«ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԷՏՔ Է ՃԱՆՉՆԱՅ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ» Կ՛ԸՍԷ ՌՈՊԸՐԹ ՖԻՍՔ
«Էթա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ բրիտանացի յայտնի վերլուծաբան, բրիտանական «Տը Ինտիփենտընթ» օրաթերթի յօդուածագիր Ռոպըրթ Ֆիսք Պոլսոյ մէջ յայտարարած է, որ Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած գիտաժողովի մը ընթացքին Ֆիսք արտասանած է խօսք մը, որուն մէջ խօսած է Հայոց ցեղասպանութեան, «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան, Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան մարզին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն, «Արաբական գարնան», Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին եւ այլ հարցերու մասին:
Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան հարցին` բրիտանացի հանրածանօթ վերլուծաբանը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է ճանչնալու այդ պատմական իրողութիւնը:
Խօսելով Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան մարզին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն մասին` Ռոպըրթ Ֆիսք ըսած է, որ Թուրքիոյ մէջ ամէն քայլափոխի կ՛ոտնահարուին մարդկային իրաւունքները: «Ինտիփենտընթ»-ի յօդուածագիրը նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ մամուլը ազատ չէ` ընդգծելով, որ թրքական քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածը պէտք է ջնջուի: