ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 68-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` երկուշաբթի, 21 նոյեմբեր 2011-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական ձեռնարկ` նուիրուած Լիբանանի անկախութեան 68-ամեակին:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի աշակերտ Ռոզի Աւետիսեան: Ան նկատել տուաւ, որ բոլոր լիբանանցիները, Լիբանանի մէջ թէ այլուր, կը տօնեն Լիբանանի անկախութիւնը, որովհետեւ այս տօնը կը միացնէ բոլոր լիբանանցիները եւ Լիբանանի գոյատեւման հիմնական ազդակն է, որուն պահպանումը մեծ զոհողութիւն կ՛ենթադրէ:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` կատարողութեամբ Լիբանանահայ Ազգային վարժարաններու աշակերտներու: Յայտագիրը կը բովանդակէր երգ, ասմունք եւ պար:

Նախարար Փանոս Մանճեան

Օրուան պատգամը արաբերէնով եւ հայերէնով փոխանցեց պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեան: Ան բացատրեց անկախութիւն բառին իմաստը, որ կը նշանակէ կախեալ չըլլալ ուրիշներէ: Ան յայտնեց, որ ոչ մէկ երկիր անկախ է, որովհետեւ կախեալ է ուրիշի հետ ունեցած իր յարաբերութենէն, նաեւ ոեւէ անձ ունի հսկայական պարտաւորութիւններ իր մեծաւորներուն նկատմամբ: Ան նկատել տուաւ, որ իւրաքանչիւր անձ պարտաւորութիւն ունի հայրենիքի պահպանման գործին մէջ: Նախարարը` իբրեւ կառավարութեան անդամ, պէտք է հոգայ հայրենիքի պէտքերը, զինուորականը նոյնիսկ իր արեան գնով պէտք է պաշտպանէ հայրենիքը, կղերականը պէտք է առաջնորդէ դէպի հոգեւոր կրթութիւն, տնօրէնը` դաստիարակութիւն ջամբէ աշակերտներուն եւ այլն: Աշակերտը նոյնպէս պարտաւորութիւններ ունի ընտանիքին, դպրոցին, ուսուցիչներուն եւ դասընկերներուն նկատմամբ: Եզրափակելով իր խօսքը` նախարար Մանճեան հաստատեց, որ աշակերտ մը լաւ զաւակ, աշխատասէր, ընկերային ու տիպար քաղաքացի պէտք է ըլլայ, որ ապագային իր մասնակցութիւնը կարենայ բերել հայրենիքի անկախութեան պահպանման գործին մէջ:

Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը հայերէնով եւ արաբերէնով ուղղեց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան նկատել տուաւ, որ անկախութիւնը կը վերաբերի երկիրներու, եւ իւրաքանչիւր երկիր ունի իր դրօշակը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ժողովուրդը անկախ եւ ազատ է իր ուզած ձեւով աշխատելու, մտածելու եւ գործելու: «Ազատ եւ անկախ ապրելու ամէնէն կարեւոր զգացումը հպարտութիւնն է», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը եւ աւելցուց. «Մենք հպարտ ենք մեր պատկանելիութեամբ եւ մեր ունեցած առաւելութիւններով: Հպարտութեան զգացումը կարեւոր է, որպէսզի աշխատանք տարուի երկրի վիճակին բարելաւման համար: Սրբազան հայրը նաեւ հաստատեց, որ լիբանանահայերը Լիբանանի անկախութեան եւ անոր բարգաւաճման, զարգացումին եւ գեղեցկանալուն մէջ մեծ դեր ունեցած են:

Առաջնորդ սրբազանը` «Մհեր Ջուլհաճեան» մրցանքի մրցանակակիրներուն հետ

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքի մրցանակներու բաշխում: Միջնակարգէն առաջին հանդիսացաւ Գարին Գանտահարեան (Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ) երկրորդ` Շուշան Քէշիշեան (Հայ աւետարանական քոլեճ), երրորդ` Նաթալի Մարկոսեան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ): Երկրորդականէն առաջին հանդիսացաւ Մուրատ Չորպաճեան (Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք), երկրորդ` Յարութ Շերնեզեան (Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք), երրորդ` Սիրուն Պեքերեճեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան):

 

Share this Article
CATEGORIES