ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ՆՈԵԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՏԻՏՂՈՍԻՆ

Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց ախոյեան Նոել Քէշիշեան, որ մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ Պէյրութի, իր մասնակցութիւնը բերելով Կիպրոսի միջազգային մրցաշարքին (Լիբանանի հաւաքականին հետ), տիրացաւ աղջկանց անհատական տիտղոսին, աւարտականին 4-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք կիպրացի Ալֆաթերիա Փանայոթոյի: ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս կազմող այլ մարզիկ մը` Դուին Մունջողլեան, հանդիսացաւ երրորդ:

Նոել-Դուին զոյգը աղջկանց զոյգի մրցումներուն յաջողեցաւ հասնիլ աւարտական հանգրուան, սակայն հանդիսացաւ երկրորդ` 3-0 արդիւնքով պարտուելով Կիպրոսէն:

Ինչ կը վերաբերի տղոց մրցումներուն, Լիբանանէն Ռաշիտ Պըպպօ հանդիսացաւ երկրորդ, աւարտականին 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Կիպրոսի ախոյեան Մարիոս Եանկոյէն:

Կրտսերներու դասակարգին մէջ, Հապիպ Անթուն, պրոնզ մետալ մը ապահովեց Լիբանանի, պարտուելէ ետք տիտղոսին տիրացած կիպրացի Եանկօ Եանկոյէն (3-2):

Share this Article
CATEGORIES