ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԱԾ ՑԻՒՐԻԽԵԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՉՎԱՒԵՐԱՑՈՒԻՆ»

Վոլքան Պոզքիր

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Վոլքան Պոզքիր երէկ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչութեամբ երկու երկիրներուն ստորագրած ցիւրիխեան արձանագրութիւնները պիտի չվաւերացուին:

«Ես այդ փաստաթուղթի վաւերացման պատասխանատուներէն մէկն եմ եւ կրնամ ըսել, որ անոնք պիտի չվաւերացուին», ըսած է Պոզքիր:

Թուրքիոյ խորհրդարանի Պաքու այցելող պատուիրակութիւնը երէկ սկսաւ իր պաշտօնական հանդիպումներուն:

Յիշեցնենք, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող արձանագրութիւնները ստորագրուած են 10 հոկտեմբեր 2009-ին` Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքին մէջ, սակայն անոնց վաւերացման հոլովոյթը երկու երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ կասեցուած էր` Թուրքիոյ նախապայմաններ ճշդող ոչ կառուցողական դիրքորոշման պատճառով: Արձանագրութիւններու վաւերացման հարցը դուրս բերուած էր Թուրքիոյ խորհրդարանի օրակարգէն, սակայն աւելի ուշ դարձեալ ներառուեցաւ օրակարգին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES