ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻԻ ՕՐՈՒԱՆ ՀՐԱՀԱՆԳԸ

Լիբանանի անկախութեան 68-ամեակին առիթով, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի բանակին ուղղեց «Օրուան հրահանգը», որուն մէջ շեշտեց, որ

բանակը պատրաստ կը մնայ երկրին անկախութիւնը պաշտպանելու եւ ազգային իր յանձնառութեամբ կը պահպանէ Լիբանանի գերիշխանութիւնը:

«Նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութիւնը եւ ժողովրդավարութեան փնտռտուքով տարուած ժողովուրդներն ու ազատութեան կոչերը, լիբանանեան բանակը պէտք է պահպանէ երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ նախանձախնդիր մնայ երկիրը պաշտպանելու շրջանային իրադարձութիւններէն եւ անոնց ունենալիք հաւանական ազդեցութիւններէն», ըսաւ զօր. Քահուաժի:

Բանակի հրամանատարը կոչ ուղղեց մնայուն կերպով պատրաստ ըլլալու` դիմադրելու համար թշնամի Իսրայէլին կողմէ գործադրուելիք որեւէ դաւադրութեան: Ան շեշտեց նաեւ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ գործակցելու անհրաժեշտութիւնը եւ շեշտեց, որ բանակին մատուցած զոհողութիւններուն դիմաց բանակին հրամանատարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ զէնք-զինամթերք ապահովելու նպատակով:

Զօր. Քահուաժի ընդգծեց, որ բանակը պէտք է պահպանէ իր հաւատարմութիւնը եւ ժողովուրդին նկատմամբ իր վստահութիւնն ու յարգանքը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES