ՌԻԱՏԻ ՄԷՋ ԵՄԷՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆ ՈՒ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ ԾՈՑԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ

Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ եւ ընդդիմութեան ղեկավարները Ռիատի մէջ ստորագրեցին Եմէնի մէջ իշխանութեան փոխանցման արաբական նախաձեռնութիւնը եւ զայն գործադրելու մեքանիզմը` ներկայութեամբ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին:

Ապտալլա թագաւոր յայտարարեց, որ Եմէնի պատմութեան մէջ նոր էջ մը կը բացուի` բոլոր կողմերուն կոչ ուղղելով արդարութեան կառչելու եւ պառակտումն ու հակադրութիւնը մերժելու:

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ապտել Լաթիֆ Զայեանի իր կարգին դրուատեց Եմէնի տագնապը լուծելու համար Ապտալլա թագաւորին թափած ջանքերը` նշելով, որ ծոցի երկիրներու ղեկավարներուն ջանքերը կը բխէին արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու եւ Եմէնի մէջ կայունութիւնը պահպանելու նախանձախնդրութենէն:

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնեց, որ նախագահ Սալեհ իր դարմանումը շարունակելու համար Նիւ Եորք պիտի մեկնի:

Share this Article
CATEGORIES