ԹԱՀՐԻՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ 5-ՐԴ ՕՐՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

Հազարաւոր եգիպտացիներ կը շարունակեն Թահրիր հրապարակին վրայ բողոքի ցոյց կատարել, հակառակ անոր որ Եգիպտոսի Զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդը խոստացած է հանրաքուէի միջոցով իշխանութիւնը փոխանցել քաղաքացիական հասարակութեան:

Զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդի ղեկավար զօր. Մոհամետ Հիւսէյն Թանթաուի յայտարարած էր, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 28 նոյեմբերին, իսկ նախագահական ընտրութիւնները` յուլիս 2012-ին:

Գահիրէի մէջ բանակին իշխանութենէն հեռացումը պահանջող ցուցարարներու եւ ապահովական ուժերու միջեւ բախումները երէկ 5-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցան: Ըստ Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարարութեան, բախումներուն ընթացքին արձանագրուած է 32 զոհ եւ 690 վիրաւոր:

ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց գործակալութեան յանձնակատար Նաւի Պիլայ եգիպտական իշխանութիւններէն պահանջեց ցուցարարներուն դէմ «ուժի չափազանցուած գործածութենէն դադրիլ» եւ անոնց շարքերուն մէջ անոնց սպանութեանց շուրջ «անկողմնակալ եւ անկախ հետաքննութիւն» կատարել:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յոյս յայտնեց, որ «Եգիպտոսի մէջ կարելի եղածին չափ շուտ խորհրդարանական եւ ժողովրդավարական վարչակարգ մը հաստատուի»: Ան իր գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Անգարայի մէջ գումարած ժողովին ընթացքին ըսաւ, որ «Թուրքիա մօտէն կը հետեւի վերջին զարգացումներուն Գահիրէի Թահրիր հրապարակին, որ վարչապետ Իսամ Շարաֆի հրաժարելէն ետք դարձեալ ցոյցերու թատերաբեմի վերածուած է»:

Ան ընդգծեց, որ «Թուրքիա Եգիպտոսի մէջ առանց ուշացումի խորհրդարանական, ժողովրդավար եւ հաստատութենական վարչակազմ մը կ՛ուզէ` ճիշդ ինչպէս մեր եղբայրներն ու քոյրերը» (Թահրիրի վրայ ցոյց կատարող եգիպտացիները. «Ա.»):

Եգիպտոսի նախագահութեան հաւանական թեկնածուներէն Մոհամետ Պարատէի, որուն անունը շրջանառութեան մէջ դրուած է նաեւ իբրեւ կազմուելիք ազգային փրկութեան կառավարութեան վարչապետ, յայտնեց, որ մարդիկ Գահիրէի Թահրիր հրապարակին վրայ հրացանաձգութեան եւ ջիղերը ջլատող կազերու արձակման կ՛ենթարկուին` պահանջելով դադրեցնել «քստմնելի ջարդը»:

Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդի ղեկավար Թանթաուիի ուղղած պատկերասփռուած ուղերձին շուրջ մեկնաբանութիւնները երէկ եւս շարունակուեցան: Նախագահութեան հաւանական թեկնածու Այման Նուր յայտնեց, որ Հիւսնի Մուպարաքի տապալումէն ի վեր երկրին իշխող Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդի ուղերձը «Մուպարաքի ուղերձներուն կրկնօրինակն էր»` աւելցնելով, որ իր գլխաւորած «Յեղափոխութեան վաղորդայն» կուսակցութիւնը որոշած է չմասնակցիլ ազգային փրկութեան կառավարութեան, եւ ինք այդ կառավարութեան գլխաւորման համար կը զօրակցի տեղեկատուութեան նախկին նախարար Մանսուր Հասանի կամ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան նախկին ղեկավար Մոհամետ Պարատէիի թեկնածութեան:

Ան նշեց, որ նախկին վարչապետ Իսամ Շարաֆի կառավարութիւնը լուծարելը անիմաստ է, «որովհետեւ ան Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդի պատուոյ հիւրն էր կամ քարտուղարը եւ ոչ թէ վարչապետ»: Ան ըսաւ, որ ցուցարարները կը սպասէին, որ առնուազն Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդը ընդլայնուելով անոր մաս կազմէին քաղաքայիններ:

Եգիպտական յեղափոխութեան երիտասարդներու համախմբումի անդամ Խալետ Սայետ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Թանթաուիի ուղերձը մերժելի է եւ Մուպարաքի ուղերձները կը յիշեցնէ, որովհետեւ Թահրիր հրապարակին վրայ գտնուողներուն նուազագոյն պահանջներուն իսկ չընդառաջեց: Ան նշեց, որ ցուցարարներուն պահանջներն են` Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդին իշխանութենէն անմիջական հեռացումը, կազմութիւնը բացարձակ իշխանութեան տէր կառավարութեան մը, որ երկիրը կը կառավարէ մինչեւ խորհրդարանի եւ նոր նախագահի ընտրութիւն, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց նախարար Մանսուր Իսաուին եւ զինուորական ոստիկանութեան հրամանատար գնդ.Համտի Պատինը դատել: Ան նշեց, որ երիտասարդներու համախմբումը կոչ պիտի ուղղէ` յառաջիկայ ուրբաթ օր եւս բազմամարդ ցոյց կատարելու: «6 Ապրիլ» շարժումի գործավար Թարեք Խաուլի «Պաուապեթ Ուաֆտ»ի յայտնեց, որ ազգային փրկութեան կառավարութիւնը պէտք է խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ կազմուի, իսկ նստացոյցը պիտի շարունակուի մինչեւ որ բոլոր պահանջները բաւարարուին:

Իսլամ եղբայրներ կազմակերպութեան պաշտօնական բանբեր Մահմուտ Ղըզլան «Պաուապեթ Ուաֆտ»ին յայտնեց, որ Թանթաուիի ուղերձը դրական նկատեց, սակայն ամբողջացման կարօտող: Ան նշեց, որ Թանթաուի անտեսեց շատ կարեւոր հարց մը` նահատակները, անոնց ընտանիքներուն հատուցումը եւ դէպքերուն պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչելը: Ինչ կը վերաբերի փոխանցման հանգրուանին Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդին իշխանութեան վրայ մնալու հարցին շուրջ հանրաքուէ կատարելու Թանթաուիի առաջարկին, ան նշեց, որ խորհուրդը երբեք այդ քայլին պիտի չդիմէ, իսկ այդ յայտարարութիւնը նստացոյց կատարողներուն վրայ ճնշում բանեցնելու համար էր:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES