ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՔՐԻՍԹԻԱՆ ՎԱՆԵՍԸ
Կիրակի օր, սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք, վեհարանի գրասենեակին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ Քրիստիան Վանեսը, որուն կ՛ընկերանար Սէմ Րագուպեան: Երեսփոխանը մօտէն ծանօթ է Ֆրանսայի հայութեան, Հայոց ցեղասպանութեան ու այդ ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքներուն եւ միշտ եղած է պաշտպան հայ ժողովուրդի արդար դատին:
Հանդիպման ընթացքին, ընդառաջելով երեսփոխանի փափաքին, վեհափառը ներկայացուց իր պատկերացումը Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներու ներկայ կացութեան մասին` շրջանին մէջ շարունակուող քաղաքական վերիվայրումներու լոյսին տակ: Ապա խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն եւ այս ուղղութեամբ Ֆրանսայի դերակատարութեան վրայ: Այս ծիրին մէջ, վեհափառը գնահատեց Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի յստակ կեցուածքը Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով, միաժամանակ յայտնելով, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին անհրաժեշտ է, որ մեր բոլորին աշխատանքներուն կիզակէտը դառնայ ճանաչումէն անդին հատուցման հարցը: