւանդական երեք կուսակցութիւններ ունինք սփիւռքի մէջ: Երանի Հայաստանն ալ մեզմէ բան սորված ըլլար եւ այսքան բազմակուսակցական եղած չըլլար… Ի՜նչ որ է: Բնա՜ւ երաշխիք չունինք, որ սունկի նման այլ կուսակցութիւններ եւս պիտի չկազմուին: Թաւշեայ աթոռները կ՛արժե՛ն. ատոնց սիրոյն կուսակցութիւն թխելը ի՜նչ է որ…

– Դարձեալ գոհունակութեամբ պէտք է հաստատել, որ մի միայն երեք յարանուանութիւններ ունինք, զԱստուած փառաբանելու համար: Բայց հոս չենք կրնար մատնացոյց չընել հետեւեալը. ո՞վ աւելի արժանի է, օրինակ` անթիլիասակա՞ն`  թէ՞ էջմիածնական առաքելականը, մխիթարեա՞ն, թէ՞ զմմառեան կաթողիկէն, մկրտչակա՞ն, ժողովակա՞ն, թէ՞ գալստական աւետարանականը: Ի՞նչ ընելու է, հայ եհովայի վկաներուն  կամ մորմոն հայերուն ի նպաստ միջամտող եւոպական, ամերիկեան եւ մարդկային իրաւանց միութեանց ոտնձգութիւնները չէզոքացնելու համար:

Եւրոպայի եւ Ամերիկայի հանրային կարծիքը նկատի առնելով, թերեւս պատշաճ պիտի ըլլայ երկու¬երեք աթոռ միասեռականներուն յատկացնել:

Յետոյ, իւրաքանչիւր գաղութի քանի՞ աթոռ պիտի իյնայ: Այս ուղղութեամբ կարելի է քիչ մը լաւատես ըլլալ: Բայց երբ մէն մի գաղութ ստանայ իր աթոռը, այդ մէկը որո՞ւ տալ…

Պահ մը առնենք Ամերիկայի գաղութի պարագան: Սա շատ  մեծ եւ կենսունակ գաղութ է: Այս մասին երկու տեսակէտ չկայ: Ենթադրենք, որ Ամերիկայի «Ատլանտեանական» եւ «Խաղաղականեան» հայերուն գոհացում տրուեցաւ: Բայց երբ մանրամասնութիւններէն ներս փորձենք գլուխնիս խոթել, ի՜նչ¬ինչ խրթնաբանութիւններ պիտի ծագին: Ամէն բանի մասին կարելի չէ խօսիլ, որովհետեւ ատոր համար նախ յատուկ համայնագիտարան կազմելու է, թէկուզ եւ` համացանցի վրայ: Ո՞վ սիրտ ունի այդպիսի բանի:

Առնենք արեւմտեան ափի` Խաղաղականի հաւատարիմ հայորդիներուն պարագան: Նախ հարց տանք, ո՞վ է արժանի. աւելի ճիշդը` Մ. նահանգներու արեւմտեան թեւին էօզ, իսկական արժանաւոր ամերիկահայը.Կոլտ Ռաշի սերունդի, Ֆրեզնոյի հնագոյն գաղթականներու նորագոյն ժառանգորդներէն, Ատլանտեանէն հոն փոխադրուած, Միջին Արեւելքէն, Ափրիկէնն, Հայաստանէն, ռուսական զանազան քաղաքներէն հոդ հանգրուանած ո՞ր հայը արժանի է «խաղաղականեան» կոչուիլ: Պահ մը ենթադրենք, որ ընտրութիւնը ինկաւ նախկին լիբանանահայու մը վրայ. այդ թեկնածուին համայնքային, կուսակցական, ընկերային հանգամանքներն ալ լուծուած համարենք: Բայց հարց պիտի չծագի՞, այդ երանելիին նախկին սուրիահայ կամ իրաքահայ եղած ըլլալու բացարձակ ճշմարտութեան գծով: Հետեւողական ըլլալու համար ըսենք, որ ներկայի խաղաղականահայը, որ եղած է նախկին լիբանանահայ, անկէ առաջ ալ նախկին սուրիահայ (ականջը խօսի իմ Սարգիս զօրավար ընկերոջ` Մահսէրէճեանին): Ինչ դիրք բռնել ասոր նկատմամբ, եթէ Ամերիկա գաղթելէն առաջ որոշ շրջան մը Արաբական ծոցի բնակիչ եղած ու աշխատած է, յետոյ Քանատայի քաղաքացի ըլլալէն ետք անցած է Լոս Անճելըս: Հիմա պէտք չէ՞ ասոր բուն¬բուն պատկանելիութեան հարցը եւս նկատի ունենալ. այնթապցի, ուրֆացի, քեսապցի, քիլիսցի, իսկենտերունցի, վանեցի կամ խարբերդցի…

Այդ բոլոր մանրամասնութիւնները յաղթահարելէ ետք, կը մնան միւս մանրամասնութիւնները (որքան որ ջանանք կարծել, որ այս գծով լուծումի հասած ենք, տակաւին  այդ մանրամասնութիւնները կարելի չէ աչքի թող ընել), համայնքային, կուսակցական, հարուստ¬աղքատ` յաղթահարել: Այս գծով ըսենք, որ թերեւս հարուստ¬աղքատի հարցը շատ դիւրին է, բայց հարց է: Կարելի է քանի մը միլիոնի նուիրատուութեամբ հարցը լաւագոյնս լուծել: Չմոռնանք` ոսկի բեռցուած ըլլալը որքան մեծ դիւրութիւն է կամ առաւելութիւն… (առածը կ՛ըսէ` «ոսկի բեռցուած էշն է առաջին բերդ հասնողը»)…

Պահ մը այլ կարեւոր հանգամանքներ նկատի առնելու ենք. հաշուենք որ Քալիֆորնիոյ մէջ նախկին արեւելահայ մը ուզեց իր թեկնածութիւնը դնել: Հիմա ատոր պարսկա կամ հայաստանա եւ կամ  ռուսա ըլլալը հարց պիտի չստեղծէ՞: (Է՜հ շատ ալ թող ինքզինք չտեսնէր երիցս լուսահոգի Պ. Սեւակ, որ Կոմիտասով ուզեց ջնջուած տեսնել արեւել¬ արեւմտ¬ պարսկան… Հիմա՛ թող ելլէ եւ աչք մը նետէ): Այս երանելի թեկնածուին «աբեղեանա» կամ «մաշտոցա» պատկանելիութիւնը արժանի չէ՞, որ խնդրոյ առարկայ դարձուի: Անշուշտ թերեւս այս ալ յաղթահարելի է այսօր, երբ հայերէն ուղղագրութիւնը եւ լեզուն յետին փլան կը մղուին, նոյնիսկ հայրենիքէն ներս… Բոլորս ուժ կու տանք այլեւս  ինթերնաթահայերէնին

Հիմա, այնքան ատեն որ հայութիւնը կը նմանի այնպիսի խճողակի մը( լիբանանահայերէնով` թապուլէ), որուն նմանը ուրիշ տեղ կարելի չէ գտնել, իմ համեստ կարծիքով տիկին Հ. Յակոբեանն ու մեր սիրելի նախագահ Ս. Սարգիսեանը( որուն նախագահութիւնը ապահովուած պէտք է համարել մինչեւ 2018` Ա հանրապետութեան 100¬ամեակ), բացած են փանտորայի տուփ մը: Լաւ է, որ փակ պահուէր այդ մէկը:

Երկպալատ օրէնսդրութիւն ստեղծելու գաղափարը այնքան ալ գէշ բան չէ, բայց սփիւռքի քոթան համը պիտի փախցնէ: Մէկ ազգ, մէկ հայրենիքէն, միայն հայրենիքի մէկութիւնը, այն ալ` մասնակի, պիտի մնայ, մինչեւ որ Միացեալ Հայաստան իրագործուի: Քանի գաղութ, քանի քաղաք, ուր հայութիւն կայ, անգամ երեք(կուսակցութիւն) անգամ 3 (յարանուանութիւն), ազգ ունինք… Հայու իւրայատո՜ւկ հարստութիւն, ճոխութի՛ւն….

Այս համե՜ստ տուեալներով, համեստութիւն թող համարուի սա, ծերակուտականի երկու¬երեք տասնեակ թաւշապատ աթոռները, արդա՜ր ձեւով բաշխելը կրնայ իրագործուիլ, հազիւ Արարատ լերան մեզի վերադարձուելէն, Միացեալ Հայաստանի իրագործումէն ետք, եւ բնականաբար, Մ. Նահանգներու նախագահին ու Քոնկերեսին Հայոց ցեղասպանութեան յստակ ու մեկին ճանաչուներէն ետք: Այս բոլորին  համար թէ որքա՞ն սպասելու ենք, ե՛ս ալ չեմ գիտեր:

Ի՜նչ որ է… պահ մը ենթադրենք, որ ամէն բան եւ ամէն ինչ իր տեղը գտաւ, ծերակուտականի այնքան բաղձալի աթոռները, սանկ¬նանկ, աղի- լեղի, բաշխուեցան: Ես, ինչպէս որ վերը ըսի, անմիջապէս թեկնածութիւնս պիտի դնեմ: Արդէն իսկ դրուած համարեցէք զայն: Եւ, եթէ լոթոյին մեծ պարգեւը ինծի ելլէ, այդ աթոռներէն մէկուն վրայ նստելու բախտը պիտի ժպտի ինծի: Եղա՜ւ: Շնորհաւորութիւններ ստանալէ ետք, բան մը, որ քանի մը ամիս կրնայ տեւել, պիտի երթամ, եւ գրաւե՜մ աթոռս:

Մինչ այդ, ընկեր Փանջունիէն բանագողութիւն ընելու գնով յայտնեմ, որ ինծի մի քիչ փող ուղարկելը ամէն հայ ազգայինի ազգային պարտականութեան մէջ կ՛իյնայ: Այլապէս ուրկէ՞ բերեմ այդքան պատկառելի գումար:

