ԺԻՒՏՕ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԱՐՏԵՈՄ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ՓՈԽԱԽՈՅԵԱՆ

PanARMENIAN.Net հայկական լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ներկայացուցիչ Արտեոմ Պաղտասարեան, Եւրոպայի ժիւտոյի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, 81 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ փոխախոյեան` աւարտականին պարտութիւն կրելէ ետք հունգարացի իր մրցակիցէն` Քրիսթիան Թոթիէն:

Պաղտասարեան միակն ըլլալով Հայաստանին մետալ մը ապահովեց, մինչ հաւաքականին մնացեալ եօթը մարզիկները յաջողութեան չհասան:

Share this Article
CATEGORIES