ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐ (ԳԱՀԻՐԷ) ԿԸ ՆՈՒԱՃԷ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԲԱԺԱԿԸ` ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵԼՈՎ ՀՄԸՄ ԱՐԱՐԱՏԸ 74-71 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ

ՀՄԸՄ Նուպար (Գահիրէ) յաջողեցաւ յետ երկարաձգման պարտութեան մատնել դաշտատէր ՀՄԸՄ Արարատը (Գահիրէ) 74-71 արդիւնքով եւ արժանանալ եգիպտահայ պասքեթպոլի ընթացիկ տարեշրջանի երկրորդ բաժակին:

Հիւրերը, որոնք նուաճած եղան իրենց տասներորդ անընդմէջ բաժակը, զօրաւոր մրցակցութեան հանդիպեցան դաշտին տէրերուն կողմէ, մրցումին սկիզբէն մինչեւ վերջ: Ա. քառորդախաղը աւարտեցաւ ի նպաստ դաշտին տէրերուն` 17-8 արդիւնքով, մինչդեռ հիւրերը յաղթական դուրս եկան բ. եւ գ. քառորդախաղերուն` 31-29 եւ 42-39 արդիւնքով: Իսկ դ. քառորդախաղի աւարտով արդիւնքը կը մնար 63-63:

ՀՄԸՄ Նուպար (Գահիրէ) մարզադաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով`  Հրազդան Գալընեան, Արամ Աբիկեան, Սիմոն Տէփոյեան, Մայք Նապիլ եւ Փիթըր Թերզեան, մինչդեռ ՀՄԸՄ Արարատի հիմնական հինգ մարզիկներն էին` Յակոբ Սայեան, Նորայր Մխտիկեան, Թոնի Միշել, Էտուար Միշել եւ Մարք Ուասեֆ:

ՀՄԸՄ Արարատ (Գահիրէ) աւարտական մրցումին հասած էր պարտութեան մատնելէ ետք Աղեքսանդրիոյ ՀՄԸՄ Կամքը 52-36 արդիւնքով, շաբաթ, 19 նոյեմբերին, մինչ Նուպար (Գահիրէ) չէզոքացուցած էր Ս. Թերեզան 86-44 արդիւնքով` հինգշաբթի, 17 նոյեմբերին:

Նուպարի (Գահիրէ) եւ Արարատի մարզիկները կը կազմեն հիմնական մարմինը գահիրէահայ պասքեթպոլի հաւաքականին, որ անցեալ օգոստոսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Համահայկական 5-րդ խաղերուն յաջողեցաւ 24 քաղաքներու մէջ գրաւել 6-րդ դիրքը` ոսկէ եւ արծաթէ մետալները զիջելով Լոս Անճելըս եւ Սոչի հայաշատ քաղաքներուն:

Աւարտական մրցումին ներկայ էին Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան, Գահիրէի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Մելքոնեան եւ Գահիրէի հոգեւոր հովիւ  Յակոբ Քհնյ. Յակոբեան: Աւարտական մրցումի բաժակը նուիրած էին Նայիրի, Նորա եւ Նորայր Մխտիկեաններ իրենց ողբացեալ հօր` Վահան Մխտիկեանի յիշատակին: Մրցաշարքին կը նախագահէին տէր եւ տիկին Վարդան Գազանճեան:

ՀՄԸՄ Նուպար (Գահիրէ), հիմնադրուած` 1958-ին, «ՀՄԸՄ» եւ «Նուպար» ակումբներու միացումով, Եգիպտոսի մէջ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ Եգիպտոս) մարզական մասնաճիւղն է, մինչդեռ ՀՄԸՄ Արարատ հիմնադրուած է 1914-ին Գահիրէի մէջ` իբրեւ «Արարատ» մարզական ակումբ եւ միացած համաշխարհային ՀՄԸՄ-ի (Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւն) ցանցին` 1946-ին:

ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏ

Աւարտական մրցումէն առաջ, ՀՄԸՄ Արարատի (Գահիրէ) անդամ Լեւոն Դելփեան հրաւիրեց ներկաները, որ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեն յիշատակը Գահիրէի Թեմական Ժողովի ատենապետ Անդրանիկ Մեսրոպեանի եւ Արարատի ու Յուսաբերի շրջանակի անդամ Վահան Մխտիկեանի:  Յանուն Արարատի վարչութեան կատարած իր ելոյթով Դելփեան յոյս յայտնեց, որ «Եգիպտոս շրջանցէ անկիւնադարձային այս դժուար շրջանը եւ երկրին մէջ տիրէ ապահովութիւն»: Ան յոյս յայտնեց նաեւ, որ եգիպտահայ գաղութը ըստ սովորութեան շարունակէ գործել միասնական եւ առողջ մթնոլորտի մէջ, օրինակ դառնալով բոլոր հայ գաղութներուն: Արարատի վարչութիւնը բարձր կը գնահատէ Գահիրէի Քաղաքական ժողովին խողովակով մարզական ակումբներուն նիւթական օգնութիւն տրամադրելը, ըսաւ ան: Դելփեան շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ բոլոր մարզական ակումբներուն, մարզիկներուն, մարզիչներուն, վարչական պատասխանատուներուն, բաժակներն ու մետալները նուիրողներուն եւ մրցաշարքի նախագահին ու բոլոր անոնց, որոնք տարբեր ձեւերով սատարեցին մրցաշարքի յաջողութեան: Ան վարչութեան անունով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ թեմիս առաջնորդ սրբազան հօր, ընդհանրապէս գաղութը միասնական պահելու իր իմաստուն եւ հետեւողական ճիգերուն համար:

Մրցաշարքի ծիրէն դուրս նախատեսուած էր մրցում Արարատի 12 տարեկանէն վար խումբին եւ տեղական Կեզիրա ակումբին միջեւ, սակայն մրցումը տեղի չունեցաւ «կամքէ անկախ պատճառներով», ըստ կազմակերպողներուն: Մրցումի բաժակը նուիրած էր Կարօ Ասատուրեան:

Եգիպտահայ պասքեթպոլի տարեշրջանի երրորդ մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 2-4 դեկտեմբեր ժամանակամիջոցին` Ս. Թերեզայի կազմակերպութեամբ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES