«ԱԶԴԱԿ»-Ի ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԿԱՅՔԷՋԸ ԿԸ ԹԱՐՄԱՑՈՒԻ ՆՈՐ ՆԻՒԹԵՐՈՎ

Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքէջը (www.aztagarabic.com) արդէն իսկ թարմացուած է երկու անգամ: Նոր թարմացումներու «Լուրեր» բաժինին մէջ հիմնական տեղ կը գրաւեն Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան յանձնակատար Քեթրին Էշթընի Երեւան այցելութիւնը, Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ Անիի նուիրուած գիտաժողովը, Արամ Ա. կաթողիկոսի մասնակցութիւնը ղպտի եկեղեցւոյ Շնոտա Գ. պապի գահակալման 40-ամեակի հանդիսութեան եւ Հայաստանի ճատրակի մարզին վերաբերող անգլիական «Կարտիըն» օրաթերթի անդրադարձը:

«Հայկական դաշտ» բաժինին մէջ կը կարդանք նիւթ մը Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած հայագիտական խորհրդաժողովի մը մասին: Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձած է նաեւ պուլկարացի լրագրող Ցվեթանա Փասքալեւայի պատրաստած նոր ժապաւէնը: Կան նաեւ լրատուութիւններ Գահիրէի գիրքի ցուցահանդէսին Հայաստանի մասնակցութեան, Ճորճ Պուրնութեանի «Հայոց պատմութիւն» աշխատութեան, Յորդանանահայ գեղանկարիչ Զոհրապի ստեղծագործութեան եւ ֆրանսահայ գրող Գրիգոր Պըլտեանի մասին:

«Կիզակէտ» բաժինով կը կարդանք յօդուած մը Ցեղասպանութեան վերաբերող արխիւային նիւթերու հրապարակման մասին: Կայ նաեւ Ահմետ Սարաֆի գրութիւնը ծագումով քիւրտ հրատարակիչ Ռակըփ Զարաքոլուի եւ ֆրանսական «Լը մոնտ» թերթի յօդուածը` «Շուշին Ղարաբաղի մայրաքաղաք» խորագիրով:

Նոր թարմացումներուն մէջ կը կարդանք նաեւ հետաքրքրական այլ նիւթեր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES