ԲԱԶՄԱՎԱՍՏԱԿ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏ ՄԱՐՏԻՐՈՍ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԻՍԱՆԴՐԻԻ ԲԱՑՈՒՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայր տաճարին, Լիբանանի խորհրդարանի շէնքին, խորհրդարանի դիմացի հրապարակի ժամացոյցին, Յոյն կաթողիկէ Ս. Պօղոս պազիլիքին-Հարիսա, Նահր Քելպի ժայռերուն վրայ յուշագրութեանց եւ բազմաթիւ ականաւոր շինութեանց շունչ փչած եւ կեանք տուած ճարտարապետ Մարտիրոս Ալթունեան ի պատուի էր երէկ` չորեքշաբթի, 23 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի «Իսամ Ֆարես» հանդիսասրահին մէջ կայացած հանդիսութեամբ եւ համալսարանի մուտքին տեղադրուած անոր կիսանդրիի բացումով:

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի եւ «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի միացեալ նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած այս ձեռնարկին իշխանութեան երեք պետերը կը ներկայացնէր Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Նատա Սաատ-Սապըր

Լիբանանի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Նատա Սաատ-Սապըր, որ անդրադարձաւ համալսարանին մէջ նշանաւոր եւ արժանաւոր անձերու կիսանդրիներու զետեղման, որ կը նպատակադրէ անմահացնել այն անձերը, որոնք Լիբանանի համար մեծ ներդրում եւ դերակատարութիւն ունեցան: Ան նշեց, որ Լիբանան ծնունդ տուած է մեծ թիւով տաղանդներու, որոնց կարգին է ճարտարապետ Մարտիրոս Ալթունեան, որ իր կարգին Լիբանանի մէջ կերտած է այնպիսի կառոյցներ, որոնք իւրայատուկ են իրենց գեղեցկութեամբ եւ խորհրդաւորութեամբ:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որ կ՛անդրադառնար Մ. Ալթունեանի կեանքին, գործունէութեան, Լիբանանի մէջ թէ անկէ դուրս հեղինակած հրաշալի կոթողներուն:

Սուհէյլ Մաթար

Անկէ ետք խօսք առաւ «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի փոխտնօրէն Սուհէյլ Մաթար, որ ողջունեց այս հանդիսութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ իր արուեստով լիբանանեան ընկերութեան վերադարձող Մարտիրոս Ալթունեանը` դիտել տալով, որ մարդիկ կրնան մահանալ, սակայն անոնց արուեստը կը մնայ ու կ՛ապրեցնէ զանոնք: Ըստ անոր, այս մեծերուն կարգին է Մարտիրոս Ալթունեան, որ Լիբանանի մէջ իր կատարած աշխատանքով հպարտ այսօր «կը կանգնի» համալսարանին մէջ տեղ գտած ուրիշ մեծերու կողքին: Ս. Մաթար ցաւով անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ հակառակ իր գործերուն այնքան ճանչցուած ըլլալուն, Մ. Ալթունեանի անուան շատ քիչեր ծանօթ են` այս առիթով երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ճամբով խորհրդարանի նախագահին կոչ ուղղելով` խորհրդարանը կառուցած ճարտարապետին յիշատակը անմահացնելու նպատակով յուշատախտակ մը կանգնեցնելու կամ փողոց մը իր անունով կոչելու:

Իր խօսքի աւարտին ան անդրադարձաւ Ալթունեանի գործերուն անմահ ըլլալուն` դիտել տալով, որ Լիբանան հանճարներու երկիր է, ուստի պէտք է ապագայ սերունդներուն աւանդը փոխանցել, որպէսզի անկէ դասեր քաղեն:

