ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէի Թուրքիոյ մէջ կատարած յայտարարութիւնը` Ֆրանսայի մէջ հիւրընկալելու հայ-թուրք պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբ` Հայոց ցեղասպանութեան պատմական ժամանակահատուածի ուսումնասիրման համար, կը գայթակղեցնէ մեզ եւ ամբողջ ֆրանսահայ համայնքը: Այս յայտարարութիւնը, որ ինքնին խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, անընդունելի է ու կը կրէ ուրացման եւ ժխտողականութեան սերմեր: Աւելի՛ն: Այս յայտարարութիւնը կը նսեմացնէ նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի Երեւանի մէջ վերջերս կատարած յայտարարութիւնը, որուն համաձայն` Անգարա պարտի ճանչնալ իր գործադրած ցեղասպանութիւնը: Ֆրանսայի իշխանութիւնները չեն կրնար միաժամանակ Անգարայէն պահանջել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու միւս կողմէ առաջարկել պատմաբաններու յանձնախումբ, որ պիտի վճռահատէ ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Այստեղ անընդունելի հակասութիւն գոյութիւն ունի ֆրանսական իշխանութեանց մօտ, որոնք յայտնապէս որոշած են երկու լարերու վրայ խաղալու քաղաքականութիւն որդեգրել: Այս հոլովոյթին ապացոյցը տրուեցաւ քանի մը առիթներով: Վերջինը, երբ Սարքոզի կը գտնուէր Երեւան, նոյն պահուն, նոյն թղթածրարին գծով Քլոտ Կէան կը փութար Անգարա: Նման լարախաղացութիւն չենք կրնար ընդունիլ ու կը պահանջենք հանրապետութեան նախագահէն` անմիջապէս սրբագրել Ժիւփէի յայտարարութիւնը եւ չեղեալ նկատել զայն, որովհետեւ ուղղակի կը հակասէ Երեւանի մէջ տրուած նախագահական խոստումին:
Ուրացման դէմ օրէնքի քննարկումն ու հաստատումը այսուհետեւ կը դառնայ անյետաձգելի` ծերակոյտի առաջին իսկ լիագումար նիստի օրակարգին վրայ: Նիքոլա Սարքոզի խոստացաւ զայն: Ան պարտի կատարել իր խոստումը անյապաղ:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
20 նոյեմբեր, 2011
Փարիզ