ՄԱՄԼՈՅ 65-ՐԴ ԼՍԱՐԱՆ. ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՒՑԵՑ ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

(Լուսանկարը` Ալեքս Կիւրիւնեանի)

Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 23 նոյեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի մամլոյ 65-րդ լսարանը, որուն զեկուցաբերն էր Միհրան Քիւրտօղլեան: Անոր զեկուցումին նիւթն էր «Սփիւռքեան խնդիրներն ու արեւմտահայերէնի իրավիճակը»:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներուն Ժաք Յակոբեան, որ նշեց, թէ այս տարուան ընթացքին արեւմտահայերէնի հարցերը արծարծուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած համասփիւռքեան համագումարին, եւ այս խնդիրներուն մասին սփիւռքահայ մամուլը ունեցաւ լայն անդրադարձ: Ապա ան ներկայացուց օրուան զեկուցաբերը:

Միհրան Քիւրտօղլեան նախ եւ առաջ անդրադարձաւ սփիւռքի կազմութեան հոլովոյթներուն եւ հանգրուաններուն` նշելով, որ հայապահպանում, գոյապահպանում եւ ազգապահպանում եզրերը ստեղծուած են` հիմնուելով առկայ պահանջներուն վրայ:

Ան ըսաւ, որ սփիւռքը հայութեան աւելի քան երկու երրորդին համար երկիր է, եւ հայահաւաքը դրական ըլլալով հանդերձ գործնական առումով առարկայական չէ: Քիւրտօղլեան հաստատեց, որ սփիւռքը մեծ իրականութիւն է, եւ զայն պէտք է ընդունիլ իր առկայ վիճակին մէջ ու կատարել վերլուծումներ:

Զեկուցաբերը յայտնեց, որ սփիւռքահայերը ունին հոգեբանական միեւնոյն գիծը, որն է երկակենցաղ ըլլալու հոգեվիճակը: Ան հաստատեց, որ այսօր սփիւռքը վտանգուած է, սակայն աւելցուց, որ վտանգաւոր է շրջապատին մէջ խօսիլ վտանգին մասին: Ան ըսաւ, որ մեծագոյն վտանգը կորուստն է լեզուին, որուն պահպանման համար անընդունելիօրէն ցուցաբերուած է թափթփած մօտեցում:

Խօսելով սփիւռքահայ զանգուածի ճիւղաւորումներուն եւ դժուարութիւններուն մասին` Միհրան Քիւրտօղլեան յայտնեց, որ հայ լեզուի տարի հռչակելը միջոց չհանդիսացաւ հարցը մնայուն կերպով օրակարգի վրայ պահելու եւ ծրագիրներ մշակելու:

Ան հաստատեց, որ երկու ինքնութիւն ունենալը զիրար հարստացնող է, եթէ գոյութիւն ունի հաւասարակշռութիւն: Քիւրտօղլեան աւելցուց, որ այսօր սփիւռքը, Հայաստանի անկախացումէն ետք, նպատակ ճշդելու եւ այդ նպատակին հետեւելու խնդիր ունի: Քիւրտօղլեան իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով, որ Հայաստանը եւ սփիւռքը զիրար լրացնող մէկ ամբողջականութիւն կը կազմեն:

Զեկուցումէն ետք Քիւրտօղլեան լսեց ներկաներուն կարծիքները եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն: Զրոյցի ընթացքին խօսուեցաւ հայերէն դասագիրքերու, արտագաղթի, դպրոցներու դերակատարութեան, ազգային գիտակցութեան, լեզուի կարեւորութեան եւ այլ հարցերու մասին:

 

Share this Article
CATEGORIES