Այդ աթոռը գրաւելս ինչի՜ս է պէտք, կամ ի՛նչ ընելու համար, եթէ հարցուի, տեսէք, թէ ինչե՜ր¬ինչեր ընել պիտի փորձեմ (անկախ արդիւնքէն)…

¬ Անմիջապէս պիտի պահանջեմ, որ հայ ազգի ուղղագրութիւնը միացուի: Բուռն պայքարի պատրաստ պէտք է ըլլամ, մինչեւ իսկ` գլխուս քանի մը աթոռ ուտելու չափ: Դէմս պիտի գտնեմ Հայաստանի մտաւորականութեան մեծամասնութիւնը: Ասոնց համար, իրենց ցաւը տանեմ, այլեւս սրբութեա՜ն կարգ անցած է պոլշեւիկեան այդ չըլլալիք «գիւտ»ը:

– Պիտի նեկայացնեմ յատուկ առաջարկ,որ կոռուպցիան վերցուի մեր հայրենիքէն: (Արարատը կրնայ վերցուիլ, բայց այդ հրէշը` ոչ): Հազիւ առաջարկը ներկայացուցած` քանի մը թիկնապահ վարձելու մասին պիտի մտածեմ: Աւելի իմաստութիւն պիտի ըլլայ, որ «պալատ» չմտած` այդ «սքանչելի» տղոցմէ քանի մը հատով շրջապատուիմ:

– Պիտի ջանամ արտագաղթը արգիլե՜լ, որպէսզի թուրք¬ազերիներուն երազը ձախողութեան մատնեմ: Բայց եկուր տես, որ այսպիսի քայլ մը կացնի հարուած պիտի համարուի իմ հայու մէկ որոշ մասնայատկութեանս` սփիւռքահայ ըլլալու արժանիքի՜ս… Յետոյ, ինչ որ արգիլուի, ա՛լ աւելիով կը քաղցրանայ: Արտագաղթը մեր մէջ ունի իր մասնայատուկ ծիները: Մինչեւ որ հայու հոգին չելլէ, արտագաղթելու մարմաջը չի՜ մարիր:

– Աղքատութեան արտաքսումը պահանջելո՜վ պիտի պահանջե՛մ: Ազնիւ, բայց ազգավնաս գործ է այս ալ. հազիւ բարեկեցութեան ափին վրայ շունչ առած` իսկական հայը պիտի ուզէ արտագաղթել, ա՛լ աւելիին հասնելու համար: Լ. Անճելըսի մէջ հարստանալու երազով վառուած`  10¬15 հազար հայորդի բանտարկեալ, առանց սեռի խտրութեան, ունինք եղեր: Ասոնք տնտեսական յանցագործութեան պատճառով «նստած» են :

– Կաթողիկոսական զոյգ աթոռները միացնել պիտի աշխատիմ: «Քեզի՞ մնացեր է այդ,¬ պիտի ըսուի ինծի.¬ դուն տեղդ ծա՛նր նստէ եւ քու յարանուանութիւնդ միացնել փորձէ»: Շա՛տ իրաւացի նկատողութիւն է այդ:

– Պիտի առաջարկեմ նախնական քայլեր առնել` դէպի Հրատ կամ այլ մոլորակ մը գաղթելու հայու իրաւունքը ամրագրելու համար:(Ինքզինքս եթէ կը հակասեմ, ներող եղէք): Այս  առաջարկս անպայման պիտի անցնի, որովհետեւ հայը որքան հեռու գաղթել կարենայ, այնքան աւելի ճարպիկ եւ ձեռներեց կը համարուի: Ատոր համար ալ կրնամ ազգային հերոսի կոչում եւ համապատասխան քանի մը ոսկի կամ ադամանդակուռ, շքանշաններ ստանալ…

– Յատուկ օրէնսդրութիւն պիտի ներկայացնեմ պատուարժան ծերակոյտին, մեր ազգային հերոս Վարդան Մամիկոնեանը գտնելու համար: Անցեալ շաբաթ բնաւ չտեսայ զինք մեր հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ: Խորհրդայիններու օրով երկրէն արտաքսուած էր: Թերեւս Սիպերիայէն ա՛լ աւելի հեռու տեղ ղրկուած էր: Խորհրդայինները չքացան, Վարդանը ետ չեկաւ. գալիք ալ չունի՜: Այս եւս բուռն ընդդիմութեան պիտի բախի մեր հայրենի ծերակուտականներուն կողմէ: Վարդանը պէտք չէ՛: Կարելի է շաբաթներով Ամանոր, ամիսով կիներու «օր» նշել, բայց Վարդանին մէկ օր իսկ չի ճարուիր…

Դուք չմոռնաք մի քիչ փող ներմուծել ընտրական սնտուկիս մէջ… Այլապէս կը ստիպուիմ ես ալ կոռուպցիայի «ասպետականութիւն» որդեգրել` ծերակուտականի աթոռս ապահովելու համար…

Ի տեսութի՜ւն Ծերակոյտի պալատին մէջ, չեմ գիտեր, թէ քանի՜ տասնամեակ ետք…

 

ՁԻՒՆԱԿԱՆ

Share this Article
CATEGORIES