Ի ՊԱՏԱՍԽԱՆ ԵՐԿՈՒ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐԸ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԷՄ ՊԱՏԺԻՉ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԻՏԻ ՁԵՌՆԱՐԿԵՆ

Ի պատասխան ազրպէյճանական կողմին վերջին օրերու քայլերուն, որոնց պատճառով շաբաթ եւ կիրակի օր Լեռնային Ղարաբաղի բանակի երկու զինուորներ զոհուեցան, Հայաստանի զինեալ ուժերը յառաջիկային պիտի ձեռնարկեն պատժիչ գործողութիւններու:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Կարապետեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին երէկ յայտնեց, որ ատիկա պիտի ըլլայ Հայաստանի բնական, տրամաբանական եւ օրինաչափ արձագանգը: Ան ընդգծեց, որ հայկական կողմին պատասխանը անհամաչափ պիտի ըլլայ: Ըստ անոր, եթէ այդ պատասխանին իբրեւ արդիւնք ազրպէյճանական կողմը կորուստներ կրէ, ապա անոր ամբողջ պատասխանատուութիւնը ազրպէյճանական կողմը կը կրէ:

Դաւիթ Կարապետեան նշեց, որ հայկական կողմը քանի անգամ դրական արձագանգ տուած է արձակազէնները հայկական եւ ազրպէյճանական զինեալ ուժերու շփման գիծէն դուրս բերելու վերաբերեալ միջազգային հանրութեան կոչերուն, մինչդեռ Ազրպէյճան ոչ միայն կը մերժէ այդ առաջարկները, այլեւ ժամանակ առ ժամանակ կ՛աշխուժացնէ արձակազէնները եւ կը դիմէ արկածախնդրութիւններու:

Յայտնենք, որ ըստ Լեռնային Ղարաբաղի բանակի լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժանմունքին, ազրպէյճանցի արձակազէններու կրակոցներէն 19 եւ 20 նոյեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի հարաւ-արեւելքը գտնուող պաշտպանական դիրքերուն վրայ զոհուած են ժամկէտային զինուորներ Արէն Սիմոնեան եւ Միհրան Մարգարեան: Անոնք երկուքն ալ 19 տարեկան էին:

Այս տարուան ընթացքին հայկական կողմին ձեռնարկած պատժիչ գործողութիւններուն հետեւանքով ազրպէյճանական կողմը ունեցած է 42 զոհեր:

«Դժբախտաբար ազրպէյճանական կողմը դասեր չէ քաղած նախկին արկածախնդրութիւններէն, որոնց իբրեւ արդիւնք ազրպէյճանական կողմը քանի մը անգամ աւելի մարդկային կորուստներ կրած է: Ասիկա ցոյց կու տայ անոնց անպատասխանատու վերաբերմունքը: Այսինքն, Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կարեւոր չի նկատեր եւ չի մտածեր իր զինուորներու ապահովութեան եւ կեանքին մասին», նշեց Դաւիթ Կարապետեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES