ՈՉ ԵՒՍ Է ՓՐՈՖ. ՀՐԱՆԴ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Հրանդ Յակոբեան

Երէկ` չորեքշաբթի, 23 նոյեմբերին, 84 տարեկանին մահացաւ Գաւառի պետական համալսարանի խորհուրդի նախագահ, փիլիսոփայական գիտութիւններու դոկտոր, Հայաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչ, դասախօս Հրանդ Յակոբեանը` Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հայրը:

Հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 24 նոյեմբերին, Երեւանի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ:

Հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 25 նոյեմբերին, Գաւառի պետական համալսարանին մէջ:

Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Գաւառ քաղաքին մէջ:

Հրանդ Յակոբեան ծնած է 17 դեկտեմբեր 1927-ին, Նոր Պայազետի շրջանի Սարուխան գիւղին մէջ` արհեստաւորի ընտանիքին մէջ:

1990 թուականին Հրանդ Յակոբեան կը պաշտպանէ դոկտորական ատենախօսութիւնը` ստանալով փիլիսոփայական գիտութիւններու դոկտորի գիտական աստիճան: Ատենախօսութիւնը նուիրուած էր վիպասան Ռաֆֆիի պատմական-փիլիսոփայական հայեացքներու վերլուծութեան եւ գիտական արժեւորման: 1991-ին Հրանդ Յակոբեանին շնորհուեցաւ մասնագէտի կոչում:

Ան աշխուժ մասնակցութիւն կ՛ունենայ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ Աստուածաբանութեան բաժանմունքի բացման, ուր շուրջ տասնամեակ մը կը ղեկավարէ «Կրօնագիտութեան ամպիոնը»:

2010-ին Հայաստանի նախագահին կողմէ արժանացած է գիտութեան վաստակաւոր գործիչի կոչման: Ան պարգեւատրուած է նաեւ մեծ մարդասէր Ֆրիտիոֆ Նանսենի անուան ոսկիէ մետալով, Երեւանի պետական համալսարանի ոսկիէ մետալով, բազմաթիւ այլ պարգեւներով, պատուոյ գիրերով եւ յուշամետալներով:

«Ազդակ»ի խմբագրութիւնը խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ Յակոբեան ընտանիքին եւ նախարար Հրանուշ Յակոբեանին:

 

Share this Article
CATEGORIES