ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՇԵԼ ԹԱՄԵՐԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ գտնուող Պրազիլի ծագումով լիբանանցի փոխնախագահ Միշել Թամերը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Թամերի Լիբանան այցելութիւնը կը փաստէ Լիբանանի եւ Պրազիլի միջեւ յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը, յատկապէս` դիւանագիտական, խորհրդարանական եւ առեւտրական առումով:
Միքաթի շեշտեց, որ Պրազիլի ուժերուն կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմելու պատրաստակամութիւնը կը փաստէ, որ Պրազիլ մնայուն կերպով նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին: Ան կոչ ուղղեց Պրազիլին ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի զայն համոզէ` գործադրելու ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը:
Իր կարգին, Թամեր յայտնեց, որ ինք Լիբանան կատարած իր այս այցելութեան առիթով մօտէն կրցած է ծանօթանալ իր մայր երկրին, ինչպէս նաեւ կրցած է երկկողմանի համաձայնագիրներ ստորագրել, յատկապէս առեւտրական, տնտեսական եւ մշակութային մարզերուն մէջ:
Հանդիպումին աւարտին Թամեր եւ անոր կինը դարձան վարչապետարանին ճաշի հիւրերը:
Վարչապետ Միքաթիի այցելուներէն եղաւ նաեւ պետական նախարար Փանոս Մանճեան: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի ընդունեց վարչապետարանին առջեւ ցոյց կատարած իսլամ բանտարկեալներուն հարազատները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:
Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ ինք այդ թղթածրարը կարեւոր կը նկատէ` աւելցնելով, որ այդ հարցը պէտք է լուծուի երեք ուղղութեամբ` դատական իշխանութիւններուն, ընկերային հարցերու նախարարութեան եւ բանտին տնօրէնութեան կողմէ:
Միքաթի ընդգծեց, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ պիտի կատարէ, որպէսզի կարելի ըլլայ արագացնել արգելափակեալներուն դատավարութիւնը:
Նշենք, որ վարչապետին կողմէ հրապարակուեցաւ շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ յառաջիկայ շաբաթ, 26 նոյեմբեր 2011-ին, պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան` իսլամական նոր տարուան առիթով:


