ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԸՐԱՏԸ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԼԻՊԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Մըրատ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Իթթիհատ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս` արեւմտեան Պեքաայի կարիքները:

Հանդիպումէն ետք Մըրատ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը իր կազմուած օրէն ի վեր տեղքայլի մէջ է` աւելցնելով, որ անիկա ոչ մէկ նուաճում իրագործած է:

Պըրրիի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին երեսփոխաններ Ժիհատ Սամատ եւ Նատեր Սըքքար, որոնք խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեցին երկրին եւ շրջանին զարգացումները:

Նշենք, որ Պըրրի Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիէն, ինչպէս նաեւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանէն:

Իր կարգին, Սէյֆուլ Իսլամ Քազզաֆիի ձերբակալման առիթով, Պըրրի շնորհաւորական նամակ մը յղեց Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդին:

 

Share this Article
CATEGORIES