ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊՐԱԶԻԼԵԱՆ ՅԱԾԱՆԱՒԸ

Սլէյման եւ Թամեր` պրազիլեան յածանաւ այցելութեան ընթացքին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին` ընկերակցութեամբ Պրազիլի ծագումով լիբանանցի փոխնախագահ, Միշել Թամերի այցելեց Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գտնուող պրազիլեան յածանաւը, ուր կը գտնուէր նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ծովուժին մաս կազմող պրազիլցի նաւազներուն զօրամասը:

Նախագահ Սլէյման Թամերի հետ շրջեցաւ յածանաւուն տարբեր մասերուն մէջ եւ յարկերուն վրայ` բացատրութիւններ լսելով պրազիլեան ծովուժի հրամանատար ծովակալ Փրատօ Մայա Ռիքարտօ Կոմեզէն:

 

Share this Article
CATEGORIES