Հայր Ուալիտ Մուսա

Ապա խօսք առաւ համալսարանի նախագահ հայր Ուալիտ Մուսա, որ յատուկ կերպով անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի հզօրութեան, անոր քաղաքակիրթ դերակատարութեան, ընտիր զաւակներուն եւ կարողականութեան` շրջանցելու ամէն տեսակի դժուարութիւն, նոյնիսկ սպանդ եւ ցեղասպանութիւն: Անոր համաձայն, Մարտիրոս Ալթունեան օրինակ մըն է այս ժողովուրդէն, որուն դէմ դաւեր հիւսեցին պայմանները, պետութիւններն ու դէպքերը, բայց եւ այնպէս ան իր արիւնը թափեց իր գաղափարներուն ու սկզբունքներուն համար` միշտ յաղթելով անարդարութեան եւ բռնատիրութեան: «Անկեղծօրէն կ՛ըսեմ, մենք մեր հայ եղբայրներուն պարտական ենք բազում նուաճումներ, նոյնիսկ կարելի է ըսել, թէ անոնք են, որոնք օժանդակեցին, պայքարեցան եւ ժրաջանօրէն գործեցին լիբանանեան տնտեսութեան եւ արուեստի կերտման համար», հաստատեց հայր Ուալիտ Մուսա: Ան աւելցուց, որ համալսարանը հպարտ է իր հայ ուսանողներով, դասախօսներով եւ պաշտօնեաներով, որովհետեւ անոնք օժտուած են ծառայասիրութեան ու նուիրումի ոգիով: Այս հպարտութեամբ է, որ բացումը կը կատարուի Մարտիրոս Ալթունեանի կիսանդրիին, նշեց համալսարանի նախագահը` աւելցնելով, որ թէեւ ժամանակը անտեսեց մեծ արուեստագէտ-ճարտարապետը, սակայն քաղաքակրթութիւնը չի կրնար մոռնալ զայն: Համալսարանին մէջ ուրիշ մեծերու կարգին անոր կիսանդրիի կանգնեցման ակնարկելով` հայր Ու. Մուսա նշեց, որ լիբանանեան, քրիստոնէական քաղաքակրթութեան կերտման մէջ իր ուրոյն դրոշմը ունեցած Ալթունեանի նկատմամբ յարգանք ու գնահատանք է այդ քայլը` իբրեւ երախտագիտութիւն իր բազմաթիւ ստեղծագործութիւններուն:

Էլի Պսայպես

Լիբանանի ճարտարապետներու սենտիքայի նախագահ Էլի Պսայպես անդրադարձաւ այն կառոյցներուն, որոնք կը կրեն Մարտիրոս Ալթունեանի ստորագրութիւնն ու տաղանդին ընդմէջէն ցոլացող գեղեցկութիւնը: Անոր համաձայն, այդ կառոյցներուն ընդմէջէն Ալթունեան կը հանդիսանայ Լիբանանի պատմութեան մէկ անբաժանելի տարրը, որ որքան ալ մութի մէջ մնայ, անպայման օրը կու գայ լուսաւորուելու եւ արժեւորուելու: Է. Պսայպես նշեց, որ իր աշխատանքներով լիբանանահայ ճարտարապետը դարձած է նուաճումներու տէր եւ ապագայ սերունդին կտակած է արժէքաւոր եւ խորհրդանշական ժառանգ` աւելցնելով, որ Ալթունեան լիբանանեան դրոշմով կրցաւ կերտել եւ գեղեցկացնել:

Իր խօսքի աւարտին ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ աւանդական կառոյցներու պահպանման անհրաժեշտութեան` դիտել տալով, որ այսօրուան պատասխանատուներուն ճիտին պարտքն է տէր կանգնիլ այդ արժէքներուն եւ զանոնք փոխանցել յառաջիկայ սերունդներուն:

Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին Կարինէ Կիրակոսեան դաշնակի եւ Աշոտ Ճենտերեճեան ջութակի վրայ:

Գեղամ արք. Խաչերեան

Աւարտին խօսք առաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ նախաձեռնութիւնը նկատեց ողջունելի, հաւատարմութեան ամրագրումը յուշող, ապագայ սերունդներուն դիմաց կենդանի վկայութիւններ ու տիպարներ կանգնեցնող: Ան նկատել տուաւ, որ Մարտիրոս Ալթունեան իր ազդու դերակատարութիւնը ունեցաւ` Լիբանանի պատմութեան ամէնէն զգայուն հանգրուանին մեծ նուաճումներ արձանագրելով, քարեղէնին մէջ գեղեցկութիւն սերմանելով, քարերուն շունչ ու ոգի տալով:

Գեղամ արք. Խաչերեան դիտել տուաւ, որ թէեւ Մ. Ալթունեան բարեկամը եղաւ անկախութիւն կերտած անձնաւորութիւններու, սակայն անոր անունը մնաց փոշիներուն տակ, մոռացութեան գիրկը, իր աշխատանքներուն վկայող ոչ մէկ յստակ փաստ ու ցուցանիշ զետեղուեցաւ, նոյնիսկ խորհրդարանի անդամները յաճախ չեն գիտեր, թէ խորհրդարանի ճարտարապետը ո՛վ է: Այս առիթով ան ողջունեց քանդակագործ Մկրտիչ Մազմանեանը, որ իր սիրայօժար կերպով ստեղծագործած կիսանդրիով «կեանք տուաւ» Ալթունեանին, որուն դէմքին իւրաքանչիւր մանրամասնութիւնը եւ արտայայտութիւնը պահուեցան ամենայն հարազատութեամբ: Իր խօսքը աւարտելով` առաջնորդ սրբազանը գնահատեց համալսարանը, որ քարին ընդմէջէն փաստեց մեծերուն անմահութիւնը:

Ապա համալսարանի մուտքին տեղի ունեցաւ Մարտիրոս Ալթունեանի կիսանդրիի բացումը:

 

Share this Article
CATEGORIES